– Աւագ շաբաթ, 4 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կատարուեցաւ Սուրբ Յարութեան տօնի Ճրագալոյցի եկեղեցական արարողութիւնը: Մարգարէական ընթերցուածներէն ետք մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի սուրբ պատարագը` «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէն Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի կողմէ:
Սուրբ պատարագի աւարտին կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան խորանէն իջեցուց Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց վեհափառ հայրապետին, որ, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն` դպրեվանեցիներուն «Այսօր յարեաւ Փեսայն անմահ» շարականի երգեցողութեամբ:
Հուսկ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր կատարուեցաւ Սուրբ Յարութեան տօնի տնօրհնէքի արարողութիւնը:
– Աւագ ուրբաթ, 3 ապրիլ 2026-ին Արամ Ա. վեհափառը հանդիսապետեց Քրիստոսի թաղման կարգին եւ իր քարոզին մէջ ընդգծեց, որ սովորական, մահկանացու մարդուն մահուան նշումը չէ, որ կատարեցինք, այլ` Աստուծոյ Միածին Որդւոյն` Յիսուս Քրիստոսի:
Մէջբերելով Պօղոս առաքեալի թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին նամակին 15-րդ գլուխէն, ուր կը նշուի, որ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար յարութիւն առաւ, կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ այս նախադասութեան մէջ ամփոփուած է Քրիստոսի թաղման, մարդեղութեան եւ առաքելութեան ամբողջ իմաստը: Քրիստոս աշխարհ եկաւ մեղանչած ու Աստուծմէ հեռացած մարդուն համար, որպէսզի զայն դարձեալ մօտեցնէ Աստուծոյ: Առ այդ, հայրապետը յայտնեց, որ Հայր Աստուած այնքան սիրեց Իր արարած մարդը, հակառակ անոր մեղանչական վիճակին, որ Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց վասն մարդու փրկութեան: «Աստուծոյ Որդին երկինքէն երկիր իջաւ, մեղաւոր մարդուն մօտեցաւ, քարոզեց, հրաշագործեց, Իր պատգամները փոխանցեց, յիշեցումներ կատարեց` մէկ նպատակ ունենալով` մարդուն ազատագրութիւնը մեղքէն, մարդու փրկութիւնը: Եւ Քրիստոս այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ մարդուն համար խաչուեցաւ, գերեզման իջաւ եւ ապա յարութիւն առաւ: Ահա, սիրելի՛ հաւատացեալներ, խորհուրդը Քրիստոսի մարդեղութեան: Ինչ որ Քրիստոս խօսեցաւ Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, ինչ որ կատարեց մէկ եւ յստակ նպատակ ունէր` մարդու փրկութիւնը: Ահաւասիկ իմաստը մարդեղութեան եւ իմաստը Քրիստոսի թաղման», ընդգծեց հայրապետը
Շարունակելով պատգամը` Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ Պօղոս առաքեալ գեղեցկօրէն կը խօսի Քրիստոսի մասին եւ Քրիստոսը կոչելով երկրորդ Ադամ` կը հակադրէ առաջին Ադամին. այսպիսով առաքեալը երկրորդ Ադամը կը նկատէ առաջին Ադամին սխալները ճշդողը, որպէսզի լոյս տայ աշխարհին եւ կեանք բերէ մարդուն: Ուստի, վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ Աւագ շաբթուան եկեղեցական արարողութիւններուն ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յիշեցնենք, որ Քրիստոս բոլորին համար, անխտիր, աշխարհ եկաւ եւ Իր կեանքով ցոյց տուաւ մեզի փրկութեան ճշմարիտ ճանապարհը: Թաղուելով` Իրեն հետ թաղեց մեր մեղքերը: Այդ իմաստով, հայրապետը յիշեցուց, որ այնպէս, ինչպէս Քրիստոսի պարագային թաղումը վերջ չէր, նոյնպէս ալ քրիստոնէական հասկացողութեամբ թաղումը վերջ չէ, այլ հանգրուան մըն է, որ հաւատացեալը կը տանի դէպի յաւիտենական կեանք:
«Քրիստոս թաղուելով եւ յարութիւն առնելով` նաեւ մեզի ցոյց տուաւ, որ մեր մեղքերը քաւելով` մենք կը մտնենք դէպի փրկութեան տանող ճամբան: Հետեւաբար, սիրելի՛ հաւատացեալներ, եկէք, այս հաւատքով եւ այս գիտակցութեամբ մեր մեղքերը թաղենք», եզրափակեց կաթողիկոսը` հրաւիրելով բոլորը այս գիտակցութեամբ ողջունելու Քրիստոսի յարութիւնը:
Կարեւորութեամբ նշենք, որ վեհափառ հայրապետին ձեռին կը գտնուէր Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը, որ մեր Սուրբ Աթոռին հովանիին ներքեւ կը պահպանուի եւ տարին երկու առիթով` Անթիլիասի ուխտի օրուան եւ մեր Փրկիչին թաղման կարգին դուրս կը բերուի «Կիլիկիա» թանգարանէն, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները ստանան անոր օրհնութիւնը:
Յայտնենք, որ եկեղեցական արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեցին դպրեվանքի աշակերտները` Ազատ աբղ. Ֆիլիքեանի խմբավարութեամբ:
– Աւագ հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 4:00-էն սկսեալ հաւատացեալներ հաւաքուած էին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` մասնակից դառնալու համար ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութեան, որուն հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Մայր տաճարի սուրբ խորանին վրայ կանգնած էին Քրիստոսի 12 աշակերտները խորհրդանշող երկու միաբան հայրեր եւ դպրեվանեցի տասը աշակերտներ: Աւետարանական ընթերցումներու եւ շարականներու երգեցողութեան ճամբով ներկայացուեցաւ ոտնլուայի դէպքը: Ապա վեհափառ հայրապետը, հետեւելով մեր Փրկիչին օրինակին, մէջքին ղենջակ կապած, լուաց յիշեալ տասներկուքին ոտքերը:
Արարողութեան աւարտին կաթողիկոսը տուաւ իր պատգամը` կեդրոնանալով Աստուծոյ սիրոյն վրայ: Ան ըսաւ, որ սէրը քրիստոնէական գործելակերպին առանցքն է, եւ այդ պատճառով ալ Աստուած Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մարդոց փրկութեան համար: Այս առիթով հայրապետը ընդգծեց, որ իբրեւ հաւատացեալներ, սովորական կերպով պէտք չէ մօտենանք սիրոյ, այլ պէտք է հասկնանք, որ Աստուած սէր է Իր էութեամբ: Շարունակելով պատգամը` ան դիտել տուաւ, որ Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր էջ կը պարունակէ սիրոյ ներկայութիւնը` ուղղակի թէ՛ անուղղակի կերպով, որովհետեւ Աստուածաշունչը Աստուծոյ յայտնութեան պատմութիւնն է, եւ այդ մէկը սիրոյ յայտնութիւնն է: «Այսօր մեր Եկեղեցին անգամ մը եւս կու գայ յիշեցնելու իր հաւատացեալներուն, թէ որքա՜ն էական է սէրը մեր կեանքին մէջ: Սիրոյ ճամբով է, որ մենք կ՛ընթանանք դէպի փրկութեան ճանապարհ, արքայութեան դռները կը բացուին մեր առջեւ, քանի որ, ինչպէս Յովհաննէս Պլուզ վարդապետէն կարդացինք, սէրը երկինքի արքայութեան բանալին է», յայտնեց վեհափառ հայրապետը:
Հուսկ, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ ընտանիք հասկացողութեան եւ դիտել տուաւ, որ ծնողքի միջեւ փոխադարձ սէրը պէտք է ճառագայթէ եւ զաւակներուն օրինակ դառնայ, նոյնպէս մեր կազմակերպութիւններուն, համայնքներուն, ազգի կեանքին մէջ սէրը պէտք է մնայուն եւ տիրական ներկայութիւն ըլլայ` հակառակ տարբեր տեսակէտներու եւ կարծիքներու գոյութեան:
«Եկէ՛ք, հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ սիրե՛նք, միայն չխօսինք սիրոյ կարեւորութեան մասին, այլ սիրե՛նք, որովհետեւ սէրը զգացական, տեսական երեւոյթ չէ, այլ գաղափար է. մտածում չէ, այլ կեանքի որակ է: Հետեւաբար այս գիտակցութեամբ սէրը ապրինք մեր անհատական թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ», եզրափակեց հայրապետը իր պատգամը:
Նշենք, որ նախքան հայրապետական պատգամը, կաթողիկոսը իր խոր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ի տես ծնողներուն` իրենց զաւակները եկեղեցի ուղղելուն` հակառակ ապահովական պայմաններուն: Ան նաեւ բարձր գնահատեց երիտասարդներուն եկեղեցական կեանքին բերած գործուն մասնակցութիւնը: Ան նաեւ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին պատրաստութեամբ, երկրորդ տարին ըլլալով, հաւատացեալներուն կը տրամադրուի Աւագ շաբթուան արարողութիւնները պարունակող գրքոյկներ` գրաբար եւ աշխարհաբար, եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ անոնք կ՛օգտագործուին խանդավառութեամբ ու հետաքրքրութեամբ:
Աւագ հինգշաբթի առաւօտեան մատուցուեցաւ ս. հաղորդութեան պատարագ` յիշատակելով մեր Տիրոջ եւ Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքը, իսկ գիշերը` Տիրոջ մատնութիւնը, դատապարտութիւնը եւ չարչարանքները:


