Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի 7-րդ Եւ 10-րդ Դասարաններու Աշակերտներուն

Դեկտեմբեր 19, 2020
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2019-2020 կրթական տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու աշակերտներու ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեան: Ան յայտնեց, որ Համազգայինը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, կը շարունակէ նաւարկել մշակոյթի ովկիանոսին մէջ, նոյնիսկ ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ` աւելցնելով, որ 2019-2020  տարեշրջանը դիւրին չէր, եւ բոլորս ապրեցանք ու տակաւին կ՛ապրինք ծանր կացութիւն, յատկապէս «Քորոնա» ժահրին պարտադրած դժուարութիւնները, երկրի տնտեսական տագնապը, 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ծագած աղէտը, երկրէն գաղթելու հոսանքը: Ան նկատել տուաւ, որ այս բոլորը «Բաղսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը դրաւ դժուարութիւններու դիմաց, սակայն պատնէշի վրայ պայքարող հայ մշակոյթի պաշտպան Համազգայինը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը` հաւատալով, որ մշակոյթը միակ միջոցն է` ապահովելու ապագայ սերունդներու հոգեմտաւոր կայունութիւնն ու հայկական դիմագիծի պահպանումը:

«Շրջանային վարչութիւն, խնամակալութիւն, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ պաշտօնէութիւն, բոլորս կը հաւատանք, որ մեր երաժշտանոցին աշակերտները արժանի են բոլորին անմիջական գուրգուրանքին: Առ այդ, այս բանակին օժանդակութեամբ եւ ծնողներուն հասկացողութեան շնորհիւ կարելի եղաւ ստեղծուած դժուարութիւնները յաղթահարել», ըսաւ Հարպոյեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, իրենց տարած անխոնջ աշխատանքին եւ ցուցաբերած  գործակցութեան համար, որոնք կենսական են արդիւնաւորելու համար աշխատանքը եւ յառաջընթաց արձանագրելու:

Շարունակելով իր խօսքը` Հարպոյեան նկատել տուաւ, որ  Համազգայինի նպատակն է ստեղծել հայկական մշակութային մթնոլորտ, պատրաստել մշակութասէր հանրութիւն, ծանօթացնել հայկական մշակոյթը եւ պահպանել հայեցի դիմագիծը` աւելցնելով, որ այս բոլորը նկատի առնելով այս տարի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը տուաւ 3 շրջանաւարտ, որոնցմէ մէկը Հուրի Բարթամեանի աշակերտուհին է, իսկ երկուքը` Յասմիկ Գասպարեանի, նաեւ եօթը աշակերտներ բոլորեցին եօթնամեայ կրթական ծրագիրը:

Իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` Հարպոյեան մաղթեց, որ անոնք ըլլան մշակոյթի դեսպաններ եւ իրենց գործով նպաստեն հայ մշակոյթին:

Այնուհետեւ 7-րդ դասարանէն Կարէն Ճինպաշեան, Այգ Արզումանեան, Սերժ Պապուքեան` դաշնակի վրայ, Կարին Գարագիւլահեան եւ Մինա Պուէյրի` ջութակի վրայ, Սէրուժ Խանճիհանեան` կիթառի վրայ, իսկ Վիգէն Քենտիրճեան` տհոլի վրայ մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ:

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կրթական տնօրէն Յովհաննէս Կարախանեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող ծանր վիճակներուն մէջ կրցած են կազմակերպել աւարտական քննութիւնը եւ ամավերջի հանդէսը, ինչպէս նաեւ անհատական դասերը առցանց դրութեամբ: Կարախանեան կարեւոր նկատեց ուսուցիչներուն գործօն եւ բարեխղճութեամբ տարած աշխատանքը, որոնց շնորհիւ քոլեճը արձանագրեց  յաջողութիւն առցանց պայմաններու մէջ: Ան հաստատեց, որ ղեկավարութիւն եւ ուսուցիչներ միասնակամ կ՛աշխատին, հետեւաբար կրնան յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: «Ես այսօրուան մեր այս ձեռնարկը, ամավերջի քննութիւնները յաղթանակ կը նկատեմ «Քորոնա» ժահրի այս պայմաններուն մէջ եւ հերոսական աշխատանք` ղեկավարներու եւ ուսուցիչներու կողմէ, իսկ աշակերտները  յաղթանակով դուրս եկած են, պայքարած են եւ բնաւ չեն ընկճուած ներկայ պայմաններուն մէջ», եզրափակեց Յ. Կարախանեան:

Այնուհետեւ աւարտական` 10-րդ դասարանի աշակերտներ Ալեքսանտր Սուսանի, Սալբի Թորիկեան եւ Շահան-Ճորճ Հաւաթեան դաշնակի վրայ մեկնաբանեցին երաժշտական կտորներ:

Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի նախագահի ներկայացուցիչ փրոֆ. Սերկէյ Քէչէկ առցանց ներկայացուցած իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը իր ստեղծման օրէն ի վեր միշտ եղած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի հովանիին տակ եւ անոր հետ ունի համագործակցութեան պայմանագիր, որ վերանորոգուած է 2019 թուականին: Ան հաստատեց, որ մեծ հաճոյքով կը գործակցի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին հետ` աւելցնելով, որ այս տարեշրջանին աշակերտները քննութիւնները հեռակայ կերպով անցուցած են, եւ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուար կացութեան, շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք բերած են: Ան շնորհաւորեց աւարտական դասարանի աշակերտները, որոնք բաւական բարդ եւ լուրջ ծրագիրը կրցած էին պատշաճ ձեւով ներկայացնել: Քէչէկ շնորհաւորեց նաեւ աշակերտներուն ուսուցչուհիները` Յասմիկ Գասպարեանը եւ Հուրի Փարթամեանը, իրենց տարած աշխատանքին համար:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Սեպուհ Այնթապլեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ  քոլեճի 2019-2020 տարեշրջանի հունձքը կը քաղենք աննախադէպօրէն դժուարին եւ ոչ սովորական պայմաններու  մէջ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ տարիէ մը ի վեր քաղաքացիական, տնտեսական, քաղաքական եւ  ապահովական ծանօթ պայմաններն ու համաճարակին ստեղծած անսովոր կացութիւնը լիբանանահայութիւնը եւս դժուարին մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնեն, որոնք  մեծապէս կը դժուարացնեն մեր աւանդական ու հաւաքական երթը, մեր ազգային, կրթական, մշակութային, թէ այլ մարզերուն մէջ, շատ յաճախ անել կացութեան մատնելով մեր կեանքը, իսկ արցախեան պայքարին մէջ անցնող աւելի քան երեսուն տարիներու համահայկական պայքարին արձանագրած նահանջը ո՛չ միայն մարդկային, հողային ու նիւթական ահռելի կորուստներու մատնած է մեզ, այլեւ Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ հոգեբանական անկումի ժամանակաշրջանի մը մէջ դրած է մեր կեանքը:

Այնթապլեան իր սիրտի խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ընդգծեց, որ իրենք կը կազմեն «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտներով կազմուած ոսկիէ շղթայի մը նոր օղակները` աւելցնելով, որ քոլեճէն ցարդ անցած են աւելի քան հազար թերաւարտներ ու շրջանաւարտներ, որոնցմէ ոմանք երաժշտութիւնը ընտրած են իբրեւ կեանքի մասնագիտական ասպարէզ` զարդարելով ո՛չ միայն հայկական բեմեր, այլեւ` միջազգային բեմեր, իսկ անոնք, որոնք քոլեճը աւարտելով  հանդերձ ընտրած են կեանքի այլ բնագաւառներ, քոլեճին մէջ իրենց ստացած երաժշտական գիտելիքներն ու հայապահպան, ազգային ու մարդկային դաստիարակութիւնը անպայմանօրէն ծառայեցուցած են իրենց լաւ հայ ու մշակուած մարդ ըլլալու կոչումին:

Այնթապլեան ընդգծեց նաեւ, որ «Լեւոն Շանթ» եւ  «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոններուն գոյութիւնը հիմնուած է աւելի քան 90-ամեայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հեռատես ու նուիրեալ իրերայաջորդ վարչական կառոյցներուն կողմէ, հայրենիքէն դուրս, նոր սերունդին կապը իրենց մշակութային ինքնութեան հետ ամրապնդելու նպատակով` աւելցնելով, որ երկու կեդրոններն ալ հիմնադրուած ու կառուցուած են յաղթահարելով տնտեսական ու կազմակերպական մեծ դժուարութիւններ: Ան յորդորեց շրջանաւարտները, որ նոր շունչ եւ աւիւն բերեն մեր հաւաքական վերելքին` մաս կազմելով կազմակերպական զանազան մարմիններուն ու մօտալուտ ապագային ստանձնելով պատասխանատու  պարտականութիւններ:

Այնթապլեան երախտագիտական խօսք ուղղեց քոլեճի մասնագիտական թէ հաւաքական դասապահերու բոլոր ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն, որոնք ի գին մեծ զոհողութիւններու, տարի առ տարի, ջանք ու եռանդ չխնայեցին հասցնելու համար զիրենք այսօրուան, նաեւ իրերայաջորդ խնամակալ մարմիններուն եւ Շրջանային վարչութիւններուն, որոնք այս դժուարին օրերուն ճիգ չեն խնայեր բերդը կանգուն պահելու, որպէսզի նորանոր սերունդները հեզասահ կերպով շարունակեն հետեւիլ ազգային թէ համամարդկային արուեստներու մէջ հմտանալու իրենց  նպատակներուն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի վկայականաց բաշխում, նաեւ` 7-րդ դասարանի համապատասխան վկայագիրի յանձնում:

 

 

 

Նախորդը

Միսաք Ներսէսեանի Անթառամ Յիշատակին

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Կազմակերպած Ջարդերը Փանթուրքական Գաղափարախօսութեան Պարունակին Մէջ Ըստ Էութեան 1915-ի Ցեղասպանութեան Շարունակութիւնն Են» Հաստատեց Փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան

RelatedPosts

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու
Գաղութային

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023
Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In