Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

April 3, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Լ. Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 30 մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Համազգայինի մասնագիտացած եւ աշխարհագրական մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի Գեղարուեստի ղեկավարներուն, յանձնախումբերուն ու Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալներու:

Ժողովականները նախ լսեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, ապա լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին տեղեկագիրին մէջ նշուած կարգ մը արձանագրութիւններուն շուրջ եւ կատարեցին համապատասխան քննարկում: Ապա մասնակիցները ներկայացուցին Համազգայինի յառաջիկայ քառամեակին մասին առաջարկներ: Յատուկ կերպով շեշտուեցաւ Միջին Արեւելքի գաղութներու մէջ միացեալ աշխատանքներ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` խումբերու ներկայացումներու շրջանառութեան ցանցի ստեղծման կարեւորութիւնն ու փորձառութիւններու փոխանակումը:

Ժողովականները հաստատեցին Համազգայինի կրթական կառոյցներու զարգացումն ու կարեւորութիւնը եւ Հայաստանի մէջ Ճեմարան ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Մասնակցողները նշեցին, որ քարոզչական առումով հարկ է մշակել համապատասխան ռազմավարութիւն` ներգրաւելու մեծաթիւ երիտասարդներ:

Ժողովը նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ քննարկեց սփիւռքեան եւ ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի անկայուն պայմաններուն պատճառով մշակութային գործունէութիւն ծաւալելու դժուարութիւնները եւ նոր ծրագիրներ իրականացնելու արգելքները` յուսալով, որ այս տագնապալի օրերը կը շրջանցուին, ու աշխատանքները կը վերադառնան իրենց բնականոն ընթացքին:

Այնուհետեւ ժողովականները ընտրեցին Լիբանանի շրջանի համար 5 պատգամաւորներ, որոնք Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին հետ յառաջիկային Հայաստանի մէջ պիտի մասնակցին Համազգայինի Ժ. Պատգամաւորական ժողովին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ Լ.  ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

 

Նախորդը

Լիբանանը` Քաղաքացիական Խաղաղութեան Գինը Վճարելու Եւ Քաղաքական Կործանումի Օղակներ Դիմագրաւելու Միջեւ

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կողմէ Յատկացումներ` Հայաստանեան Եւ Սփիւռքեան Հաստատութիւններու Եւ Ծրագիրներու

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.