Գաղութային

Վահան Զանոյեան Զեկուցեց «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ին

Վահան Զանոյեան Զեկուցեց «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը կը շարունակէ շաբաթական հերթականութեամբ գումարել առցանց նիստեր` տարածաշրջանի պատերազմական իրադարձութիւններուն հետ կապուած գործընթացներու տարբեր ուղղութիւնները իբրեւ օրակարգի կէտեր ներառելով: Վերջին առցանց նիստը կայացաւ շաբաթ, 18 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան` Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Նիստին հրաւիրուած էր զեկուցելու համաշխարհային տնտեսական խնդիրներու եւ յատկապէս ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտ Վահան Զանոյեան: Ան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ տարածաշրջանի պատերազմին շրջածիրին...

«Լիբանանահայ Համայնքը Համախումբ  Կը Դիմագրաւէ Ճգնաժամը».  «Երկիր Մետիա»-ի Լուրերու Հաղորդումին  Ընթացքին Հաստատեց Ալպեր Պալապանեան

«Լիբանանահայ Համայնքը Համախումբ Կը Դիմագրաւէ Ճգնաժամը». «Երկիր Մետիա»-ի Լուրերու Հաղորդումին Ընթացքին Հաստատեց Ալպեր Պալապանեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, «Երկիր Մետիա»-ի լուրերու հաղորդումին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Լիբանանի պատերազմական իրավիճակին հետ կապուած ծանր պայմաններուն մասին եւ հաստատեց, որ Իսրայէլի հետ բանակցելու ուղղութեամբ չկայ լիբանանեան համախոհութիւն: Բանակցային գործընթաց հասկացողութիւնը տակաւին շատ անորոշ է եւ միայն հրադադարի հաստատման շուրջ կրնայ գոյանալ համաձայնութիւն ներկայ պայմանները նկատի ունենալով: Ան շեշտեց, որ նախ հրադադարի շուրջ է,...

Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին  Նուիրուած «Ազդակ»-ի Յաւելուածը

Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին Նուիրուած «Ազդակ»-ի Յաւելուածը

Ինչպէս նախապէս ծանուցած էինք, «Ազդակ» հրատարակութեան կը յանձնէ իր նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի յիշատակին ձօնուած յաւելուածը: Վկայութիւններով, յուշերով եւ արժեւորումներով այս յաւելուածին մէջ ստորագրած են խմբագիրներ, «Ազդակ»-ի նախկին-ներկայ աշխատակիցներ եւ Սարգիս Մահսէրէճեանին մտերմութիւնը վայելած գործընկերներ: Գրութիւններ ունին` Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Վիգէն Աւագեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Հրաչ Վարժապետեան, Արմէն Ապտալեան, Թալին Օրտողլեան, Վերա Եագուպեան, Զաւէն Թորիկեան, Ասպետ Մանճիկեան, Թամար Սնապեան-Սուրճեան, Յարութիւն...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Իր պաշտօնական այցելութիւններու ծիրին մէջ երեքշաբթի, 31 մարտ 2026-ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Հանդիպումի ընթացքին նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան ծրագիրը: Յատուկ շեշտով անդրադարձ կատարուեցան Լիբանանի մէջ տիրող վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոր մէջ իսկ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան կարեւորութեան` հայեցի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ կազմաւորելու հայ երիտասարդը: Աւարտին վերահաստատուեցաւ համագործակցութիւնը շարունակելու...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ.  Քննուեցան Միութենական, Արհեստագիտական Եւ Հոգեկան-Մտային Նիւթեր

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Քննուեցան Միութենական, Արհեստագիտական Եւ Հոգեկան-Մտային Նիւթեր

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, 2026-ին ընթացք առին ամսական դրութեամբ ծնողական հանդիպում-զրոյցները, որոնց նպատակն է` պատանիներու ծնողներուն հետ ստեղծել կապ, ներկայացնել պատանիներու դաստիարակութեան եւ զարգացման նպաստող օգտակար եւ այժմէական նիւթեր եւ քննել պատանիները յուզող ընկերային նիւթեր: Զրոյցները տեղի ունեցան «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Առաջին զրոյցը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 24 յունուար 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին: Զրոյցին նիւթն...

«Զմմառեանք Ի Սփիւռս Աշխարհի» Տարեգիրքի 31-րդ Թիւի Շնորհահանդէս

«Զմմառեանք Ի Սփիւռս Աշխարհի» Տարեգիրքի 31-րդ Թիւի Շնորհահանդէս

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Զմմառու մայրավանքի վարչութեան, ուրբաթ, 10 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ՀԿՄ-ի  «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ, գործակցութեամբ  «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի»  մշակութային միութեան, կայացաւ «Զմմառեանք ի սփիւռս աշխարհի» տարեգիրքի 31-րդ թիւին շնորհահանդէսը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Հարպոյեան, որ ըսաւ, թէ այս հատորը լոկ դէպքերու արձանագրութիւն չէ, այլ...

Հայ Երեք Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչները  Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Հայ Երեք Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան, հայ երեք կուսակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած իրագործուելիք ծրագիրներն ու ձեռնարկները: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ողջունեց միջկուսակցական գործակցութիւնը` շեշտելով զայն աւելի խորացնելու ու...

«Թող 13 Ապրիլի Յիշատակը Միասնականութեան Դաս Ըլլայ»

«Թող 13 Ապրիլի Յիշատակը Միասնականութեան Դաս Ըլլայ»

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 51-ամեակին առիթով, ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցի ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու հարթակներուն վրայ հրապարակուեցաւ հետեւեալ գրառումը «13 ապրիլին կը յիշատակենք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին սկզբնաւորութիւնը` իբրեւ յիշողութեան մէջ բացուած վէրք: Կը վերանորոգենք մեր յոյսը, որ այս յիշատակը մնայ դաս միասնականութեան, եւ ոչ թէ պատճառ դառնայ բաժանումի, եւ որ չկրկնուի ցաւը հայրենիքի մը մէջ, որ արժանի է խաղաղութեան»:    

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը  Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի

Հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ միաժամանակ նախագահն է ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահել Լիբանանը յուզող այժմէական շարք մը հարցերուն մասին եւ, բնականաբար, ունենալ անոր տեսակէտները: Վեհափառ հայրապետը նախ խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ կատարուող յարձակումները` անմեղ լիբանանցիներուն վրայ, ապա ան շեշտեց առաւել քան...

Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» Հիմնադրամ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի Նիւթական Աջակցութիւնը Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն Եւ Մասնագիտական Վերապատրաստման Ծրագիրներուն

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը (Fond Armenien de France) վերահաստատեց իր հաստատուն աջակցութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին` 2026 թուականի մարտ ամսուան սկիզբը տրամադրելով 100.000 տոլարի նիւթական օժանդակութիւն` ուղղուած երկրի 16 հայկական ուսումնական հաստատութիւններուն: Այս նշանակալի ներդրումը նպատակ ունի ապահովել վարժարաններու անխափան գործունէութիւնը եւ պահպանել կրթութեան բարձր որակը` ներկայիս առանձնայատուկ դժուար պայմաններուն մէջ: Նշեալ աջակցութիւնը կը փոխանցուի Երեւանէն` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ գործակցութեամբ համահայկական...

«Մարդկայնութեան Պաշտպանութիւնը  Աշխարհի Խիղճի Իրական Փորձարկում Է»

«Մարդկայնութեան Պաշտպանութիւնը Աշխարհի Խիղճի Իրական Փորձարկում Է»

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը` հակազդելով նախանցեալ օր Իսրայէլի գործած նախճիրին. «Մեր երկրին օրերը իրարու չեն նմանիր, ո՛չ ցերեկները, ո՛չ ալ իրիկունները... Անոնք պարուրուած են վախով, որով բնակուած է իւրաքանչիւր տուն եւ որ կը հալածէ իւրաքանչիւր մարդ: Ո՞ր մարդկայնութիւնը կ՛արդարացնէ, որ հայրենիք մը վայրկեանի մը ընթացքին...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հրաւէրով`  Բարեսիրական Հաստատութիւններու Եւ Համայնքային Ընկերային Ծառայութիւններու Պատասխանատուներու Հանդիպում

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հրաւէրով` Բարեսիրական Հաստատութիւններու Եւ Համայնքային Ընկերային Ծառայութիւններու Պատասխանատուներու Հանդիպում

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2026-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի, Գարակէօզեան հաստատութեան եւ Ճինիշեան հիմնարկի տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի եւ Հայ աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան: Այս հանդիպումը...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Նախագահ  Ժըպրան Պասիլ Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Նախագահ Ժըպրան Պասիլ Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց լիբանանեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներուն: Այցելութեան հիմնական նպատակը վեհափառ հայրապետին ներկայացնել էր կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած ծրագիր-ուղեգիծ մը` Լիբանանը ներկայ քաղաքական ու տնտեսական կացութենէն դուրս բերող ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող: Պասիլ լայնօրէն անդրադարձաւ յիշեալ ծրագիր-ուղեգիծին մէջ նշուած կէտերուն: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց կուսակցութեան պատրաստած...

10 Վայրկեանի Ընթացքին… Տապալեցաւ Մարդկայնութիւնը

10 Վայրկեանի Ընթացքին… Տապալեցաւ Մարդկայնութիւնը

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու հարթակներուն վրայ, առ ի հակազդեցութիւն իսրայէլեան յարձակողապաշտութեան, կատարուեցաւ հետեւեալ գրառումը. «Իսրայէլ վայրագ յարձակողապաշտութիւն գործեց Լիբանանի դէմ: Այդ սակաւաթիւ վայրկեաններուն ընթացքին, մարդկայնութիւնը լացաւ այնպիսի լռութեամբ, որ չլսուեցաւ ոեւէ մէկուն կողմէ»:

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով.  Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի Տարեցներու Ընկերային Հաւաք

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով. Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի Տարեցներու Ընկերային Հաւաք

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ ու նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի  եւ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, երեքշաբթի, 31 մարտի կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բաժանմունքի տարեցներու ընկերային հաւաքը: Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան: Ան...

Զատկուան Տօնակատարութիւն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

Զատկուան Տօնակատարութիւն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ

Ուրբաթ, 27 մարտ 2026-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային  համալիրին  մէջ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին եւ Աղբալեան պատանեկան միութեան  կողմէ կազմակերպուած աւանդական դարձած  Զատկուան տօնակատարութիւնը համախմբեց շուրջ 230 մանուկներ` կէսօրուան ժամը 5:00-7:00: Սանահին Նալպանտեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտեց պատանեկան միութեան  մաս կազմելու կարեւորութիւնը հայ  մանուկին կեանքին մէջ: Այս դժուար պայմաններուն մէջ, երեխաները մոռցան իրականութեան ծանրութիւնը եւ ամբողջութեամբ տարուեցան տօնական...

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան  Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Երէկ` երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2026-ին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան: Երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ՛ընդգրկէր Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամներ Աքրամ Շեհայէպ,...

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակին` Թէյմուր Ժոմպլաթի, որ միաժամանակ յիշեալ կուսակցութեան նախագահն է: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աքրամ Շեհայէպ, Հատի Ապուլ Հոսըն ու Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր գիծերով արծարծելու Լիբանանի դիմագրաւած...

ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորեց ՄԱԿ-ի  Նոր Նշանակուած Յատուկ Զեկուցաբերը

ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորեց ՄԱԿ-ի Նոր Նշանակուած Յատուկ Զեկուցաբերը

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի մէջ Պաղեստինեան հողի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն եւ միջազգային օրէնքի օգնական դասախօս դոկտ. Զենա Ժալլատը նշանակեց մարդու իրաւունքներու վրայ միակողմանի բռնի քայլերու ժխտական ազդեցութեան հարցով յատուկ զեկուցաբեր: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս առիթով շնորհաւորական նամակ մը յղեց դոկտ. Ժալլատին` նշելով. «Ձեր նշանակումը տեղի կ՛ունենայ կարեւորագոյն ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ տարբեր շրջաններու մէջ նման...

Յակոբ Բագրատունի. «Ճիգ Ի Գործ Կը Դնենք`  Այս Կացութեան Մէջ Կարենալ Ոտքի Մնալու»

Յակոբ Բագրատունի. «Ճիգ Ի Գործ Կը Դնենք` Այս Կացութեան Մէջ Կարենալ Ոտքի Մնալու»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 31 մարտին հայրենի «Հետք»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ Լիբանանը յայտնուած է տարածաշրջանային պատերազմի  ամէնէն թէժ կէտերէն մէկուն մէջ: Լրագրող Մարինէ Մարտիրոսեանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին երեսփոխանը դիտել տուաւ, որ չորրորդ շաբաթն ըլլալով` իսրայէլական յարձակումները կը շարունակուին Լիբանանի հարաւի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը...

Page 14 of 364 1 … 13 14 15 … 364

Արխիւներ