Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւագ Շաբաթը Լիբանանի Թեմին Մէջ

April 8, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաղման Կարգը`
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Սրբազան հայրը Աւագ շաբթուան առիթով իր գնահատանքը յայտնեց ժողովուրդին, որ ջերմեռանդութեամբ մասնակից է եկեղեցւոյ արարողական կեանքին, աւելցնելով, որ իր ներկայութեամբ այս օրերուն քիչ մը աւելի կը լեցուին մեր եկեղեցիները, նաեւ կը պայծառանայ մեր կեանքը մեր հաւատաւոր զաւակներուն ներկայութեան պատճառով:

Անդրադառնալով Քրիստոսի խաչելութեան` ան նկատել տուաւ, որ հակառակ այդ ժամանակ գոյութիւն ունեցող սարսափին եւ հալածանքներուն` Յովսէփ Արիմաթացին եւ Նիկոդեմոս յանձն առին տիրոջ թաղման կարգը  պատուով կազմակերպել, որպէսզի անարգանքով չմեկնի ան այս աշխարհէն, աւելցնելով, որ Յիսուսի գերեզմանը ոչ միայն յայտնի դարձաւ բոլորին, այլեւ սերունդներու բարեպաշտութեան շնորհիւ վերածուեցաւ ուխտատեղիի:

Առաջնորդը հաստատեց, որ այս առիթը մեզ զգաստութեան հրաւիրող պահ է, աւելցնելով, որ քրիստոնէական մեր կեանքը շարունակաբար հաւատքի ճիգով կերտուող իրականութիւն է: Ան ըսաւ, որ մեր եկեղեցիները, մեր վարժարանները, մեր կառոյցները, մեր հաստատութիւնները, մեր ակումբները մեր ժողովուրդին հաւատքով կերտուած ուխտատեղիներ են, շեշտելով, որ այդ բոլորէն հեռու` բոլորս ալ կը սպառինք ու կը վերջանանք, իսկ այդ բոլորով զօրեղ ենք ու հաստատ, որովհետեւ մեզի հետ ունեցած կ՛ըլլանք զԱստուած եւ այդ բոլորով շարունակաբար մենք կը յիշենք, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, եւ ո՛րն է մեր ժողովուրդին կամքն ու իտէալը: «Այս ճշմարտութիւններուն կը հրաւիրէ մեզ նուիրական այս առիթը, որովհետեւ բոլորս ալ կը զգանք եւ գիտենք, թէ մեր կեանքէն ներս շեղումներ շատ կան, հետեւաբար աւելի մեծ ճիգ պէտք է ի գործ դնենք, որպէսզի սրբագրենք մեր կեանքի ընթացքը», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը` կոչ ուղղելով ներկաներուն շարունակաբար մեր եկեղեցիներուն եւ մեր կառոյցներուն մէջ ներկայ գտնուելու, որպէսզի մեր հաւատքով նոր աւանդ աւելցնենք, մեր կեանքը ուղղենք, որպէսզի մնանք կանգուն եւ հաստատ ու պատրաստ` գալիք բոլոր փոթորիկները դիմակայելու արժանաւոր պայմաններով:

Յետեկեղեցական արարողութեան` կազմուեցաւ թափօրը, որ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ  պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին` շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:

Խաւարման Կարգ`
Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ:

Շահէ արք. Փանոսեան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ մեր կեանքին մէջ Քրիստոսով  ունինք այն լոյսը, որով մենք խաւարը կը շրջանցենք եւ պայծառ հորիզոնը մեր աչքին դիմաց տեսնելով, կը յարատեւենք ու կը հասնինք այն փառքին ու շնորհքին, որ մեր Տէրը պատրաստած է իր հաւատքով ապրող բոլոր հաւատացեալներուն համար: Սրբազանը շեշտեց, որ մարդ եւ Աստուած միասին պէտք է ըլլան, այլապէս` առանց Աստուծոյ անպայմանօրէն կեանքին պատճառած տեսակաւոր տագնապներուն մէջ խաւարի կը մատնենք մենք մեր կեանքը: Քրիստոս մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինքն է աշխարհի լոյսը, այսինքն աշխարհին պատճառած խաւարը դարմանելու եւ փարատելու միակ միջոցն ու ճանապարհը:

Ան շեշտեց, որ եկեղեցական այս արարողութիւնը պէտք է ազդէ մեր կեանքին վրայ եւ նոր ուղղութիւն ու առաջնորդութիւն տայ մեզի, մասնաւորապէս ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ տեսակաւոր դժուարութեանց եւ տագնապներէ կ՛անցնի մեր կեանքը, ուստի   այդ մթնոլորտին մէջ մեր հոգեկան աշխարհը ծանրաբեռնուած է մտահոգութիւններով եւ տեսակաւոր խնդիրներու դիմաց յաճախ կը դժուարանանք լուծումներու մասին մտածել եւ մենք զմեզ անօգնական եւ առանձին կը զգանք կեանքէն եկող հարուածներուն դիմաց: Սրբազանը հաստատեց, որ ամենասիրական շաբթուան առիթով Քրիստոս մեզի կ՛ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը», որպէսզի խրախուսուինք եւ ոգեւորուինք մեր կեանքին համար եւ իրմով լոյս գտնենք, նաեւ գտնենք մեր ապրած տագնապներուն բանալին, վերադասաւորենք  մեր առաջնահերթութիւնները` միշտ յիշելով, որ ամէնէն հաստատուն իրողութիւնը Աստուծմով կերտուածն է, մնացեալները ժամանակաւոր են, որովհետեւ կը պատկանին այս աշխարհին, մինչ Աստուծոյ հաւատքով կերտուածը մնայուն, անխախտ եւ անսասան է:

Ոտնլուայի Արարողութիւնը
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւը, որ կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Ջուրի եւ իւղի օրհնութիւնը կատարելէ ետք եւ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին` առաջնորդ սրբազանը ղենջակ կապած ու ծունկի գալով`  լուաց 12 պատանիներու ոտքերը:

Ապա Շահէ արք. Փանոսեան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ կը գտնուինք Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր պայմաններուն մէջ, շեշտելով, որ այս առիթը մեզ բարեպաշտութեան եւ երկիւղածութեան հրաւիրող առիթ է, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք, թէ Իր երկրաւոր կեանքի մէջ Քրիստոս ոչ միայն Իր գեղեցկագոյն պատգամները զինք շրջապատող հարազատներուն փոխանցեց, այլեւ Իր սեփական կեանքին օրինակը փոխանցելով անոնց` թելադրեց, որ Իր յիշատակով իրենք եւս շարունակեն նոյնպէս ապրիլ: Անդրադառնալով ոտնլուայի արարողութեան` սրբազանը յիշեցուց, թէ Քրիստոս ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց իրեն համար ամէնէն սիրելի եւ հարազատ անձերուն` իր սեփական աշակերտներուն հետ եւ միայն անոնց համար եւ իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն` Ան իր աշակերտներուն առջեւ ծունկի գալով` խոնարհեցաւ եւ անոնց ոտքերը լուալով թելադրեց, որ իրենք միեւնոյն օրինակով վարուին իրարու հետ, աւելցնելով, որ մենք ալ կը կատարենք ոտնլուայի արարողութիւնը յիշելու համար մեր Տէրը, նաեւ` Իր կեանքի օրինակէն օրինակ քաղելու մեր կեանքին համար, որպէսզի աշխարհի պայմաններու մէջ շեղումներ ապրող մեր կեանքի ընթացքը փոխակերպուի աստուածային սիրոյ հասկացողութեան մէջ, անցեալի տրամաբանութեամբ եւ ապրումներով, որպէսզի այդ ձեւով մենք մեր անհատական, բայց մասնաւորապէս մեր համայնական ու եկեղեցական կեանքը վերակազմակերպենք եւ մեր հասկացողութեամբ ու մեր արժէքներով զայն աշխուժացնենք:

Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ ոտնլուայի արարողութիւնը սովորութիւն է, բայց անկէ անդին` նուիրական տարբեր խորհուրդ պարունակող իրողութիւն է մեր Եկեղեցւոյ մէջ, որպէսզի սերունդէ սերունդ մեզ կանխող բոլոր ժամանակներուն ապրած մեր նախնիներուն յիշատակով մեր զաւակներուն սորվեցնենք, թէ մեր ժողովուրդը անցնող ժամանակներուն, իր հաւատքին, իր նուիրաբերութեան օրինակով եւ արարքներով ապրեցաւ ու գոյատեւեց:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը ըսաւ, որ կ’ապրինք ծանր օրերու մէջ, եւ երկար ժամանակներէ ի վեր մեր կեանքը ենթակայ է տեսակաւոր դժուարութիւններու, եւ աշխարհը օր ըստ օրէ աւելի ինքզինք կը պարտադրէ բոլորիս մեր նկարագիրը, մեր բարոյական սկզբունքները` մեր ազգային հասկացողութիւնները կասկածի տակ դնելով, եւ այս բոլորին դիմաց մենք կարիքը ունինք առաւելաբար մեր հաւատքին, նաեւ` աստուածային այն իմաստութեան, որ Քրիստոս փոխանցեց Իր աշակերտներուն, որպէսզի խաղաղութեամբ իրենց կեանքը ապրին եւ յարատեւեն իրենց վստահութիւնը կապելով իրենց տիրոջ` Աստուծոյն:

«Աւագ շաբաթը մեզ զգաստութեան հրաւիրող, բարեպաշտութեան հրաւիրող առիթ է եւ առիթ է մեզի, որ Աստուծմով օրհնութիւն վերադարձնենք մեր կեանքին եւ զայն մեր գուրգուրանքով, մեր սիրով, մեր երկիւղածութեան շունչով, մեր նուիրումով ու խոնարհութեան օրինակով մեր զաւակներուն փոխանցենք, որպէսզի իրենց քով իսկապէս մեր կեանքը յարատեւէ ու ամրանայ», հաստատեց սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը` յորդորեց ներկաները իրարու զօրավիգ ըլլալ եւ կանգուն պահել` մեր Եկեղեցին, մեր դպրոցները, մեր կառոյցներն ու հաստատութիւնները, մեր տունը, մեր ընկերութիւնը, մեր համայնական կեանքը, նաեւ` նուիրական այն սրբութիւնները, որոնք անցնող ժամանակներուն մեր ժողովուրդի կամքով արմատացան մեր ինքնութեան մէջ:

Յայտնենք, որ նոյն օրը երեկոյեան Լիբանանի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ խաւարման կարգը:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Աւագ Շաբաթը Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.