Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասը Կուսանաց Յիշատակութիւնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

April 2, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւագ երեքշաբթին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամէնէն երկար օրը կը համարուի: Հայ եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջ ան յիշատակուած է իբրեւ «Տասը Կուսանաց»` վերցնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն: Քրիստոս` տասը կոյսերուն մասին պատմած առակին ճամբով, մեզի կը փոխանցէ իմաստութեամբ ապրելու եւ երկրորդ գալուստին պատրաստ ըլլալու պատգամը:

Արդարեւ, Աւագ երեքշաբթի, 31 մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութիւնը: Աւետարանի ընթերցման պահուն, մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանէն տասը աշակերտներ կանգնեցան եկեղեցւոյ ատեանին մէջ` խորհրդանշելով աւետարանական հատուածի տասը իմաստուն եւ յիմար կոյսերը` իրենց ձեռքերուն ունենալով մոմեր: Ապա աշակերտները վիճակ ձգեցին. անոնց, որոնց վիճակուեցաւ «յիմար» վիճակը` մարեցին իրենց մոմերը` խորհրդանշելով անտարբեր ու անպատրաստ կոյսերը, իսկ անոնք, որոնք իրենց մոմերը վառ պահեցին` խորհրդանիշն էին Տէրը դիմաւորելու արթուն ու պատրաստ կոյսերուն: Նշենք, որ ժամերգութեան ընթացքին մոմակրութիւնն ու վիճակաձգութիւնը կատարեցին կիրակնօրեայ վարժարանի երեք այլ  աշակերտուհիներ:

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան աւարտին մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, տնօրէնութեան եւ ծնողներուն ընկերակցութեամբ, բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:

Նախորդը

Ովսաննա, Թագաւորներու Թագաւոր Ովսաննա

Յաջորդը

Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Հետ Գործակցութեան Ծիրին Մէջ. «Ազդակ»-ի Ամբողջական Մատենագիտութեան Կազմութեան Աշխատանքը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.