Օրհնութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի առկայ նիստ գումարուեցաւ Երեւանի մէջ, չորեքշաբթի, 1 ապրիլ 2026-ին: Առցանց դրութեամբ նիստին մասնակցեցան Երեւանէն դուրս գտնուող հարթակի մնացեալ անդամները:
Նիստը քննարկեց Իրանի եւ Լիբանանի վերաբերող պատերազմական իրավիճակներն ու տեղւոյն հայ համայնքերուն վերաբերող երեւոյթները:
Քննարկումներուն առանցքներն էին Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական յայտարարութիւնները` պատերազմի աւարտի հաւանականութեան մասին, անոնց իրատեսական ըլլալը, միջնորդական փորձերը եւ այս բոլորին լոյսին տակ բանակցութեան մեկնարկի պարագային, իւրաքանչիւր կողմի մօտեցումներն ու փոխզիջումնային ուղղութիւնները: Զեկուցումներու կարգով փոխանցուեցաւ, որ իրանահայ համայնքը ունի մէկ զոհ. արձանագրուած են բնակարանային վնասներ, ինչպէս նաեւ միութենական կառոյցներ կրած են նիւթական վնասներ: Համայնքը, իր պատասխանատու մարմիններով եւ թեմական կառոյցներով, մնայուն կապի մէջ է ժողովուրդին հետ:
Լիբանանի պարագային հաստատուեցաւ, որ Իսրայէլ կը շարունակէ իր յարձակումները. մտադրած է հարաւի մէջ ստեղծել անկայուն դրութեան գօտի: Կայ ներքին լարուածութիւն` քաղաքական հակոտնեայ դիրքորոշումներու պատճառով. հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանեան կառոյցներու ներկայացուցիչները Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարած են խորհրդակցական նիստ եւ քննած` պատերազմին հանգամանքները: Յստակ շեշտուած է ներքին լարուածութիւններէ հեռու մնալու հրամայականը:
Վեհափառ հայրապետը տեսակցած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անոր փոխանցած է հայ համայնքին դիրքորոշումները:
«Կիլիկիա վելրուծական հարթակ»-ի անդամները ընդգծեցին առկայ նիստեր գումարելու անհրաժեշտութիւնը, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, յատկապէս` պատերազմական այս իրավիճակներու հետեւանքներու քննարկման մտադրութիւններով:




