Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշագիր` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Կողմէ

Նոյեմբեր 21, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ կը հրապարակենք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի ճամբով Հայաստանի վարչապետին ուղղուած յուշագիրը, որ կը պահանջէ պարտուողական եւ անձնատուութեան համաձայնագիր ստորագրած Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը (դեսպանին յանձնուեցան 19 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ): 

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ`
Նիկոլ Փաշինեանին

Հայաստանն ու սփիւռքը  27 սեպտեմբերէն մինչեւ 9 նոյեմբեր 2020 դիմագրաւեցին չափազանց տագնապալի պահեր, գոյատեւելու պահեր:

Թշնամիին` ազերիին կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը շատ ծանր էր բոլորիս համար:

Այդ օրերուն սփիւռքահայութիւնը, հակառակ անոր  որ հայրենի հողէն հեռու է ակամայ, հայրենի քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ ապրեցաւ հայրենիքի մորմոքը:

Կազմակերպութիւններ, միութիւններ թէ անհատներ, իւրաքանչիւրը իր ձեւով ջանաց հասնիլ Արցախի ժողովուրդին կարիքներուն: Հոս տեղին է յիշատակել, թէ տարիներ շարունակ սփիւռքի մէջ գործող իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն նիւթական աջակցութեամբ, կրթական թէ ընկերային մարզերու մէջ կատարուած ներդրումներով, հայրենանուէր ծրագիրներով միշտ ու միշտ տէր կանգնած է Արցախին:

Ըլլալով Հայ օգնութեան միութեան մէկ միաւորը, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը սատար  հանդիսացած է միութեան` Արցախի ի նպաստ կազմակերպած դրամահաւաքներուն եւ այլ նախաձեռնութիւններուն: Արցախեան մերօրեայ պայքարին եւս Միութիւնս զանազան ծրագիրներով շարունակեց աջակցիլ Արցախին:

Անհերքելի ճշմարտութիւն է, թէ սփիւռքահայութեան սիրտերը կը բաբախեն Հայաստանի եւ Արցախի համար:

Անհաւասար ուժերով մղուած այս պատերազմին մասին չափազանց դրական մօտեցումներ ցուցաբերեցին հայրենի իշխանութիւնները, եւ «Յաղթելու ենք» կարգախօսով արբեցաւ հայութիւնը, մինչեւ տխրահռչակ այն օրը, երբ  դո՛ւք` պրն. վարչապետ, առանձինն, առանց նախօրօք կատարուած լուսաբանութիւններու եւ  հիմնաւորումներու, կամայականօրէն ստորագրեցիք Արցախի տարածքին մեծ մասը թշնամիին յանձնելու ամօթալի համաձայնագիրը:

Ու 9 նոյեմբերը վերածեցիք մեր պատմութեան ամէնէն չարաբաստիկ օրերէն մէկուն:

Սփիւռքահայութեան` ազատ ու  անկախ Արցախի Հանրապետութիւն ունենալու հպարտանքը ստորագրութեամբ մը վերածեցիք ողբերգութեան, եւ հայրենասիրութեամբ դաստիարակուած սփիւռքահայուն դաւաճանութիւն ջամբեցիք:

Այո՛, պրն. վարչապե՛տ, եռակողմանի համաձայնագիրին տակ դրած ձեր ստորագրութեամբ դաւաճանեցիք ե՛ւ հայրենիքին, ե՛ւ նահատակներուն, ե՛ւ սփիւռքահայութեան:

Մենք հայրենի հողին կառչած ազգ ենք եւ հող չենք յանձներ:

Վկայ արցախեան պայքարի մեր նահատակները:

Որպէս սփիւռքահայ կանացի կազմակերպութիւն, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որ նախանձախնդիր է սփիւռքի մէջ հայեցի դիմագիծի պահպանման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի բարօրութիւնն ու անկախութիւնը ամէն բանէ վեր կը դասէ, իր 4000 անդամուհիներով կը մերժէ ստորագրուած համաձայնագիրը եւ կը պահանջէ, որ անյապաղ հրաժարիք վարչապետի պաշտօնէն, որովհետեւ այդ համաձայնագիրը ամօթալի է հայուն համար:

Հայրենի հողը սրբութիւն է հայուն համար: Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները անկէ կարելի չէ հրաժարիլ:

19 նոյեմբեր 2020

Նախորդը

Յուշագիր` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Կողմէ

Յաջորդը

Յուշագիր` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?