Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւններու Պատուիրակութիւնը Եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ն ու ԼԵՄ-ը Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Յուշագիրներ Յանձնեցին Հայաստանի Դեսպանատան

Նոյեմբեր 20, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւններէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ` հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Իւրաքանչիւր միութենէ դեսպանին յանձնուեցաւ յուշագիր մը` ուղղուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Ներկայացուած յուշագիրներուն մէջ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնները դատապարտեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ազրպէյճանի հետ պատերազմի դադրեցման համար ստորագրած յանձնուողական եւ պարտուողական յայտարարութիւնը: Անոնք պահանջեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ վարչապետ Փաշինեանին ուղղուած յուշագիրին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Ձեր ստորագրած համաձայնագիրը` բազում հերոսներու արեամբ շաղախուած, սովորական տարածքներու յանձնումէն անցնելով, բարբարոս թշնամիին կը յանձնէ նաեւ մեր պատմամշակութային դարաւոր հարստութեան մէկ կարեւոր մասնաբաժինը: Անհրաժեշտ չենք նկատեր այստեղ թուարկելու այն հազարաւոր մշակութային կոթողներն ու եկեղեցիները, բազմադարեան կրթօճախները, որոնք մետասաներորդ վայրկեանին, գրիչի շարժումով մը դուք նուիրաբերեցիք ազերի-թուրքին»:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր յուշագիրին մէջ նշեց. «Այսօր մեր ձայնը կը միացնենք համայն հայութեան ապրած խոր ու աննախընթաց ընդվզումին` նախանձախնդիր ըլլալով ներքին կայունութեան եւ հայրենիքը անսասան պահելու առաջադրանքին: Կը պահանջենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր քաղաքական խումբի հրաժարականը` քաջ համոզուած, որ այս քայլը միակ լուծումն է դարմանումի»:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յուշագիրին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Իբրեւ սփիւռքահայ կանացի կազմակերպութիւն, ԼՕԽ-ը, որ նախանձախնդիր է սփիւռքի մէջ հայեցի դիմագիծի պահպանման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի բարօրութիւնն ու անկախութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով, իր 4000 անդամուհիներով կը մերժէ ստորագրուած համաձայնագիրը եւ կը պահանջէ, որ անյապաղ հրաժարիք վարչապետի պաշտօնէն, որովհետեւ այդ համաձայնագիրը ամօթալի է հայուն համար:

Յայտնենք, որ նմանօրինակ բովանդակութեամբ դեսպան Աթաբէկեանին յուշագիր մը յանձնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կողմէ:

Նշեալ յուշագիրներուն բովանդակութիւնը կը հրապարակենք յառաջիկային:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Հարցը

Յաջորդը

Եռաբլուրի Մէջ Յուղարկաւորութիւն` Յ. Բանոյեանի, Յ. Ասթարճեանի Եւ Մ. Սեքլեմեանի

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?