Գաղութային

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ  Մարզական-Սկաուտական Երիտասարդական Կառոյցներու  Պետական Հաստատութեան Անդամ

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Մարզական-Սկաուտական Երիտասարդական Կառոյցներու Պետական Հաստատութեան Անդամ

Լիբանանի կառավարութիւնը 2 ապրիլ 2026-ին վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովին նշանակեց Մարզական-սկաուտական-երիտասարդական կառոյցներու պետական հաստատութեան անդամները, որոնց շարքին` ՀՅԴ-ի թեկնածու Վաչէ Նաճարեան: Վաչէ Նաճարեան իր Ճարտարագիտութեան պսակաւոր արուեստից վկայականը (BE) ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն` մեքենագիտական ճարտարագիտութեան մասնագիտութեամբ, իսկ Ճարտարագիտական կառավարման մագիստրոսի վկայականը (MEM)` նոյնպէս Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն: Ներկայիս կը հետեւի Գործարարութիւն կառավարման դոկտորականի (DBA) ծրագիրին` Սան Ֆրանսիսքոյի Կոլտըն Կէյթ...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Յարգանքի  Տուրք Կը Մատուցէ Փիեռ Մուաուատին

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւնը Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցէ Փիեռ Մուաուատին

Երէկ` երեքշաբթի, 7 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Այն Սաատէի վրայ իսրայէլեան օդուժի յարձակումին զոհ դարձած Փիեռ Մուաուատի եւ անոր կնոջ` Ֆլաւիայի յուղարկաւորութիւնը: Թաղման բազմամարդ թափօրը անցաւ Պուրճ Համուտի Արմենիա պողոտային` յուզումի եւ ցասումի մթնոլորտի մէջ: Թափօրին անցած ժամանակ շրջանին մէջ խանութները եւ հաստատութիւնները իբրեւ սուգի արտայայտութիւն փակ մնացին: Երբ յուղարկաւորութեան թափօրը հասաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը` գլխաւորութեամբ քաղաքապետ...

Հայ Եկեղեցին Տօնախմբեց Տեառն Մերոյ  Յիսուսի Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը

Հայ Եկեղեցին Տօնախմբեց Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը

Մեր Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ սուրբ Յարութեան տօնը հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ նշուեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին: Պատարագեց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայրապետական իր պատգամը յղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Անոր առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ...

Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 5 ապրիլ 2026-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութեամբ մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մէջ կը գործեն պահպանելու համար համայնական մեր կեանքի ամրութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ բոլորս...

Երեսփոխանական Գրասենեակ.  Անցնող Եռամսեակին 726 Դիմումի Ընդառաջում  Եւ 6.829.000.000 Լ. Ո.-ի Օժանդակութիւն

Երեսփոխանական Գրասենեակ. Անցնող Եռամսեակին 726 Դիմումի Ընդառաջում Եւ 6.829.000.000 Լ. Ո.-ի Օժանդակութիւն

2026 թուականի յունուար, փետրուար եւ մարտ ամիսներուն Երեսփոխանական գրասենեակ տարբեր հարցերով դիմում կատարած են 761 պարագաներ, որոնցմէ 726 պարագայի դիմումներուն ընդառաջում կատարուած է: Այս ընդհանուր թիւին 578 դիմումին եղած են նիւթական յատկացումներ ընկերային, կենցաղային, դեղորայքի եւ հիւանդանոցային կարիքներու համար: 578 պարագայի յատկացուած է 6.829.000.000 լ. ո. (վեց միլիառ ութը հարիւր քսանինը միլիոն լիբանանեան ոսկի): Իսկ 148 պարագայի կապակցութեամբ պետական, կրթական,...

Աւագ Շաբաթը Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Աւագ Շաբաթը Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

- Աւագ շաբաթ, 4 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կատարուեցաւ Սուրբ Յարութեան տօնի Ճրագալոյցի եկեղեցական արարողութիւնը: Մարգարէական ընթերցուածներէն ետք մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի սուրբ պատարագը` «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէն Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի կողմէ: Սուրբ պատարագի աւարտին կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան խորանէն իջեցուց Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց վեհափառ հայրապետին,...

Աւագ Շաբաթը Լիբանանի Թեմին Մէջ

Աւագ Շաբաթը Լիբանանի Թեմին Մէջ

Թաղման Կարգը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Սրբազան հայրը Աւագ շաբթուան առիթով իր գնահատանքը յայտնեց ժողովուրդին, որ ջերմեռանդութեամբ մասնակից է եկեղեցւոյ արարողական կեանքին, աւելցնելով, որ իր...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Հայաստանի Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայաստանի Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճ Գրիգորեան եւ Աւետիս Կիտանեան: Պալապանեան դեսպանին բարի գալուստ...

Ազգային Առաջնորդարան.  Լիբանանի Գաղթականներուն Զօրակցական  Այցելութիւն Եւ Մարդասիրական Օժանդակութիւն

Ազգային Առաջնորդարան. Լիբանանի Գաղթականներուն Զօրակցական Այցելութիւն Եւ Մարդասիրական Օժանդակութիւն

Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին պատճառով տեղահանուած գաղթականներուն զօրակցելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով, հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, Ազգային առաջնորդարանէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պուրճ Համուտի Նապաայի շրջանին մէջ գտնուող Ֆարհաթ մզկիթ, ուր ապաստանած են հարիւրաւոր գաղթականներ: Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ մզկիթի ներկայացուցիչ շէյխ Զայտ Ֆարհաթի եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողմէ: Առաջնորդարանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Լ. Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 30 մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Համազգայինի մասնագիտացած եւ աշխարհագրական մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի Գեղարուեստի ղեկավարներուն, յանձնախումբերուն ու Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալներու: Ժողովականները նախ լսեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութեան...

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Առկայ Նիստ Երեւանի Մէջ

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Առկայ Նիստ Երեւանի Մէջ

Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի առկայ նիստ գումարուեցաւ Երեւանի մէջ, չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2026-ին: Առցանց դրութեամբ նիստին մասնակցեցան Երեւանէն դուրս գտնուող հարթակի մնացեալ անդամները: Նիստը քննարկեց Իրանի եւ Լիբանանի վերաբերող պատերազմական իրավիճակներն ու տեղւոյն հայ համայնքերուն վերաբերող երեւոյթները: Քննարկումներուն առանցքներն էին Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական յայտարարութիւնները` պատերազմի աւարտի հաւանականութեան մասին, անոնց իրատեսական ըլլալը,...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան հիւրընկալեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2026-ին, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի, հոսանքի փոխնախագահ Ղասսան Խուրի, նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆ եւ Րաֆֆի Խանճեան:...

Տասը Կուսանաց Յիշատակութիւնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Տասը Կուսանաց Յիշատակութիւնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Աւագ երեքշաբթին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամէնէն երկար օրը կը համարուի: Հայ եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջ ան յիշատակուած է իբրեւ «Տասը Կուսանաց»` վերցնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն: Քրիստոս` տասը կոյսերուն մասին պատմած առակին ճամբով, մեզի կը փոխանցէ իմաստութեամբ ապրելու եւ երկրորդ գալուստին պատրաստ ըլլալու պատգամը: Արդարեւ, Աւագ երեքշաբթի, 31 մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ...

Ովսաննա, Թագաւորներու Թագաւոր Ովսաննա

Ովսաննա, Թագաւորներու Թագաւոր Ովսաննա

Կիրակի, 29 մարտ 2026-ին, Ծաղկազարդի օրհնեալ տօնին առիթով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք մատուցեց հայրապետական Ս. պատարագ Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքոյ` առընթերակայութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի եւ փոխժողովրդապետ Ռաֆայէլ վրդ. Ժաուհարժիի: Եկեղեցին վերածուած էր կենդանի վկայութեան` հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ: Ժողովուրդը` մեծեր եւ փոքրեր, յատկապէս մանուկներու հոծ ներկայութիւնը, իրենց օրհնուած ճիւղերով...

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ին Ֆանարի մէջ նշուեցաւ ապրիլեան նահատակներու յիշատակը: Ոգեկոչման ընթացքը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին` մասնակցութեամբ ու առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին: Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներէն ետք բացման խօսքը արտասանեց  Ճօ Պասթաճեան, որ ընդգծեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը համապատասխանէ 1948-ի Միջազգային պայմանագիրին, Հռոմի կանոնագիրին, այսինքն «ICC»-ի եւ Թուրքիոյ ոճրային օրէնսգիրքի ցեղասպանութեան սահմանումին: Ան...

Կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Մարմինին.  Դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել Եւ Լրագրող Հալա Հատտատ Ներկայացուցին «Սովը Լիբանանի Մէջ Ա. Աշխարհամարտի Ընթացքին (1914-1918)» Գիրքը

Կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Մարմինին. Դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել Եւ Լրագրող Հալա Հատտատ Ներկայացուցին «Սովը Լիբանանի Մէջ Ա. Աշխարհամարտի Ընթացքին (1914-1918)» Գիրքը

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական  եպիսկոպոս Գրիգոր Պատիշահի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, հինգշաբթի, 26 մարտ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելի խմբագրած «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» խորագրեալ գիրքին քննարկումը: Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին ներկայ էին`...

Ծաղկազարդի Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մէջ

Ծաղկազարդի Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մէջ

Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ` Ծաղկազարդը, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` ներկայութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու, մանուկներու եւ պատանիներու, կիրակի, 29 մարտ 2026-ին: Այս տարի, դժբախտաբար, կարելի չեղաւ կազմակերպել մանուկներու հսկայ թափօրը` կլիմային աննպաստ ըլլալուն պատճառով: Ուստի, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցման ընթացքին, պատարագիչ սրբազան հայրը` Շահան արք. Սարգիսեան...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Շաբաթ օր ՀՅԴ Լիբանանի Հանրային կապերու գրասենեակը հետեւեալ ցաւակցական հաղորդագրութիւնը տարածեց. «ՀՅԴ Լիբանանի Հանրային կապերու գրասենեակը խորազգած ցաւակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանի մամլոյ եւ լրագրական ընտանիքին, որ կորսնցուց իր զաւակներէն հոյլ մը: Անոնք նահատակուեցան ի պաշտպանութիւն արդարութեան եւ ճշմարտութեան խօսքին` իսրայէլեան շարունակական յարձակումներուն դիմակայման ընթացքին: Անոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին Լիբանանի գոյատեւման համար` հաւատալով, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձայնը օր մը պիտի...

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին.   «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, 21 փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքը: Մրցանքին մասնակիցները ողջունեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի քաջալերել հայ աշակերտը` արտայայտուելու եւ ստեղծագործելու արեւմտահայերէնով, իր միտքներն ու զգացումները անկաշկանդ ձեւով թուղթին տալու եւ արժեւորելու իր...

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Վեհափառ  Հայրապետին Եւ Յունաստանի Կրթութեան,  Կրօնական Հարցերու Ու Մարմնակրթութեան Նախարարին Միջեւ

Սպահանի Մէջ Հայ Զոհ

Սպահանի մէջ սաստիկ հրթիռակոծումներու իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է հայ զոհ մը` Սիմոնեան մականունով: Տեղեկութիւնը փոխանցուեցաւ Թեհրանէն` կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքին: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը շարունակէ առօրեայ դրութեամբ կապ հաստատել պատերազմի մէջ յայտնուած երկիրներուն մէջ գործող մեր բոլոր թեմերու պատասխանատուներուն հետ: Թեհրանի թեմի պատասխանատուները հայրապետին զեկուցեցին, որ վերջին օրերուն սաստիկ հրթիռակոծումներու կ՛ենթարկուին Թեհրանն ու Սպահանը:    

Page 15 of 364 1 … 14 15 16 … 364

Արխիւներ