Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Մարմինին. Դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել Եւ Լրագրող Հալա Հատտատ Ներկայացուցին «Սովը Լիբանանի Մէջ Ա. Աշխարհամարտի Ընթացքին (1914-1918)» Գիրքը

March 31, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական  եպիսկոպոս Գրիգոր Պատիշահի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, հինգշաբթի, 26 մարտ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելի խմբագրած «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» խորագրեալ գիրքին քննարկումը: Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին ներկայ էին` գաղութի հայ թէ օտար միութիւններու, հիմնարկներու, հասարակական կառոյցներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` միութենական, հոգեւոր, ակադեմական ու պատմասէր անձնաւորութիւններ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Գրիգոր  Էքմեքճեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ձեռնարկի առիթին ու նպատակին: Ան նշեց, թէ «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» գիրքը ոչ միայն պատմութիւն կը ներկայացնէ, այլեւ կը  բացայայտէ ողբերգութեան արմատները` փաստագրելով ճշմարտութիւնը:

«Երբ կը կանգնինք Պէյրութի Նահատակներու հրապարակին վրայ, կանգնած կ՛ըլլանք  ոչ միայն պատմական յուշարձանի, կամ լիբանանեան մամուլի նահատակներու յիշատակին առջեւ, այլեւ` ազգային խորհրդանիշի առջեւ, որ կը միաւորէ օսմանեան տիրապետութեան բոլոր զոհերը», ընդգծեց ան` շեշտելով, որ այդ հրապարակը ականատես եղած է մայիսի 6-ի մահապատիժներուն, դարձած է ազատութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած տղամարդոց եւ կիներու զոհաբերութիւններու կենդանի վկայութիւն եւ լիբանանցիներու միասնութեան խորհրդանիշը անարդարութեան դէմ` անկախ անոնց պատկանելիութենէն: Էքմեքճեան այս ծիրին մէջ վերյիշեց 2020-ին Արցախի եւ ապա 2023-ին  ազերիական իշխանութիւններու կողմէ հայերու պարտադիր տեղահանումը, որ շարունակութիւնն է նոյն քաղաքականութեան, որ խարսխուած է մեկուսացման, արմատախիլ ընելու եւ ցեղային զտումներու վրայ:

«Համայն աշխարհ ականատես եղաւ, թէ ինչպէ՛ս ազերին անպաշտպան ժողովուրդը թիրախաւորեց, պաշարեց մարդիկ, որոնք հարկադրաբար հեռացան իրենց  նախնիներու հայրենիքէն: Այս իրադարձութիւնները անցեալէն չեն անջատուած, այլ  շարունակութիւնն են այն նոյն մտածելակերպին, որ դար մը առաջ իրականացուցած է սով ու կոտորած», յիշեցուց Էքմեքճեան: «Այսօր, երբ մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք դժուար պայմաններու մէջ, կը բախինք գոյութենական մարտահրաւէրներու, չենք կրնար անդրադառնալ ներկային` անջատաբար այս պատմական իրավիճակէն: Լիբանան ներկայիս կ՛ենթարկուի Իսրայէլի կրկնուող յարձակման, որ կը թիրախաւորէ իր հողը, ժողովուրդը եւ ենթակառոյցները», դիտել տուաւ ան:

«Ռմբակոծումը տարբերութիւն չի դներ քաղաքացիական բնակչութեան եւ մարտիկներու միջեւ, բազմաթիւ անմեղ մարդիկ դարձան այս յարձակումներու զոհ` կոպտօրէն խախտելով բոլոր մարդկային արժէքները», ընդգծեց Էքմեքճեան:

Ապա խօսք առաւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի արաբերէն բաժանմունքի հաղորդավար, լրագրող Հալա Հատտատ, որ ներկայացուց 880 էջերէ բաղկացած «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» խորագրեալ գիրքը, որ արգասիքն է 2024 թուականին գումարուած համաժողովին ներկայացուած ուսումնասիրութիւններուն: Հալա Հատտատ այս առիթով զանազան հարցումներու ճամբով զրոյց ծաւալեց Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, Պատմագիտութեան լիբանանեան միութեան նախագահ, վերոնշեալ հատորի խմբագիր, օրուան պատգամախօս դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելին հետ: Նշենք, որ հատորի խմբագրութեան աշխատանքին մասնակցած է նաեւ Լիբանանեան համալսարանի Պատմութեան հիմնարկի նախկին տնօրէններէն դոկտ. Անտրէ Նասսար: Հարցումները հիմնականին մէջ կեդրոնացան Ա. Աշխարհամարտի սովին առնչուող համագումարին արծարծուած հարցերուն` Լեռնալիբանանի ծովային ու ցամաքային պաշարումին, սովի տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական պատճառներուն եւ հետեւանքներուն, համագումարէն բխած որոշումներուն եւ թելադրանքներուն ու առհասարակ պատմութեան վերաբերող դասանիւթերու ուսուցման ոճին վրայ եւ այլն:

Պատասխանելով այդ հարցումներուն` Լիբանանեան համալսարանի Պատմութեան հիմնարկի նախկին տնօրէն դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել հանգամանօրէն ներկայացուց «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» խորագրեալ գիրքին շուրջ 2024-ին գումարուած պատմագիտական համագումարին մթնոլորտը: Ան դիտել տուաւ, որ հիմնականին մէջ համագումարին հրաւիրուած յիսուն պատմագէտ-պատմաբաններու ներկայացուցած համապատասխան երեսուն  ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են Ա. Աշխարհամարտի սովի շրջանին Լիբանանի մէջ, յատկապէս` Լեռնալիբանանի` տիրած մթնոլորտին ու այդ օրերուն շրջան ըրած տեղեկութիւններու ճշգրիտ մանրամասնութիւններուն վրայ, այլ խօսքով` սկզբնաղբիւրներուն վրայ: Ապի Ֆատել այս ոճը որակեց «ճշգրիտ պատմագրութիւն»: Նշեալ պրպտումները ընդգրկած են հիւսիսային Լիբանանի Պշարրէ, Զղարթա շրջանէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ աւանները: Ապի Ֆատել նշեց, որ ըստ պրպտումներու եւ այլազան տեղեկութիւններու, սովը պատահական չէր, ունէր ներքին եւ արտաքին պատճառներ:  Ան շեշտեց, որ 9 ապրիլ 2025-ին լոյս տեսած այս հատորը աննախընթաց քայլով առաջինն է իր տեսակին մէջ եւ կրնայ պատմաբաններուն համար իբրեւ սկզբնաղբիւր ծառայել:

Այս իմաստով կատարուած պրպտումներու հիման վրայ ուշագրաւ է, որ պատկան շրջաններու մարդիկ կամ կառոյցներ օրագիր կամ արխիւային նիւթեր գրեթէ չեն արձանագրած բացի մարոնիներու պատրիարքարանէն, որ կրցած է հինգ ձեռագիր տետրակներու մէջ ամփոփել սովի առօրեային առնչուող հիմնական մանրամասնութիւններ: Ան թուեց Լեռնալիբանանի տարբեր աւաններուն մէջ պատահած սովի եւ անոր պատճառով արձանագրուած` զոհերու թիւին համեմատութիւնը, որ կը տարուբերէր շրջանէ շրջան, ինչ որ կը նշանակէր, թէ կարգ մը շրջաններ կը ստանային տարրական նպաստ (ալիւր…), մինչ այլ շրջաններ կը զրկուէին անկէ:

Դոկտ. Ապի Ֆատել անհրաժեշտ նկատեց պատմական այդ տեղեկութիւններու ներառումը լիբանանեան պատմութեան դասագիրքերուն մէջ` յիշեցնելով, որ լիբանանեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսուցանուող պատմութեան դասանիւթերը, որոնք պատրաստուած ու խմբագրուած էին 1968-ին, հիմնական վերանայումի կը կարօտին: Այս հարցով կազմուած է յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի այս խնդրի հետապնդումով: «Սովորական բնական աղէտէ անդին` այդ սովը կանխածրագրուած ճնշումի միջոց էր քաղաքական արդիւնքներ ձեռքբերելու նպատակով», ընդգծեց դոկտ. Ապի Ֆատել` գլխաւորաբար ակնարկելով այդ օրերուն Լիբանանի եւ մերձակայքի վրայ իշխող թուրք-օսմանցի զօրավար Ճեմալ փաշայի կեցուածքին:

Պատգամախօսը հիմնաւորեալ տուեալներով նշեց, որ օրին լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ տնտեսութիւնը անտեսուած, չոր ու տկար էր, երկրագործութիւնը գրեթէ նահանջի մէջ էր, հազուադէպօրէն կարելի էր շրջաններու մէջ արդիւնաւէտ ցանքի հանդիպիլ: Լիբանանցիք կը նախընտրէին ապաւինիլ հիմնականին մէջ իրենց պանդուխտ հարազատներու արտասահմանէն ուղարկած նիւթական նպաստներուն: Ոմանք նոյնիսկ իրենց սեփական հողաշերտը կը վաճառէին պարկ մը ալիւրի փոխարէն: Ապի Ֆատել  յիշեցուց, որ 1920-ին հռչակուած «Մեծն Լիբանան»-ի յայտարարութենէն դար մը ետք լիբանանեան տնտեսութիւնը տակաւին ամուլ է, այս իրականութեան համաձայն գտնուած են սեպտեմբեր 2020-ին կազմակերպուած «Մեծն Լիբանան»-ի հարիւրամեակի ձեռնարկին մասնակիցները: Ասոր վերաբերեալ դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել զուգահեռ մը գծեց Ա. Աշխարհամարտի սովին ու ներկայիս դրսեւորուող կեցուածքներուն միջեւ, երբ զանազան միջոցներ կ՛օգտագործուին իբրեւ ճնշումի խաղաքարտ` պատկան կողմերը մղելու համար զիջելու կամ «ծունկի բերելու»:

Ան մէջբերեց Էնվեր փաշայի այն յոխորտանքը, թէ` «Մենք բնաջնջեցինք հայերը սուրով, իսկ լիբանանցիները պիտի մեռցնենք սովով»` ակնարկելով 1915-ին Ա. Աշխարհամարտին ցեղասպանուած հայերուն եւ Լեռնալիբանանի քրիստոնեաներուն: Այս ծիրին մէջ պատմաբան դոկտ. Ապի Ֆատել իբրեւ օրինակ` յիշեց 2023-ին Արցախի ամբողջական բռնագրաւումը, երբ բազմաթիւ արցախահայեր հարկադրուեցան հեռանալ իրենց պապենական հողերէն: Արդիւնքներու ծիրին մէջ նշեալ համագումարի ընթացքին թէ հետագային լոյս տեսած մամուլով թելադրանք փոխանցուած է` կազմակերպելու Ա. Աշխարհամարտի սովի զոհերու ճանաչման արշաւ մը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին օրինակով:

Ապա լրագրող Հալա Հատտատ խօսքը տուաւ տնտեսագէտ Ռիշար Ապու Ժաուտէին, որ նոյնպէս սովի օրերուն վերաբերող մանրամասնութեանց պրպտումով շրջած է Լեռնալիբանանի զանազան գիւղերն ու աւանները եւ` բնակիչները  հարցապնդած սովի օրերուն մասին, եթէ յուշեր ունին: Ան թուեց, թէ ինչպէ՛ս Լեռնալիբանանի կարգ մը գիւղեր կ՛որոշեն օրուան «ինքնաշարժներէն»` զուգագործ հեծակի «թոնպոր» տիպի «փոխադրակառք ունեցող Ժորժ Թաննուսի հետ պատուիրակութիւն մը ղրկել սուրիական Հաուրան շրջանը` ալիւր բերելու համար: Սակայն պատուիրակութեան անդամները հարց տուած են,  եթէ կարենան թրքական կամ ինչ-ինչ արգելքներ յաղթահարել, տակաւին կը մնայ հիմնական այն արգելքը, թէ ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ ձերբազատիլ Հաննա Ասիի գլխաւորած խմբակէն: Արդարեւ, Ռիշար Ապու Ժաուտէի մեծ հայրը` Ապու Եուսեֆ, բարեկամ էր Ասի եւ Էլիաս Ռահպանիներու հօրը` Հաննա Ասիի, որ «օրինազանցներու խմբակ» մը գլխաւորած` լեռներէն կ՛իջնէր ու «կ՛իւրացնէր իւղոտ անցորդներու» բեռը: Ան աւելցուց, թէ «Սաֆար պարլիք» ժապաւէնը իր այս դրուագի նմանօրինակն է: Ըստ Ապու Ժաուտէի լսածներուն,  սուրիական Սուէյտա շրջանի արաբ գերդաստանները, աշիրէթները բաւական դիմադրած են: Տիւրզիները օգնած են քրիստոնեաներուն: Ապու Ժաուտէ ընդգծեց, որ 1916-ին բռնկած արաբական մեծ յեղափոխութիւնը համատարած շարժում էր թուրքերուն դէմ:

Ձեռնարկին իր սրտի խօսքը արտասանեց Գրիգոր եպս. Պատիշահ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբին, որ համախմբած է երկու ողբերգութիւններ` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնն ու սովի ճիրաններուն մէջ խեղդամահ եղած Լեռնալիբանանն ու Պէյրութը: Ան բարձր գնահատեց համալսարանի պատմութեան դասախօս դոկտ. Իմատ Մուրատի յանդուգն կեցուածքը Լիբանանեան համալսարանի 2024-ի համագումարին ընթացքին, ուր ան շեշտեց անցեալի ողբերգութիւններէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք չկրկնուին: Գրիգոր եպս. Պատիշահ հաստատեց, որ սովի նահատակներուն յիշատակը անտեսելը մեր ազգային ինքնութեան հիմնական մէկ մասնիկին քողարկումն է:

Իրեն հետ միասին կը հաստատեմ` լիբանանցիներու ողբերգութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը, պիտի մնայ որպէս բաց վէրք, քանի դեռ արդարութիւնը չէ հասած իր լրումին: Ան նոյնպէս խորհրդածութեամբ վերյիշեց ու ողջունեց նախկին երեսփոխան Նեհմեթալլահ Ապի Նասըրի օրինագծային նախաձեռնութիւնը` սովի յիշատակին նուիրուած պաշտօնական օր մը հաստատելու մասին` ցաւ յայտնելով, որ նեղ ու համայնքային պառակտումները արգելք հանդիսացան այս օրէնքի վաւերացման:

«Այդ սովը լոկ պատահական բնական պայմաններու հետեւանք չէր, այլ` կանխամտածուած ցեղասպանութիւն», շեշտեց Գրիգոր  եպս. Պատիշահ` յիշեցնելով, թէ ինչպէ՛ս չարաշահ ամբարողներ ցորենը դիզեցին, մինչ ժողովուրդը շեմերուն վրայ հոգին կ՛աւանդէր. տեսարան մը, որ այսօր կը կրկնուի Լիբանանի մէջ` տնտեսական այնպիսի ճնշումներով, որոնք կը կրծեն մարդկային արժանապատուութիւնը եւ թիրախ կը դարձնեն անոր օրապահիկն ու անդորրութիւնը: Գրիգոր եպս. Պատիշահ նոյնպէս խոր ակնածանքով յիշեց Հայ կաթողիկէ Զմմառու Տիրամօր վանքի դերակատարութիւնը, երբ պաշարները սպառեցան, այս միաբանութիւնը չվարանեցաւ զոհաբերելու ամէնէն նուիրականը. ծախու դրուեցան վանքի հոգեւոր մասունքները` ոսկեայ մատանիներն ու լանջախաչերը: Ան նաեւ մեծ դրուատիքով վերյիշեց  հայր Պօղոս Արիսը, որ 1916 թուականին, երբ աւելի քան 600 սովածներ ու աղքատներ կը շրջէին վանքի շրջափակին մէջ, ան ստանձնեց օրական 200 սովածներու կերակրման գործը:

Իր խօսքին մէջ Գրիգոր եպս. Պատիշահ խոր երախտագիտութեամբ վերյիշեց մարոնիներու Էլիաս Հուայեք պատրիարքին պատմական վեհանձն կեցուածքը, երբ ան ողջունելով հայ գաղթականներու ժամանումը` ըսած էր. «Մեծ պատերազմը զաւակներս խլեց: Աստուած անոնց տեղ հայերը կը ղրկէ: Բացէ՛ք դռները, թող հայերը գան»: «Այդ վայրկեանէն իսկ պատրիարքին որոշումը վերածուեցաւ «Գթութեան սահմանադրութեան», որ տարածուեցաւ երկրի բոլոր կողմերը: Եկեղեցին իր ամբողջ ուժականութեամբ լարուեցաւ, եւ վանքերը միացան մարդասիրական այնպիսի ներդաշնակութեան մը մէջ, որուն նմանը պատմութիւնը չէր տեսած: Եկեղեցին փաստեց, որ ինք բանակներ չունի, բայց ունի «Հացի զօրութիւնը» եւ սիրոյ իշխանութիւնը, որ մեր վանքերը վերածեց անառիկ ամրոցներու` տապալելով սովամահութեան քաղաքականութիւնը, որպէսզի մնայ մարդը, եւ մնայ Լիբանանը:

«Մեր այսօրուան կեցուածքը լոկ լաց ու կոծ չէ ողբերգութեան աւերակներուն վրայ, այլ` «ինքնութեան վերականգնման արարք»: Եթէ այդ սովը խլեց երկու հարիւր յիսուն հազար մարդոց կեանքը, ապա մեր տոկունութիւնը ապացոյցն է այն իրողութեան, որ Լիբանանի մէջ ապրելու կամքը անընկճելի է: Այս հայրենիքը ծիլ տուաւ «Սիրոյ հացի» արմատներէն, որ շաղախուեցաւ հայրերու քրտինքով եւ մայրերու գուրգուրանքով»: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք յառաջիկային):

Աւարտին դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել մակագրեց իրեն հետ բերած հատորներէն փափաքողներուն տրամադրուած օրինակները:

Նախորդը

Մօրուքաւոր Կոյսերը

Յաջորդը

Թենիս. Եաննիք Սինըր Եւ Արինա Սապալենքա Տուպլէ Իրագործեցին

RelatedPosts

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.