Գաղութային

«Արցախ Ֆոնտ»-ը Վարչապետ Փաշինեանի  Հրաժարականը Պահանջող Նամակ Կը Յղէ

«Արցախ Ֆոնտ»-ը Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Նամակ Կը Յղէ

Երէկ` ուրբաթ, 4 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, «Արցախ ֆոնտ»-ի Լիբանանի մարմինէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ եւ անոր յանձնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած նամակ մը, որուն մէջ «Արցախ ֆոնտ»-ը կը դատապարտէ 9 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ ու Ազրպէյճանի նախագահներուն ստորագրած յանձնուողական յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը: Ստորեւ` նամակին...

«Կան Հանգամանքներ, Որոնք Ֆրանսան Կ՛առաջնորդեն  Արցախի Ճանաչման Նպաստող Որոշումներու» Կ՛ըսէ Դոկտ. Յարութիւն Գէորգեան

«Կան Հանգամանքներ, Որոնք Ֆրանսան Կ՛առաջնորդեն Արցախի Ճանաչման Նպաստող Որոշումներու» Կ՛ըսէ Դոկտ. Յարութիւն Գէորգեան

«Ազդակ»-ի 18-րդ առցանց լսարանին զեկուցեց ֆրանսահայ պատմաբան դոկտ. Յարութիւն Գէորգեան, որուն նիւթն էր «Ֆրանսայի ծերակոյտի որոշումին նշանակութիւնը»: Դասախօսը նախ պարզեց, որ նիւթը որոշուած ատեն տակաւին Ֆրանսայի խորհրդարանը նման որոշում չէր կայացուցած, հետեւաբար վերլուծումը ընդլայնեց թէ՛ ծերակոյտին եւ թէ՛ Ազգային ժողովին որդեգրած բանաձեւերուն վրայ, անմիջապէս նկատել տալով, որ ծերակոյտի պարագային ներկաներուն թիւը շուրջ 300 էր, մինչ խորհրդարանի պարագային` 185, շուրջ 600-ի...

Հաղորդագրութիւն.  «Ռոթարի Քլապ Պէյրութ Սետըրզ» Կազմակերպութիւնը  Մեսրոպեանին Նուիրեց 20 Թապլեթներ

Հաղորդագրութիւն. «Ռոթարի Քլապ Պէյրութ Սետըրզ» Կազմակերպութիւնը Մեսրոպեանին Նուիրեց 20 Թապլեթներ

Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ «Ռոթարի Քլապ Պէյրութ Սետըրզ» կազմակերպութիւնը, շարունակելով իր օգնութիւնը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, վարժարանին նուիրեց 20 թապլեթներ, որոնք պիտի տրամադրուին վարժարանի աշակերտներուն` առցանց դասերուն համար օգտագործուելու նպատակով: Թապլեթներու յանձնման առիթով տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի ստորագրութիւն` «Ռոթարի Քլապ Պէյրութ Սետըրզ»-ի նախագահ Յակոբ Տանձիկեանի եւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի միջեւ: Տանձիկեան գնահատեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան հետեւողական ջանքերը`  ուղղուած ներկայ դժուարին...

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Հայութեան Օգնութիւն

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Հայութեան Օգնութիւն

Առ ի տեղեկութիւն մեր սիրելի ժողովուրդին կը տեղեկացնենք թէ, Երեքշաբթի 4 Օգոստոս 2020-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած անսպասելի հսկայական պայթումին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանն ու Պետական Ներկայացուցչի գրասենեակը միասնաբար դրամահաւաքի կոչ մը հրապարակած էին «Լիբանանի Հայութեան Օգնութեան Համար», որուն անմիջապէս ընդառաջած էր Կիպրահայ գաղութը: Ինչպէս օրին յայտարարուած էր գումարը պիտի յատկացուէր անհրաժեշտ սննդեղէն ուղարկելու կարիքաւոր ընտանիքներուն համար: Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբերին,  Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ․ Խորէն Արք. Տողրամաճեանն ու Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան անձամբ այցելած էին...

Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներէն Ետք  Կը Նախատեսուի Յայտարարել  Խմբագիրներու Միացեալ Հարթակը

Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներէն Ետք Կը Նախատեսուի Յայտարարել Խմբագիրներու Միացեալ Հարթակը

Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2020-ին, «Արմէնփրես»-ի տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ: Նիստին զեկուցուեցան միջինարեւելեան եւ Եւրոպայի տարածաշրջաններու առցանց ժողովներուն ընթացքին քննարկուած հարցերուն եւ հնչած առաջարկներուն մասին: Արցախեան պատերազմի պատճառով առկախուած էր Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց ժողովը: Ժողովը որոշեց տարածաշրջանային այս երրորդ առցանց ժողովը գումարել 10 դեկտեմբերին,...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն

Կիրակի, 22 նոյեմբեր 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը եւ Կրօնական ժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Տեսակցութեան աւարտին Ազգային իշխանութեանց անունով հետեւեալ յուշագիրը յանձնուեցաւ: Մեծայա՛րգ Պրն. Նիկոլ Փաշինեան Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծայա՛րգ պրն. վարչապետ, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեանց անունով, ցաւով կ՛արձանագրենք, որ ձեր կողմէ նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրով, դուք ո՛չ...

«Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողները  Հերոսներ Են ու Նահատակներ»   Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայրենիքին Համար Արիւն Թափողները Հերոսներ Են ու Նահատակներ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ առաջարկած, որ 22 նոյեմբերը յայտարարուի արցախեան ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ այդ իմաստով հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն: Արդարեւ, կիրակի, 22 նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ...

Հաղորդագրութիւն.  Մեսրոպեանի «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրը  Կ՛ընդլայնի Երկու Նոր Դասարաններով

Հաղորդագրութիւն. Մեսրոպեանի «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրը Կ՛ընդլայնի Երկու Նոր Դասարաններով

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը օժտուեցաւ երկու նոր դասարաններով, որոնց կառուցման եւ կահաւորման աշխատանքները հասած են աւարտին: Մանկամսուրի ընդլայնումը պայմանաւորուած է կրթական տարուան սկիզբէն դիմորդներու շարունակական աճով: Տնօրէնութիւնս շնորհակալութիւն կը յայտնէ մանկամսուրի բարերար տիկին Ալիս Ներկիզեանին, որ անմիջապէս ընդառաջեց հոգալ մանկամսուրի ընդլայնման, իսկ ատկէ առաջ` նաեւ Պէյրութի պայթումին պատճառած վնասներու վերացման եւ վերանորոգման...

Յուշագիր` ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Կողմէ

Յուշագիր` ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Կողմէ

Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ՀՅԴ ԼԵՄԻ կողմէ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի ճամբով Հայաստանի վարչապետին ուղղուած յուշագիրը, որով անոնք կը պահանջեն պարտուողական եւ անձնատուութեան համաձայնագիր ստորագրած Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը (դեսպանին յանձնուեցան 19 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ):  Մեծայարգ Վահագն Ադաբեկեանի` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Լիազօր դեսպանի խողովակով Մեծայարգ Նիկոլ Փաշինեանին` Հայաստանի վարչապետ Յարգելի՛ պարոն Փաշինեան, Արդէն իսկ...

Հաղորդագրութիւն

Յուշագիր` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն

Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի ճամբով Հայաստանի վարչապետին ուղղուած յուշագիրը, որ կը պահանջէ պարտուողական եւ անձնատուութեան համաձայնագիր ստորագրած Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը (դեսպանին յանձնուեցան 19 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ):  10 նոյեմբեր 2020-ին Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի դադրեցման համար Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստորագրեց յանձնուողական ու պարտուողական եռակողմանի համաձայնագիր մը` դուռը...

Յուշագիր` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Կողմէ

Ստորեւ կը հրապարակենք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի ճամբով Հայաստանի վարչապետին ուղղուած յուշագիրը, որ կը պահանջէ պարտուողական եւ անձնատուութեան համաձայնագիր ստորագրած Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը (դեսպանին յանձնուեցան 19 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ):  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ` Նիկոլ Փաշինեանին Հայաստանն ու սփիւռքը  27 սեպտեմբերէն մինչեւ 9 նոյեմբեր 2020 դիմագրաւեցին չափազանց տագնապալի պահեր, գոյատեւելու պահեր: Թշնամիին` ազերիին...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Յուշագիր` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Կողմէ

Ստորեւ կը հրապարակենք Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի ճամբով Հայաստանի վարչապետին ուղղուած յուշագիրը, որ կը պահանջէ պարտուողական եւ անձնատուութեան համաձայնագիր ստորագրած Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը (դեսպանին յանձնուեցան 19 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ):  Արցախի 44-օրեայ արիւնալի պատերազմին վերջ դնելու նպատակով նոյեմբեր 10-ին, միանձնեայ որոշումով, ժողովուրդէն, գաղտնի, ստորագրուեցաւ մեր պատմութեան ամէնէն ամօթալի համաձայնագիրը, որ Արցախի անձնատուութեան...

Հաղորդագրութիւն.  «Զ. Մուքահալ Հիմնարկը» Կ՛եռապատկէ Իր Օժանդակութիւնը Մեսրոպեան Վարժարանին Հոգալու Համար 109 Աշակերտներու Կրթաթոշակին Մէկ Երրորդը

Հաղորդագրութիւն. «Զ. Մուքահալ Հիմնարկը» Կ՛եռապատկէ Իր Օժանդակութիւնը Մեսրոպեան Վարժարանին Հոգալու Համար 109 Աշակերտներու Կրթաթոշակին Մէկ Երրորդը

Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ «Զ. Մուքահալ հիմնարկ»-ի հիմնադիր պարոն Ուիսամ Մուքահալ` Մեսրոպեան վարժարանին մէջ կրթութեան զարգացման նախաձեռնութիւններու օժանդակութեան ՌԱՖԻՔ ծրագիրի հիմնադիրը, ծրագիրի հիմնադրութեան հնգամեակին առիթով այցելեց Մեսրոպեան վարժարան եւ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը` վարժարանիս եւ աշակերտներուն: Պարոն Մուքահալ, առ ի գնահատանք վարժարանիս կրթական առաքելութեան եւ առ ի օժանդակութիւն աշակերտներու ծնողներուն, յայտարարեց, որ իր ղեկավարած հիմնարկը կ՛եռապատկէ իր տարեկան դրամական օժանդակութիւնը Մեսրոպեանին....

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան, այցելեցին Սուրիոյ դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցան Կիպրոսի մօտ Սուրիոյ դեսպանորդ՝  Պրն. Ուաէլ Իսմայիլ Ալ-խալիլի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ: Սրբազան Հայրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի ու Կիպրահայ համայնքին անունով, Կրօնական Դասուն, Ժողովականութեան եւ անձնապէս իր խորազգած ցաւակցութիւնները յայտնեց Դեսպանորդին ու անոր ճամբով Սուրիոյ...

Դեսպան Աթաբէկեան Լիբանանահայ Օրաթերթերուն Փոխանցեց Կարեւոր Ընդգծումներ

Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւններու Պատուիրակութիւնը Եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ն ու ԼԵՄ-ը Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Յուշագիրներ Յանձնեցին Հայաստանի Դեսպանատան

Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւններէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ` հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Իւրաքանչիւր միութենէ դեսպանին յանձնուեցաւ յուշագիր մը` ուղղուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Ներկայացուած յուշագիրներուն մէջ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնները դատապարտեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ազրպէյճանի հետ պատերազմի դադրեցման համար ստորագրած յանձնուողական եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Յայտարարութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի

Մեր ժողովուրդը ծանր օրեր կ՛ապրի: Անցնող 44 օրերու ընթացքին Արցախի մէջ կորսնցուցինք հերոս զինուորներ, մեր ժողովուրդի աղօթքով ու արիւնով շաղախուած սրբավայրեր ու եկեղեցիներ. մանաւանդ կորսնցուցինք հսկայ տարածքներ: Սակայն, չկորսնցուցինք մեր ժողովուրդի հաւատքն ու վերականգնելու կամքը: Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ իր հայրապետական պատգամին մէջ ողջունեց մեր հերոս բանակին ցուցաբերած քաջ դիմադրութիւնը` ազերիական ու թրքական հսկայ բանակին եւ միաժամանակ ընդհանուր գիծերով պարզեց...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Արցախի Հարցով Պարտուողական Յայտարարութիւնը Դատապարտող Նամակ Յղեց Հայաստանի Դեսպանին

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը երէկ` երկուշաբթի, 16 նոյեմբերին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին յղեց հետեւեալ նամակը. «Մեր նամակին շարժառիթը օրեր առաջ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ստորագրուած մեր արդի պատմութեան ամէնէն անփառունակ յայտարարութիւնն է, որուն հիմամբ տասնամեակներ շարունակ արեան գնով ազատագրուած հայկական հողեր անգամ մը եւս յանձնուեցան թշնամիին, սակայն այս անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար, վարչապետ Նիկոլ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կոչ Ուղղեց Մերժելու  Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Միջեւ Ստորագրուած  Փաստաթուղթը Եւ Հեռու Մնալու Ներքին  Ցնցումներ Յառաջացնող Քայլերէ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կոչ Ուղղեց Մերժելու Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Միջեւ Ստորագրուած Փաստաթուղթը Եւ Հեռու Մնալու Ներքին Ցնցումներ Յառաջացնող Քայլերէ

Կիրակի, 15 նոյեմբերին Անթիլիասի մայրավանքէն հայ ժողովուրդին ուղղած իր հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց «մերժելու օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն զինադուլի համաձայնութենէն անդին, երկդիմի ու անորոշ կէտերով լեցուն եւ վտանգալից հետեւանքներով յղի ներկայ փաստաթուղթը»: Ողջունելէ ետք հերոսաբար Արցախի հողը պաշտպանած մեր քաջ բանակը` ան ըսաւ, թէ «պատերազմը չէ աւարտած. հետեւաբար,...

Այցելութիւն Հայաստանի Դեսպանատուն Եւ Յուշագիրի Յանձնում

Այցելութիւն Հայաստանի Դեսպանատուն Եւ Յուշագիրի Յանձնում

Ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2020, կէսօրին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ  յուշագիր մը յանձնեց Հայաստանի պետութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յուշագիրը իր ամբողջութեամբ։ 10 նոյեմբեր 2020 թուականին, Հայաստանի  Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի դադրեցման համար ստորագրեց յանձնուողական ու պարտուողական եռակողմ համաձայնագիր մը՝ դուռը լայն բանալով Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու մեծամասնութեան զիջումին եւ կորուստին։ Վարչապետ...

Հաղորդագրութիւն

Երթը Պիտի Շարունակուի Յոյսով, Հաւատքով Եւ Անսահման Նուիրումով

(ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատգամը` Միութեան Հիմնադրութեան 102-Ամեակին Առիթով) Տօնական տրամադրութիւններէ ամբողջովին հեռու, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար օրհասական պայմաններու մէջ, կը նշենք ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 102-ամեակը: 102 տարի առաջ, այս օրերուն, նորանկախ Հայաստանի հետ ծնունդ կ’առնէր Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` ՀՄԸՄ-ը, անմիջապէս լծուելով Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հազարաւոր որբերու փրկութեան, դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքին: ՀՄԸՄ ծնունդ կ’առնէր հայրենիքէն...

Page 147 of 365 1 … 146 147 148 … 365

Արխիւներ