Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի

Նոյեմբեր 17, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր ժողովուրդը ծանր օրեր կ՛ապրի: Անցնող 44 օրերու ընթացքին Արցախի մէջ կորսնցուցինք հերոս զինուորներ, մեր ժողովուրդի աղօթքով ու արիւնով շաղախուած սրբավայրեր ու եկեղեցիներ. մանաւանդ կորսնցուցինք հսկայ տարածքներ: Սակայն, չկորսնցուցինք մեր ժողովուրդի հաւատքն ու վերականգնելու կամքը:

Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ իր հայրապետական պատգամին մէջ ողջունեց մեր հերոս բանակին ցուցաբերած քաջ դիմադրութիւնը` ազերիական ու թրքական հսկայ բանակին եւ միաժամանակ ընդհանուր գիծերով պարզեց մեր ժողովուրդին ու հայրենի պետութեան կողմէ առնուելիք յառաջիկայ անհրաժեշտ քայլերը:

Այս ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամուր պահելու հրամայականը, որ աւելի քան կենսական է ներկայ ճգնաժամային փուլին: Ան կոչ ուղղեց մերժելու Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած փաստաթուղթը, որ յղի է վտանգալից հետեւանքներով` Հայաստանի ու Արցախի հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան առնչուած: Բաժնելով ժողովուրդին ընդվզումը եւ սպասումը, վեհափառ հայրապետը հայրաբար թելադրեց հեռու մնալ երկրին մէջ անկայունութիւն յառաջացնող ցնցումներէ ու բռնութիւններէ եւ ժողովուրդին սպասումներն ու պահանջները իրագործել` յարգելով սահմանադրական սկզբունքներն ու գործընթացները: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս շեշտեց, թէ բոլորս համարատու ենք ժողովուրդին եւ ժողովուրդին կամքը ճշդորոշիչ դեր ունի բոլոր պարագաներուն եւ բոլոր պայմաններուն մէջ:

Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովս ջերմօրէն կ՛ողջունէ վեհափառ հայրապետին պատգամը: Միաժամանակ, մեր կեանքի ներկայ ճակատագրական ժամանակներուն, մեկնելով մեր եկեղեցւոյ ներքին միասնականութիւնը պահելու նախանձախնդրութենէն, կը բաժնէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին այսօրուան յայտարարութեան մէջ պարզուած մտահոգութիւնները եւ առաջադրանքները, կարեւորութեամբ կ՛ընդգծէ հոն տեղ գտած հետեւեալ սպասումները. «Անցնող այս ժամանակահատուածում կայացուած որոշումների, հակամարտութեան այսօրինակ հանգուցալուծման եւ ազգային համերաշխութեան վերականգնման համար, միմիայն օրինականութեան նկատմամբ անվերապահ յարգանքով, պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն բոլոր պատկան մարմինների իրաւասու պաշտօնեաները` չբացառելով նաեւ հրաժարականների հաւանականութիւնը: Հարկ է պահպանել իրաւունքի գերակայութիւնը եւ քաղաքական բոլոր գործընթացները լուծման առաջնորդել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան շրջանակներում… Հարկ է ականջալուր լինել ժողովրդի ձայնին եւ հաղորդ հանրութեան հիասթափութիւններին եւ պահանջներին` գործել անձնական եւ կուսակցական շահերից վեր, պետական մտածողութեան բարձր գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ»:

Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովս, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերը ներկայացնող վերին մարմին, Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու թելադրութեամբ կը յիշեցնէ մեր բոլոր թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ու ազգային իշխանութիւններուն, վեհափառ հայրապետի պատգամին մէջ արծարծուած մտածումներու ու կատարուած առաջադրանքներու հետեւողութեամբ, դառնալ ջատագով մեր ժողովուրդի միասնութեան, զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի ու Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ հետեւողական աշխատանք տանիլ ի խնդիր Արցախի միջազգային ճանաչման:

Նախորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Արցախի Հարցով Պարտուողական Յայտարարութիւնը Դատապարտող Նամակ Յղեց Հայաստանի Դեսպանին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?