Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ Եւ Յուզմունքով Ականատես Դարձաւ Հայորդիներուն Կրած Վնասներուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ Եւ Յուզմունքով Ականատես Դարձաւ Հայորդիներուն Կրած Վնասներուն

Պէյրութը ցնցած հսկայական պայթումէն անմիջապէս ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պուրճ Համուտի հայահոծ  թաղերը եւ անձամբ ստուգեց հայորդիներուն կրած նիւթական ահաւոր վնասները: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Խաչերեան, Բենիամին Պչաքճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ: Վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ իր...

«Շաղզոյեան» Կեդրոնը Ծանր Վնասներու Ենթարկուեցաւ

«Շաղզոյեան» Կեդրոնը Ծանր Վնասներու Ենթարկուեցաւ

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ Երէկուան հսկայական պայթումին պատճառով «Շաղզոյեան» կեդրոնը, անոր մէջ գործող զանազան կառոյցներու գրասենեակները եւ բաժանմունքները նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուեցան: Գրեթէ բոլոր գրասենեակներուն դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները փշրուեցան, մեծ վնասներ կրեցին ՀՅԴ Բիւրոյի, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակները եւ ժողովասրահները: «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ աւերը աննախընթաց է` ո՛չ միայն պատուհաններու ապակիներուն փշրուելուն...

Պէյրութի Մէջ Պատահած Պայթումին Պատճառով Նաեւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանը Կրեց Նիւթական Վնասներ

Երէկ Յետմիջօրէին Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Պատահած Հսկայ Պայթումին Պատճառով Անթիլիասի Մայրավանքը Եւս Կրեց Նիւթական Մեծ Վնասներ: Այսպէս, Վնասուեցան Մայր Տաճարի Դռները, Ջահերը, Պատուհանները, Նոյնպէս` Վեհարանին, Հայագիտական Ու Մանկավարժական Կեդրոններուն, Ինչպէս Նաեւ «Կիլիկիա» Թանգարանին Մէջ Վնասներ Արձանագրուեցան:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնը Վիրաւորներ Ընդունեց

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնը Վիրաւորներ Ընդունեց

Հիւանդանոցներու գերխճողուածութեան պատճառով, մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, երէկ վիրաւորուած հայորդիները ուղղուեցան ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր ենթարկուեցան համապատասխան դարմանումներուն:

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Հաղորդագրութիւն. ՀՀ ԿԳՄՄ Նախարարութեան Ներկայացուցած Կրթութեան Չափորոշիչներու Նախագիծին Մասին

Ամիսներէ ի վեր, ամբողջ աշխարհը մխրճուած է խորունկ ճգնաժամի մէջ, իսկ համահայկական հասարակութիւնը ա՛լ աւելի: Սփիւռքահայութեան միջինարեւելեան գաղութները գոյատեւման պայքար կը տանին, իսկ մնացեալ գաղութները լծուած են անոնց օժանդակութեան հասնելու աշխատանքին: Այս արդէն ցաւալի վիճակին բարդուեցաւ թագաժահրի համավարակը, որ փաստօրէն ամլացուց մարդկութեան` եւ ի մասնաւորի հայկական գաղութներու բնականոն գործունէութիւնը: Միւս կողմէ, թագաժահրէն ուժեղ կերպով ցնցուած մեր հայրենիքին մէջ տեղի կ’ունենան...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ լուսաբանութիւններ տուաւ աղբերու հարցին մասին: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ. Վերջին ժամանակաշրջանին բազմաթիւ շրջաններու մէջ, ներառեալ Պուրճ Համուտի մէջ վատթարացաւ աղբերու կուտակման երեւոյթը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս առնչութեամբ ստացաւ բազմաթիւ դիմումներ ու գանգատներ: Այս ծիրին մէջ պէտք է յստակացնել հետեւեալը. Ա.- Փողոցները աւլելու եւ աղբը հաւաքելու պարտականութիւնը կառավարութեան որոշումով եւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի...

Տեղի Ունեցաւ Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Տարածաշրջանային Առաջին Առցանց Խորհրդակցութիւնը

Տեղի Ունեցաւ Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Տարածաշրջանային Առաջին Առցանց Խորհրդակցութիւնը

Նախաձեռնութեամբ Լրատուամիջոցներու համաժողովները համակարգող խորհուրդին, հինգշաբթի, 30 յուլիսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու տնօրէններու եւ խմբագիրներու տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստը: Նիստին մասնակցեցան Համակարգող խորհուրդի Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի անդամները, Հայաստանի վարչապետի մամլոյ բանբերը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Լիբանանի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Պոլսոյ մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուները: Աւելի քան երկու...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

ԿՈՉ

Վերջերս աճ կ’արձանագրէ «Քորոնա» ժահրի վարակակիրներու թիւը, որուն զուգահեռ, նկատելի է կանխազգուշացման միջոցառումներու եւ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու գծով յանձնառութեան նուազումը: Պահպանելով հանդերձ մեր բնակչութեան գիտակցութեան եւ մարդկային ու բարոյական արժէքներուն նկատմամբ մեր վստահութիւնը, հարկ կը գտնենք թափ տալ անպատասխանատու կամ անուշադիր փոքրամասնութիւնը զգաստութեան հրաւիրելու արշաւին: Այս նպատակով, ամբողջապէս յանձնառու մնալով ընդհանուր զօրաշարժին վերաբերող որոշումներուն, որոնք տրուած են կառավարութեան եւ ներքին...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Լուսաբանութիւնը` Ելեկտրածին Շարժակներու Սակացոյցի Յաւելումին Մասին

Ելեկտրածին շարժակին յուլիս 2020-ին սակացոյցին մասին 30 յուլիս 2020-ին լոյս տեսած յայտարարութեան լոյսին տակ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը սոյն յայտարարութեամբ շրջանի բնակչութեան կը ներկայացնէ յունիսէն յուլիս 2020-ին արձանագրած յաւելումին պատճառները: Արդարեւ, Ա. Ելեկտրածին շարժակներու սակերը կը ճշդէ ուժանիւթի եւ ջուրի նախարարութիւնը, որ յունիս 2020-ին որոշած էր 498 լիբ. ոսկի հաշուել իւրաքանչիւր մէկ քիլովաթ/ժամը, մինչ յուլիս 2020-ին, այդ սակը բարձրացուց 591 լիբ....

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2020 Յուլիս Ամսուան Ամփերի Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած յուլիս ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդած 591 լիբ. ոսկի սակին վրայ, կը յայտարարենք. Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2020 յուլիս ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.- * Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 45 հազար լ. ո. (քառասունհինգ հազար լիբ. ոսկի): *...

Զօրակցութիւն՝ Հայկական Բանակին Կիպրոսի Մէջ

Զօրակցութիւն՝ Հայկական Բանակին Կիպրոսի Մէջ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29-ի առտուան ժամը 10:00-ին, Կիպրոսի Լրագրողներու տան մէջ, նախաձեռնութեամբ Կիպրոսի մէջ գործող Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միաւորներուն, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, տեղական մամուլին եւ հեռատեսիլի կայաններու թղթակիցներուն պարզաբանելու համար հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին երկու շաբթուան ռազմական գործողութիւնները: Մամլոյ ասուլիսին Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Գէորգ Զէյթունցեանը ներկայացուց երեք աւանդական կուսակցութիւններուն պաշտօնական յայտարարութիւնը, ուր ի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի  Առաջնորդ Սրբազանն Ու Ազգային Իշխանութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանն Ու Ազգային Իշխանութիւնը

Ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-ին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանը եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները: Առաջնորդ սրբազանը թեմին անունով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ առաջնորդ ընտրութեան առիթով իրեն շնորհած էր արքութեան տիտղոսը: Ապա, սրբազանը ներկայացուց թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններն...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն

Ստանալէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին վաւերացման պաշտօնագիրը, հինգշաբթի, 30 յուլիս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, նորընտիր Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը անջատաբար գումարեցին իրենց անդրանիկ նիստերը, որոնց ընթացքին կազմեցին դիւանները` հետեւեալ դասաւորումով.- Կրօնական Ժողով Ատենապետ                         Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Սարգիսեան Ատենադիր               Արժ. Տ. Մկրտիչ Ա. Քհն. Քէշիշեան Խորհրդականներ    Արժ....

«Հաւաքական Ճիգով Պիտի Յաղթահարենք Ճգնաժամը», Հաստատեց Շահէ Արք․ Փանոսեան՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ Հանդիպումին

«Հաւաքական Ճիգով Պիտի Յաղթահարենք Ճգնաժամը», Հաստատեց Շահէ Արք․ Փանոսեան՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ Հանդիպումին

Հինգշաբթի, 30 յուլիսին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հայոց թեմի նորըտնիր առաջնորդ Շահէ արք․ Փանոսեանին եւ այս առիթով նաեւ շնորհաւորեց զայն՝ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ շնորհուած արքութեան տիտղոսին համար։ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը միաձայնութեամբ իր վստահութեան քուէն սրբազան հօր տուաւ՝ ի մտի ունենալով լիբանանահայ համայնքի մէջ անոր ունեցած հինգ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ցուցմունքով ու պետականօրէն թելադրուած նոր որոշումներու լոյսին տակ, այսու կը տեղեկացնենք, որ հաւատացեալ մեր ժողովուրդը «Քորոնա» համաճարակի սաստկացող վտանգներէն պաշտպանելու դիտաւորութեամբ, կիրակի, 2 օգոստոս 2020-ին եւ կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին,  Անթիլիասի մայր տաճարին ու Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի արարողութիւնները պիտի կատարուին համարեա առանց ժողովուրդի ներկայութեան ու կրճատուած թիւով դպիր-դպրուհիներու մասնակցութեամբ։ Այս առիթով...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի  Յատկացումները Այնճարի Դպրոցներուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Յատկացումները Այնճարի Դպրոցներուն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ազգօգուտ գործունէութիւնը, որ յաջողած է իր հովանին տարածել ամէն տեղ, ուր կարօտեալ հայ եւ կամ հայկական շունչով ազգային հաստատութիւն կայ, անվերապահօրէն կրցած է հասնիլ հոն, ուր ազգային գիտակցութիւնն ու յանձնառու պատասխանատուութիւնը կանչած են զինք: Երէկ, չորեքշաբթի, 29 յուլիս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին Այնճար քաղաքապետարանի շէնքը ազգային միասնականութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութեան ժամադրավայրն էր: Արդարեւ, հոն այցելեց պատկառելի...

«Առցանց Թէ Ֆիզիքական Ներկայութեամբ  Ստեղծել Միջավայրեր, Ուր Արեւմտահայերէնը  Կը Գործածուի Ինքնաբերաբար»  Հաստատեց Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան

«Առցանց Թէ Ֆիզիքական Ներկայութեամբ Ստեղծել Միջավայրեր, Ուր Արեւմտահայերէնը Կը Գործածուի Ինքնաբերաբար» Հաստատեց Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան

«Ազդակ»-ի 14-րդ Առցանց Լսարան «Ազդակ»-ի 14-րդ առցանց լսարանի զեկուցողն էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որ զեկուցեց «Արեւմտահայերէնի աշխատանքները եւ Լիբանանի ռազմավարութիւնը. սկզբունքներ, ծրագիրներ եւ մանկավարժական մօտեցումներ» նիւթին մասին: Զեկուցումը կը բաղկանար երեք մասէ: Սկզբունքներ գլխուն տակ դասախօսը  խօսեցաւ աշխատանքներու ազդեցիկ ըլլալու հրամայականին, հայերէնի եւ հայեցիի տարբերութեան, արեւմտահայերէնը մայրենի կամ երկրորդական լեզու դասելուն, համասփիւռքեան մօտեցումի անկարելիութեան,...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ ծրագիրը: Համազգայինը ուրախութեամբ կը ներկայացնէ «Փեթակ» ծրագիրը՝ 8-14 տարեկան պատանիներու համար: Անիկա բաղկացած պիտի ըլլայ երեք աշխատանոցներէ՝ արուեստ, գիտութիւն եւ լրագրութիւն ուղղութիւններով, իսկ իւրաքանչիւրի պարագային պատանիներուն հետ պիտի աշխատին համապատասխան մասնագէտներ՝ սփիւռքէն: Դասընթացքները տեղի պիտի ունենան արեւմտահայերէնով՝ առիթ տալով պատանիներուն սորվելու նաեւ արեւմտահայերէն, առցանց կապի մէջ մտնելու սփիւռքի իրենց հասակակիցներուն հետ: Դասընթացքի...

«Հերոսութիւն Չէ Արհամարհել Այս Համաճարակը. Ձեզի Եւ Ձեր Շրջապատին Համար Զգո՛ւշ Եղէք».  Յակոբ Բագրատունիի Կոչը` Լիբանանահայութեան

«Հերոսութիւն Չէ Արհամարհել Այս Համաճարակը. Ձեզի Եւ Ձեր Շրջապատին Համար Զգո՛ւշ Եղէք». Յակոբ Բագրատունիի Կոչը` Լիբանանահայութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յատուկ եւ սրտագին խնդրանքով դիմեց լիբանանահայութեան` դիտել տալով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը վտանգաւոր բնոյթ ստացած է Լիբանանի մէջ, եւ օրէ օր կը բազմանան վարակուողներուն թիւերը: «Հետեւաբար, իմ բոլոր քոյրերէս ու եղբայրներէս, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներէն խնդրելով կը խնդրենք, խնդրելով կը պահանջենք, որ զգուշ ըլլան: Մի՛ արհամարհէք այս համաճարակը, այս ժահրով վարակուիլը ամօթ չէ,...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Պաշտպանեցէ՛ք Դուք Ձեզ «Քորոնա»-յին Դէմ

«Քորոնա» ժահրի վարակման ընթացքը վտանգաւոր բնոյթ ստացած է: Զգո՛ւշ եղէք: Մի՛ արհամարհէք վտանգը: Յարգեցէ՛ք միջոցառումները: Մի՛ մոռնաք գործածել դիմակը: Հեռաւորութիւնը պահեցէ՛ք, գործածեցէ՛ք հականեխման դեղեր:

Page 160 of 365 1 … 159 160 161 … 365

Արխիւներ