Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ովսաննա, Թագաւորներու Թագաւոր Ովսաննա

April 2, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 29 մարտ 2026-ին, Ծաղկազարդի օրհնեալ տօնին առիթով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարք մատուցեց հայրապետական Ս. պատարագ Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքոյ` առընթերակայութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի եւ փոխժողովրդապետ Ռաֆայէլ վրդ. Ժաուհարժիի:

Եկեղեցին վերածուած էր կենդանի վկայութեան` հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ: Ժողովուրդը` մեծեր եւ փոքրեր, յատկապէս մանուկներու հոծ ներկայութիւնը, իրենց օրհնուած ճիւղերով ու պայծառ դէմքերով վերահաստատեցին Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ:

Հոգեւոր տէրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ծաղկազարդի հոգեւոր խոր իմաստին` շեշտելով, թէ այս տօնը Քրիստոսի Երուսաղէմի փառաւոր մուտքին յիշատակն է, բայց նաեւ կենդանի կոչ` մեր սրտերը բանալու եւ զայն ընդունելու որպէս խոնարհ ու սիրոյ Թագաւոր:

Ան յիշեցուց, թէ ժողովուրդը ժամանակին մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց Յիսուսը, սակայն հարց տուաւ` արդեօք մենք այսօր նոյն հաւատքով ու նուիրումով կը դիմաւորե՞նք Զինքը, թէ՞ տօնը դարձուցած ենք անցողակի սովորութիւն: Հոգեւոր տէրը ընդգծեց, որ ճշմարիտ տօնակատարութիւնը կը դրսեւորուի ոչ միայն խօսքով, այլ` գործով` սիրոյ, ողորմածութեան եւ ծառայութեան միջոցով:

Յատկապէս անդրադառնալով Լիբանանի ներկայ դժուար պայմաններուն` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.  հրաւիրեց հաւատացեալները զօրակցելու կարիքաւորներուն, մխիթարելու տառապեալները եւ հոգ տանելու որբերուն ու տեղահանուածներուն` վերածուելով յոյսի եւ մխիթարութեան աղբիւրներու:

Աւարտին, ան  աղօթեց, որ Քրիստոս` Խաղաղութեան թագաւորը, մտնէ մեր սրտերը, օրհնէ ընտանիքները եւ նորոգէ մեր կեանքը, որպէսզի մենք ապրինք հաւատքով, սիրով եւ միասնականութեամբ, ի նպաստ մեր հայրենիքին եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութեան:

Հոգեւոր տէրը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այս մեր սրտաբուխ աղօթքը կը յանձնենք Զմմառու վերափոխեալ տիրամօր միջնորդութեան եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեան»:

Ս. պատարագին ընթացքին, ձիթենեաց ճիւղերը օրհնելէ ետք, եկեղեցւոյ բոլոր մանուկները խորան բարձրացան պատրիարքին օրհնութիւնները ստանալու եւ իրենց ձեռքի մոմերը օրհնելու համար:

Պատարագէն ետք անձրեւին պատճառով կարելի չեղաւ աւարտին հասցնել Ծաղկազարդի աւանդական թափօրը: Անկէ ետք մանուկներուն համար յատուկ յայտագիր պատրաստուած էր:

Կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ՀԿՄ-ի Ընտանեկան յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Հայ կաթողիկէ Բարեսիրական միութեան հետ սերտ գործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ոչ դուք, ոչ մենք` առանձին ենք» խորագիրով հոգեւոր եւ համայնքային հաւաք մը «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ:

Այս  նախաձեռնութեան նպատակը ընտանիքները համախմբելն էր` զօրացնելու անոնց միջեւ կապերը, վերանորոգելու հաւատքի ոգին եւ խթանելու փոխադարձ սէրն ու զօրակցութիւնը` որպէս քրիստոնէական ընտանիքի հիմնասիւն: Միաժամանակ, յատուկ շեշտ դրուած էր փոքրիկներուն ուրախացնելու վրայ, որովհետեւ Յիսուս միշտ առանձնայատուկ սէր ցուցաբերած է մանուկներուն հանդէպ:

Իսկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախագահութեամբ` ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ դռնբացէքի արարողութիւն, որով հաւատացեալ ժողովուրդը մուտք գործեց Աւագ շաբաթուան սրբազան օրերը:

 

 

Նախորդը

Տնտեսական Պատերազմ

Յաջորդը

Տասը Կուսանաց Յիշատակութիւնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.