Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառով Զոհուած Հայորդիներու Ընտանիքներուն

Դեկտեմբեր 21, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 19 դեկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, այցելեց 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով զոհուած լիբանանահայերու ընտանիքներուն` ՀՅԴ Բիւրոյի զօրակցական եւ ցաւակցական խօսքը ուղղելու անոնց:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ծանօթացաւ Մար Մըխայէլի եւ ընդհանրապէս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող վերաշինութեան աշխատանքներուն: Այցելեց կարգ մը հայկական բնակարաններ:

Երէկ` կիրակի, 20 դեկտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, այցելեց Արագածի շրջան, ուր ծանօթացաւ շրջանի ընկերային կարիքներու բաւարարման ուղղուած ծրագիրներու գործադրութեան:

Նոյն օրը, կիրակի կէսօրին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին,  մասնակցեցաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած` Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած ՀՅԴ-ի անդամներ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլեմեանի քառասունքին առիթով կազմակերպուած յիշատակի հաւաքին:

Հանդիպում Երիտասարդութեան
Եւ Ուսանողութեան Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շաբաթ, 19 դեկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) անդամներուն հետ:

Հանդիպումին հիմնական նիւթն էր հայրենիքը` Հայաստանն ու Արցախը, հրադադարի ազդանշանը տուած չարաբաստիկ յայտարարութենէն ետք տիրող ընդհանուր կացութիւնն ու ապագայի ծրագիրները:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ դաշնակցական երիտասարդներուն ու ուսանողներուն միջեւ զրոյցը յանգեցաւ այն ըմբռնումին, որ ինչքա՛ն ալ դժուար ըլլան տիրող կացութիւնը եւ հայ ժողովուրդին դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները, պայքարը պիտի շարունակուի հայութեան վերադարձնելու իր յոյսը, վերականգնելու ազգային արժանապատուութիւնը եւ անկոտրում կամքով շարունակելու Հայ դատի հետապնդումը:

 

Նախորդը

«Հաւատքի Զօրութեամբ Եւ Ամուր Միասնականութեամբ Կարելի Է Յաղթել` Մեզի Պարտադրուած Բոլոր Գոյամարտերը» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

«Երբ Այսպիսի Պարտութիւն Կը Կրէ Երկիրը, Անհրաժեշտ Է Կտրուկ Փոփոխութիւն. Նոր Իշխանութիւն, Նոր Ղեկավարութիւն» Յայտարարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?