Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելութիւն Հայաստանի Դեսպանատուն Եւ Յուշագիրի Յանձնում

Նոյեմբեր 14, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2020, կէսօրին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ  յուշագիր մը յանձնեց Հայաստանի պետութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յուշագիրը իր ամբողջութեամբ։

10 նոյեմբեր 2020 թուականին, Հայաստանի  Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի դադրեցման համար ստորագրեց յանձնուողական ու պարտուողական եռակողմ համաձայնագիր մը՝ դուռը լայն բանալով Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու մեծամասնութեան զիջումին եւ կորուստին։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր պաշտօնավարութեան երկուքուկէս տարուան ընթացքին, հակառակ ներքին մակարդակի վրայ քաղաքական ուժերու կողմէ իրեն փոխանցուած մտահոգութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտաքին ուժերու այս օրակարգի շուրջ ծաւալած հետաքրքրութիւններուն, Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ թշնամի ազերի կողմին կատարած ռազմատենչ յայտարարութիւններուն եւ սպառնալիքներուն, ու սահմանային գօտիներու վրայ թշնամիին կողմէ կատարուած ռազմական քայլերուն եւ զինադադարը խախտելու բազմաթիւ երեւոյթներուն, ժողովուրդին մօտ միշտ ալ ստեղծեց խաբուսիկ մթնոլորտ, հաւաստիացնելով, որ ինք համազգային այս հարցին գծով կը մնայ անզիջող եւ ունի բանակցութիւններու կապուած իր տարբերակը։ Աւելի՛ն, բազմիցս նաեւ ամբոխարավարական ելոյթներով ժողովուրդին եւ յատկապէս իր ընտրազանգուածին խոստացաւ Ղարաբաղի հարցի լուծման որեւէ տարբերակի կապակցութեամբ ներկայանալ հրապարակ ու ժողովուրդին հետ եզրակացնել ճշդուելիք լուծման տարբերակը։

Այսօր, համայն հայութիւնը կը գտնուի համազգային մեծ աղէտի դիմաց եւ վտանգուած է Արցախ աշխարհի գոյութիւնը։ 44 օրուան պատերազմական իրավիճակին մասին պաշտօնական զեկոյցները, բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ կատարուած հակասական արժեւորումները եւ յատկապէս վերջին հանգրուանին պետական այրերու կողմէ յանձնուողական գործընթացը պատրաստելու մթնոլորտը արդէն իսկ բաւարար են եզրակացնելու, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը մնան ամբողջական պատասխանատու պատերազմի պարտութեան եւ հողատարածքներու յանձնման գործընթացին։

Աւելի՛ն, այս պատերազմին հայութիւնը վճարեց սուղ գին եւ մենք համոզուած ենք, որ անկախ պաշտօնական տուեալներէն, Հայութիւնը կորսնցուց երիտասարդ խոստմնալից սերունդ մը, ինչպէս նաեւ հայոց քաջարի բանակը քաղաքական մութ ու դաւադրական մօտեցումներով ստացաւ մեծ հարուած։ Այսօր Արցախի կորուստը տիրող իրականութիւն է եւ, աւելի՛ն, Հայաստանը ամբողջ կը գտնուի անորոշ ապագայի մը դէմ յանդիման։ Հայրենի պետականութեան հիմերը խախտած են եւ միջազգային քարտէսին վրայ իբրեւ պարտուած երկիր ան ենթակայ է բազմապիսի ճնշումներու եւ մարտահրաւէրներու։

Այսօր այստեղ կ՛ուզենք հաստատել նաեւ, որ լիբանանահայ համայնքը անցնող 30 տարիներու ընթացքին Արցախեան գոյապայքարը, Արցախի պետականաշինութեան գործընթացը եւ անոր քաղաքական ու տնտեսական զարգացումը դարձուց  հիմնական օրակարգ։ Համայնքը միշտ պատրաստ գտնուեցաւ եւ իր ներկան արձանագրեց Արցախեան հողի պաշտպանութեան համար մղուած բոլոր հերոսամարտերուն, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի զարգացման համար տարուող բոլոր ճիգերուն։ ՀՅ Դաշնակցութեան հովանաւորութեամբ գործող Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»ը, ինչպէս նաեւ մեր կուսակցութեան քաջալերանքով ու մղումով հաստատուած «ԱՌԻ՝ ԱՐՑԱԽ ՌՈՒՑ ԻՆՎԵՍԹՄԸՆՑ» բաժնետիրական ընկերութիւնը, Արցախի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն իսկ վկայութեամբ տարած են շնորհակալ ու անփոխարինելի աշխատանք, ստանալով բոլորին գնահատանքը։ Երիտասարդական եւ ուսանողական մակարդակներու վրայ նաեւ Արցախը դարձաւ հիմնական գործադաշտ ու միաժամանակ դաստիարակութեան կարեւոր միջավայր։

Այսօր մենք կու գանք  մեր ձայնը միացնելու համայն հայութեան ապրած խոր ու աննախընթաց ընդվզումին եւ կը պահանջենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու իր քաղաքական խումբին հրաժարականը, քաջ համոզուած, որ այս մէկը նախադրեալն է հայ կեանքին մէջ բեկումնային նոր վիճակ մը ստեղծելու, հայկական ներուժը համախմբելու եւ ստեղծուած կացութեան դարմանումի համար նոր մեկնարկ ապահովելու։

Մեր խոր ընդվզումը կը յայտնենք նաեւ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները եւ ժողովրդային ցոյցերը բռնապետութեամբ հակակշռելու Նիկոլ Փաշինեանի վարքագիծին դէմ։ Կը պահանջենք ձերբակալութիւններու անյապաղ դադրեցումը եւ տարբեր պատրուակներով ընդդիմադիր դէմքեր բերման ենթարկելու անհերատես քաղաքականութիւնը։ Միաժամանակ, խիստ կենսական կը գտնենք օրէնքի ու սահմանադրութեան լիակատար գործադրութիւնը։ Նախանձախնդիր ենք ներքին կայունութեան եւ հայրենիքը անսասան պահելու մեր պատմադրոշմ առաջադրանքին։ Այս իսկ պատճառով արդարօրէն կ՛ակնկալենք, որ Նիկոլ Փաշինեան ինք պէտք է անմիջապէս իրականացնէ անցնցում իշխանափոխութիւնը եւ անսայ հայութեան դառն  ընդվզումին ու պահանջին։

Այս առիթով կը խոնարհինք Արցախի հողի պաշտպանութեան համար իրենց թանկագինը՝ կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակին դիմաց, կը կիսենք ցաւն ու մորմոքը անոնց ծնողներուն եւ հարազատներուն ու կը հաւաստիացնենք, որ համահայկական ուժերու միասնակամ լարումով պիտի ձեռնարկենք փրկութեան աշխատանքին, որպէսզի ապրի հայութիւնը, կանգուն մնան հայաստանն ու Արցախը եւ, վերջապէս, ապարդիւն չդառնայ մեր ընտրեալ հայորդիներու թափած թանկ արիւնը։

Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը մեկնակէտն է հայկական նոր կեանքի ու պայքարի յառաջացման։

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

13/11/2020

 

 

 

Նախորդը

Երթը Պիտի Շարունակուի Յոյսով, Հաւատքով Եւ Անսահման Նուիրումով

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?