Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Հայութեան Օգնութիւն

Նոյեմբեր 25, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առ ի տեղեկութիւն մեր սիրելի ժողովուրդին կը տեղեկացնենք թէ, Երեքշաբթի 4 Օգոստոս 2020-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած անսպասելի հսկայական պայթումին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանն ու Պետական Ներկայացուցչի գրասենեակը միասնաբար դրամահաւաքի կոչ մը հրապարակած էին «Լիբանանի Հայութեան Օգնութեան Համար», որուն անմիջապէս ընդառաջած էր Կիպրահայ գաղութը:

Ինչպէս օրին յայտարարուած էր գումարը պիտի յատկացուէր անհրաժեշտ սննդեղէն ուղարկելու կարիքաւոր ընտանիքներուն համար: Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբերին,  Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ․ Խորէն Արք. Տողրամաճեանն ու Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան անձամբ այցելած էին «Միտցիտիս» հաստատութիւնը, հանդիպում ունեցած սեփականատիրոջ հետ եւ ապա, ականատես եղած էին հաւաքուած գումարով բեռցուած ուտեստեղէններուն, որոնք մասնաւոր տուփերու եւ կազմերու մէջ զետեղուած էին՝ (7000 տոպրակ ալիւր, 9600 ծրար մաքարոն, 2400 տոպրակ ձաւար, 3168 տոպրակ բրինձ եւ 1080 տուփ փոշի կաթ): Օրինական թուղթերը պատրաստուելէ ետք «Container»-ը  Լիմասոլի նաւահանգիստէն (օրին՝ այլ ճանապարհ չկար), ճամբայ ելած էր դէպի «Բիրէա» (Յունաստան), Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) եւ ապա Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ուղղակի պիտի յանձնուէր Պուրճ Համմուտի Ազգային Առաջնորդարան Առաջնորդ՝ Գերշ. Շահէ Արք. Փանոսեանին, որպէսզի պարտն ու պատշաճը կատարէ:

Երէկ, Երեքշաբթի 24 Նոյեմբերին, կէսօրէ ետք Լիբանանի Առաջնորդ՝ Շահէ Սրբազանը հեռաձայնային կապով տեղեակ պահեց Կաթողիկոսական Փոխանորդը, թէ դժբախտաբար Լիբանանի մաքսատան երկար քննութիւններուն, հետախուզութեանց եւ ապրանքը դուրս բերելու հարցի բաւականին դժուարացումէն ետք, ի վերջոյ նոր կարողացած են առաքուած օգնութիւնը ստանալ եւ արդէն պարպումի աշխատանքները կը շարունակուին զետեղուելով «Միացեալ Վարժարան»ի մէջ, ուրկէ Ազգային Առաջնորդարանի հսկողութեամբ պիտի կատարուի բաշխումն ու պարտն ու պատշաճը կարիքաւոր ընտանիքներու: Սրբազանը իր կարգին տեղեակ պահեց Պետական ներկայացուցիչը փոխանցուած լուրին մասին:

Այս առիթով պարտ կ՛ըզգանք անգամ մը եւս մեր ջերմ շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու բոլոր անոնց՝ «Միտցիտիս» հաստատութեան, Պետական Ներկայացուցչին, Ազգային Վարչութեան, Կազմակերպութեանց, Բարեսիրական Միութեանց ու յատկապէս Կիպրահայութեան,  որոնք նիւթաբարոյական իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերին սատար կանգնելու համար Լիբանանահայութեան:

Վարձքը կատար անխտիր բոլորին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

25 Նոյեմբեր 2020     

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (25 Նոյեմբեր 2020)

Յաջորդը

Յայտարարութիւն (25 Նոյեմբեր 2020)

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?