Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Ժողովուրդին Կոչ Ուղղեց Հեռու Մնալու Ներքին Միասնականութիւնը Ջլատող Արտայայտութիւններէ Եւ Քայլերէ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հայ ժողովուրդին կոչ ուղղեց հեռու մնալու ներքին միասնականութիւնը ջլատող արտայայտութիւններէ եւ քայլերէ: Արամ Ա. կաթողիկոս այս մասին գրած է Դիմատետրի իր էջին վրայ: «Պարտադրուած համաձայնութիւններուն նկատմամբ, որքան ալ անխուսափելի ըլլան, մեր ժողովուրդի զաւակներուն մերժումը բնական է ու արդար: Սակայն, այս ճակատագրական օրերուն մեզմէ կը պահանջուի ըլլալ միակամ ու խոհեմ` հեռու մնալով մեր ներքին միասնականութիւնը...




















