Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Յեղափոխական  Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցլեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու յատկապէս Արցախի պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն Արցախի ու Հայաստաանի մէջ՝ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական մարզերէն ներս։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ  ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքի Շարքային Ընկերներուն Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքի Շարքային Ընկերներուն Հետ

Երէկ` երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ-ի Լիբանանի ընտանիքի շարքային ընկերներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի պարզած ներկայ կացութեան մասին` Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմէն եւ 9 նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետին ստորագրած պարտուողական յայտարարութենէն ետք: Տէր Խաչատուրեան նաեւ...

Տարածաշրջանային 4-րդ Առցանց Ժողով.  Ռուսական Միջավայրին Մէջ Տեղեկատուական  Աշխատանքներուն Նոր Թափ Հաղորդելու  Անհրաժեշտութեան Ընդգծում

Տարածաշրջանային 4-րդ Առցանց Ժողով. Ռուսական Միջավայրին Մէջ Տեղեկատուական Աշխատանքներուն Նոր Թափ Հաղորդելու Անհրաժեշտութեան Ընդգծում

Խմբագիրներու տարածաշրջանային 4-րդ առցանց ժողովը ընդգծեց ռուսական միջավայրին մէջ տեղեկատուական աշխատանքներուն նոր թափ հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը: Նախաձեռնութեամբ խմբագիրներու համաժողովները կազմակերպող համակարգող խորհուրդին տեղի ունեցաւ խմբագիրներու տարածաշրջանային 4-րդ առցանց ժողովը, որուն մասնակցեցան Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարները: Համակարգող խորհուրդի ներկայացուցած զեկուցումէն ետք առցանց ժողովը շեշտեց յատկապէս ռուսական քաղաքական միջավայրին մէջ տեղեկատուական աշխատանքներուն նոր թափ հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս արցախեան...

«Երբ Այսպիսի Պարտութիւն Կը Կրէ Երկիրը,  Անհրաժեշտ Է Կտրուկ Փոփոխութիւն.  Նոր Իշխանութիւն, Նոր Ղեկավարութիւն»  Յայտարարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Երբ Այսպիսի Պարտութիւն Կը Կրէ Երկիրը, Անհրաժեշտ Է Կտրուկ Փոփոխութիւն. Նոր Իշխանութիւն, Նոր Ղեկավարութիւն» Յայտարարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 20 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի հոգեւոր, մշակութային, կրթական, մարմնակրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն: Հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան ըսաւ, որ «Քորոնա» համաճարակի այս պայմաններուն մէջ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառով Զոհուած Հայորդիներու Ընտանիքներուն

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառով Զոհուած Հայորդիներու Ընտանիքներուն

Շաբաթ, 19 դեկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, այցելեց 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած լիբանանահայերու ընտանիքներուն` ՀՅԴ Բիւրոյի զօրակցական եւ ցաւակցական խօսքը ուղղելու անոնց: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ծանօթացաւ Մար Մըխայէլի եւ ընդհանրապէս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող վերաշինութեան աշխատանքներուն: Այցելեց կարգ մը հայկական բնակարաններ: Երէկ`...

«Հաւատքի Զօրութեամբ Եւ Ամուր  Միասնականութեամբ Կարելի Է Յաղթել`  Մեզի Պարտադրուած Բոլոր Գոյամարտերը»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հաւատքի Զօրութեամբ Եւ Ամուր Միասնականութեամբ Կարելի Է Յաղթել` Մեզի Պարտադրուած Բոլոր Գոյամարտերը» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգիստ Արցախի Նահատակներուն Կիրակի, 20 դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` Արցախի պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Այս տխուր առիթով վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ «հայրենիքին համար արիւն թափողները հերոսներ ու նահատակներ են: Արդարեւ, մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին հայը`...

«Ազրպէյճանի Կազմակերպած Ջարդերը Փանթուրքական  Գաղափարախօսութեան Պարունակին Մէջ  Ըստ Էութեան 1915-ի Ցեղասպանութեան Շարունակութիւնն Են»  Հաստատեց Փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան

«Ազրպէյճանի Կազմակերպած Ջարդերը Փանթուրքական Գաղափարախօսութեան Պարունակին Մէջ Ըստ Էութեան 1915-ի Ցեղասպանութեան Շարունակութիւնն Են» Հաստատեց Փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան

«Ազդակ»-ի առցանց 20-րդ լսարանին զեկուցեց Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հայկական գաղութներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան: Նիւթ` «Ազրպէյճանական նենգափոխումները 1918-ի իրադարձութիւններուն»: Փրոֆ. Ստեփանեան, Պաքու նահանգի պատմականը հիմնական բաժիններով ներկայացնելէ ետք, հաստատեց Պաքուի հայակերտ քաղաք ըլլալու հանգամանքը: Ապա, ան ներկայացուց մուսաւաթականներու եւ իթթիհատականներու փանթուրքական ծրագիրներուն Պաքուն ներառելը եւ այդ առումով կովկասեան կեդրոն դարձնելու քաղաքականութիւնը: Գէորգ Ստեփանեան...

Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի  7-րդ Եւ 10-րդ Դասարաններու Աշակերտներուն

Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի 7-րդ Եւ 10-րդ Դասարաններու Աշակերտներուն

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2019-2020 կրթական տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտներու ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու...

Իրանի Պետութեան Ներկայացուցիչը  Այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք

Իրանի Պետութեան Ներկայացուցիչը Այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք

Երէկ` հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատան խորհրդական դոկտ. Ապպաս Խավիարը: Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր վեհափառ հայրապետին յանձնել Իրանի իսլամական մշակոյթի եւ միջկրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի նամակը: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ շուրջ 20 տարիներէ ի վեր երկխօսութիւն գոյութիւն ունի կրօնն ու ընկերութիւնը յուզող ընկերաբարոյական հարցերու...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Մինսքի Խմբակի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպաններուն եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին յղեց նամակ մը, որուն մէջ դատապարտեց 27 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ Թուրքիոյ եւ Լիպիայէն ու Սուրիայէն ահաբեկչական վարձկաններու ամբողջական աջակցութեամբ շղթայազերծուած յարձակումը: Մարմինը իր նամակին մէջ նշեց. «Դժբախտաբար թշնամական արարքները կասեցնելու համաձայնութիւնը գոյացաւ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակէն` տագնապի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նոր Տարուան Առիթով Կոչ Կ’ուղղէ Օգնելու Արցախի Մանուկներուն

«Քորոնա» ժահրին ու տնտեսական դժուարութեան ստեղծած տխուր պայմաններուն մէջ, ամբողջ մարդկութիւնը կը պատրաստուի նշելու Նոր Տարին: Յիշեալ տագնապներուն առընթեր, Արցախի պատերազմին յառաջացուցած ցնցումը ահաւոր է մեր ժողովուրդին ու յատկապէս Արցախի մեր ազգակիցներուն համար: Արդ, մեկնելով մեր քրիստոնէական ու ազգային նախանձախնդրութենէն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կոչ կ’ուղղէ Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթներով հեռու մնալու աւանդական հրապարակային տօնախմբութիւններէ ու խրախճանքներէ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

2020 տարին արտակարգ տարի մը եղաւ իր բազում մարտահրաւէրներով, որոնք նոր իրավիճակ մը ստեղծելով ունեցան անկանխատեսելի հետեւանքներ: Ամբողջ աշխարհը այս տարի ստիպուեցաւ վերատեսութեան ենթարկել իր ծրագիրները, վերադասաւորել իր առաջնահերթութիւնները, տնտեսել իր ծախսերը եւ խնայողութեամբ օգտագործել իր աղբիւրները: Պսակաժահրի համավարակին պատճառով ո՛չ միայն փոփոխութիւն կրեց մեր կենցաղն ու տուժեցին մարդկային յարաբերութիւնները, այլեւ ծանր հարուած ստացաւ միջազգային տնտեսութիւնը: Իսկ մեր պարագային կացութիւնը...

«Սեւրի Դաշնագրին Բազմաթիւ Յօդուածներու  Հիման Վրայ Կառուցուած Են  Մեր Իրաւաքաղաքական Կռուանները»  Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

«Սեւրի Դաշնագրին Բազմաթիւ Յօդուածներու Հիման Վրայ Կառուցուած Են Մեր Իրաւաքաղաքական Կռուանները» Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

«Ազդակ»-ի առանց 19-րդ լսարանին զեկուցեց Հայաստանի գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան: Ան խօսեցաւ հայ-թրքական սահմանագծման-սահմանապատման եւ իրաւարար վճիռի արդիականութեան մասին: Ներկայացնելով Սեւրի պայմանագիրին հիմնադրոյթները` ան լուսարձակի տակ առաւ Սեւրի նախորդած ժամանահատուածին իրականացած նախապատրաստական աշխատանքները: Իրաւական առումով Սեւրի եւ իրաւարար վճիռի իբրեւ փաստաթուղթեր անջատելու կարեւորութիւնը շեշտելով` ան ընդգծեց, որ իրաւարարութիւնը...

Հայկական Տեղեկատուական Ոլորտը Վերաիմաստաւորելու Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց  Խմբագիրներու Տարածաշրջանային 3-րդ Ժողովը

Հայկական Տեղեկատուական Ոլորտը Վերաիմաստաւորելու Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց Խմբագիրներու Տարածաշրջանային 3-րդ Ժողովը

Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ գործող խմբագիրներու տարածաշրջանային երրորդ առցանց ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Համակարգող խորհուրդի անդամներուն առընթեր ժողովին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն «Ասպարէզ»-ի, «Նոր Օր»-ի, «Պայքար»-ի, «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»-ի եւ «Հայրենիք»-ի , Քանատայէն «Հորիզոն»-ի, իսկ Արժանթինէն «Արմենիա»-ի եւ «Սարդարապատ»-ի գլխաւոր խմբագիրներն ու տնօրէնները: Իւրաքանչիւր մամլոյ ներկայացուցիչ զեկուցեց իր ղեկավարած թերթի վերջին շրջանին տարած...

Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներէն Ետք  Կը Նախատեսուի Յայտարարել  Խմբագիրներու Միացեալ Հարթակը

Հայկական Լրատուամիջոցներու Խմբագիրներու Տարածաշրջանային Առցանց Ժողով

Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի հերթական վերջին նիստին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2020-ին, Երեւանի մէջ, որոշուեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Ամերիկայի, Քանատայի  եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող  լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն հետ առցանց ժողով մը գումարել 10 դեկտեմբերին` Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Մասնակցիլ փափաքողները կրնան կապուիլ` [email protected] ե-նամակին: Հայկական մամուլէն կը խնդրուի արտատպել: ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ՄԱՐՄԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հրաժարելու Կոչ Կ’ուղղէ Նիկոլ Փաշինեանին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հրաժարելու Կոչ Կ’ուղղէ Նիկոլ Փաշինեանին

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ներկայութեան, հետեւեալ հայրապետական պատգամը կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն.- Հայ ժողովուրդը խոր տագնապի մէջ է. պարտուած ըլլալու հոգեվիճակը զինք անորոշութեան ու յուսահատութեան մատնած է։ Արդարեւ, մեր զաւակներու արիւնով կերտուած ու ծաղկած Արցախին մեծ մասը կորսնցուցինք՝ հակառակ մեր հերոս բանակին ցուցաբերած քաջ դիմադրութեան թուրք-ազերիական բանակին դէմ։ Կորսնցուցինք նաեւ...

Հաղորդագրութիւն 1.  Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Հաղորդագրութիւն

Յաջողութեամբ աւարտած են արդէն Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած պայթումին իբրեւ հետեւանք բնակարանային վնասներու արձանագրութեան եւ հատուցման առաջին եւ երկրորդ փուլի աշխատանքները: Վերականգնումի մարմինը որոշեց երրորդ եւ վերջին առիթ մը ընծայել այն հայորդիներուն, որոնք յատուկ եւ հասկնալի պայմաններու բերումով օրին չկրցան ներկայանալ եւ այսօր դէմ յանդիման կը գտնուին դժուարութեանց: Հետեւաբար,  հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00`...

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան.  Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Մահացած Հիմնադիրներու,  Բարերարներու Եւ Անդամներու Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Մահացած Հիմնադիրներու, Բարերարներու Եւ Անդամներու Յիշատակին

90 տարուան ընթացքին ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն առ յաւէտ բաժնուած եւ երկար տարիներու տեւողութեան ԼՕԽ-ի գործունէութեան կամաւոր կերպով ծառայած երախտաւորներուն յիշատակը յարգելու միտումով, կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ: Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Խորէն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Կիպրոսի Հայոց Թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Ստրովոլոսի Քաղաքապետ՝ Պրն. Անտրէաս Բաբախարալամպուսի անձնական հրաւէրին, Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, պաշտօնական հիւրը եղաւ անոր, որ առ ի յարգանք իր ինքնաշարժով վարորդին հետ, Ազգային Առաջնորդարանէն ընկերացաւ սրբազանին եւ միասին ներկայ գտնուեցան ամէն Ուրբաթ օրերու գործադրուող ժողովրդական պազարին՝ «Laiki Agora» Ստրովոլոսի շրջանին մէջ: Օրը, իւրայատուկ էր, որովհետեւ Քաղաքապետին...

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Յուշագիր Կը Յանձնէ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան

Երէկ, 4 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած դիւանի անդամներ Վաչէ Նաճարեանէ, Վիգէն Աւագեանէ եւ Թալին Օրտողլեանէ, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին յանձնեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը պահանջող յուշագիր մը, որուն մէջ կ’ըսուի.- «Շատ պիտի փափաքէինք Արցախեան պատերազմէն ետք ձեզի ուղղուած այս պաշտօնական գիրով շնորհաւորել ձեզ եւ հայկական քաջարի մեր բանակը` Արցախի...

Page 146 of 365 1 … 145 146 147 … 365

Արխիւներ