Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Մարոնի Պատրիարքի Ներկայացուցիչին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Մարոնի Պատրիարքի Ներկայացուցիչին

Հինգշաբթի, 7 յունուար 2021-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչ Փոլ արք. Սայահը: Ան հայոց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով պատրիարքին շնորհաւորանքը փոխանցեց վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած պատրիարքին մտահոգութիւններն ու առաջարկները: Յայտնենք, որ նոյն օրը մարոնի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ: Վեհափառ հայրապետին այցելեց նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ...

«Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան Ֆոնտ»

«Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան Ֆոնտ»

Առ ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով ստեղծուած է յատուկ ֆոնտ մը, որուն կանոնագրութիւնն ու աշխատանքի եղանակը կը մշակուին շուտով։ Այս առիթով, Մկրտիչեան ընտանիքին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան փափաքն է, որ փոխան ծաղկեպսակի, եղբօր յուղարկաւորութեան առիթով կատարուելիք նուիրատուութիւնները հասցէագրուին այս ֆոնտին՝ միութենական օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով մը յաւերժացնելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետին վաստակն...

Մահազդ

Մահազդ

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 8 յունուար 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ:  

ՄԱՀԱԶԴ

ՄԱՀԱԶԴ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ միութեան երկար տարիներու Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական` ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 8 յունուար 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Ցաւակցագիրները փոխանցել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]  

Մահազդ

Մահազդ

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 8 յունուար 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ:

«Նահատակները` Փարոս Մեր Պահանջատիրութեան». Պատերազմին Ինկած Նահատակներու Յիշատակի Ձեռնարկ

«Նահատակները` Փարոս Մեր Պահանջատիրութեան». Պատերազմին Ինկած Նահատակներու Յիշատակի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ԼՊՄ), երեքշաբթի, 5 յունուար 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած արցախեան վերջին պատերազմին ինկած նահատակներու: «Նահատակները` փարոս մեր պահանջատիրութեան» խորագիրը կրող ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրի շէնքերուն դիմաց գտնուող շրջափակին մէջ: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի...

Ս. Ծնունդի Առիթով Հայ Մշակոյթի Տարածում` «Էմ. Թի. Վի.»-ի Եւ «Էլ. Պի. Սի.»-ի Կողմէ

Համաարաբական պատկերասփիւռին հսկայ լսարան ունեցող լիբանանեան հեռատեսիլի երկու կայաններ երէկ երեկոյեան սփռեցին հայկական մշակոյթը ներկայացնող յայտագիրներ: «Էմ. Թի. Վի.» կայանը սփռեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած յատուկ յայտագիրը, իսկ «Էլ. Պի. Սի.»-ն` ԳՈՀԱՐ համոյթի համերգը: Երէկուան յայտագիրները եկան համալրելու ազգային որակեալ մշակոյթի  տարածման եւ միջազգային մակարդակով հանրայնացման նպատակով տարուող բազմաբնոյթ աշխատանքները:

Համայնքի Մը Ինքնաօժանդակութեան  Պատմութիւնը

Համայնքի Մը Ինքնաօժանդակութեան Պատմութիւնը

Վաղը մեր ընթերցողներու դատին կը յանձնուի «Ազդակ»-ի Ամանորի բացառիկը: Պայմանները մխիթարական չէին 2021-ի բացառիկի աւանդական հրատարակութեան ձեռնարկելու: Մեր ընթերցողները գիտեն, որ Ամանորի բացառիկը յագեցած կ՛ըլլայ առեւտրական զանազան հաստատութիւններու ծանուցումներով: Ծանուցումներու առատութիւնը եւ  յատկապէս տօնական առիթներով պատրաստուած գովազդային ձեւաւորում կրող էջերը տօնական մթնոլորտ կը հաղորդէին հրատարակութեան: Ծանօթ պատճառներով այս տարի խախտած էր այս աւանդութիւնը: Խմբագրութիւնը խորհրդակցութիւններու մէջ էր ձեւաչափային եւ բովանդակային...

«Կրօնի Ու Գիտութեան Ներդաշնակ Գործակցութիւնը Մեծապէս Պիտի Նպաստէ Մարդկային Քաղաքակրթութեան Զարգացման»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Կրօնի Ու Գիտութեան Ներդաշնակ Գործակցութիւնը Մեծապէս Պիտի Նպաստէ Մարդկային Քաղաքակրթութեան Զարգացման» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս շեշտաւորումով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եզրափակեց կաթողիկոսարանի Հայագիտական բաժանմունքի ուսանողներուն իր տուած դասախօսութիւնը «Կրօն եւ գիտութիւն» նիւթով, չորեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ: Ներածական իր խօսքին մէջ վեհափառը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրօնն ու գիտութիւնը, իրենց իւրայատկութիւններով եւ տարբերութիւններով` յիշելով, որ երկուքն ալ տարբեր ձեւերով ու մօտեցումներով կը ձգտին ճշմարտութեան: Ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ կրօնը կը յենի հաւատքին,...

Միաբանական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միաբանական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ` Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Հաւաքին սկիզբը վեհափառ հայրապետը շարք մը թելադրութիւններ կատարեց միաբան հայրերու` քարոզախօսութիւններու, դասախօսութիւններու եւ ընկերային ցանցերու գործածութեան առնչուած, ինչպէս նաեւ շեշտեց եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւնը առաւել ծաւալելու եւ մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու կարեւորութիւնը: Միաբանական հանդիպումի երկրորդ բաժինը յատկացուած էր կաթողիկոսարանի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Դպրեվանքին Ու Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին Նպաստը Կարիքաւոր Ընտանիքներուն

Ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կոչին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը Նոր տարուան առիթով տեղի ունենալիք աշակերտական խրախճանքին յատկացուելիք  ծախսերն ու նուիրատուութիւնները յատկացուց Լիբանանի ու Սուրիոյ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Նոյնպէս կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը 200 ընտանիքներու նպաստ բաշխեց: Յայտնենք, որ այս ուղղութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերը նիւթապէս օգտակար հանդիսացան:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը.  «Աղօթենք, Որ 2021 Տարին Դառնայ Օրհնաբեր Տարի`  Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Համար»

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր Տարուան Պատգամը. «Աղօթենք, Որ 2021 Տարին Դառնայ Օրհնաբեր Տարի` Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Համար»

Բացուող Նոր տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Տագնապալից տարի մը եղաւ 2020 տարին համայն մարդկութեան ու յատկապէս` մեր ժողովուրդին համար: Արդարեւ, «Քորոնա» ժահրին ու տնտեսական տագնապին առընթեր, Արցախի պատերազմը իր պատճառած հողային կորուստով ու քանդումներով, զոհերով ու վիրաւորներով խոր ցնցում յառաջացուց ամբողջ հայութեան կեանքին մէջ: Վտանգուեցաւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Պապական Նուիրակը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակը

Հինգշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց պապական նուիրակ Ժոզեֆ Սփիթերին, որ փոխանցեց Ֆրանչիսկոս պապին եղբայրական ողջոյնները եւ վերջինիս կողմէ նամակ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի գործակցութեան առնչուած հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Արցախի հարցը: Արդարեւ, Արցախի պատերազմի շրջանին, վեհափառ հայրապետը պապական նուիրակին...

«Մի՛շտ Միասին, Կառուցենք Մեր Ապագան»  Խորագիրով Տարեփակի Առցանց Ձեռնարկ

«Մի՛շտ Միասին, Կառուցենք Մեր Ապագան» Խորագիրով Տարեփակի Առցանց Ձեռնարկ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու մարմինին նախաձեռնութեամբ, 30 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ միամեայ գործունէութեան «Մի՛շտ միասին, կառուցենք մեր ապագան» խորագիրով տարեփակի առցանց ձեռնարկը: Յայտագիրին ընթացքին ամփոփուեցան 2020 թուականին կատարուած   առողջապահական, ընկերային ու բարեսիրական աշխատանքները, յատկապէս «Քորոնա»-ի ժահրին ստեղծած ճգնաժամին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք վերականգնողական տարբեր բնոյթի գործունէութիւնը: «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի աշխատանքները եւ անոր մատուցած ծառայութիւնները ներկայացուց...

Փարիզի Իսի Լէ Մուլինոյի Քաղաքապետութեան Աջակցութեամբ`  ՀՄԸՄ 7,5 Թոն Սննդեղէն, Հագուստներ Եւ Դեղորայք Կը Բաժնէ Լիբանանահայ Ընկերային Առումով Կարիքաւոր Պարագաներու

Փարիզի Իսի Լէ Մուլինոյի Քաղաքապետութեան Աջակցութեամբ` ՀՄԸՄ 7,5 Թոն Սննդեղէն, Հագուստներ Եւ Դեղորայք Կը Բաժնէ Լիբանանահայ Ընկերային Առումով Կարիքաւոր Պարագաներու

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, ՀՄԸՄ 7,5 թոն սննդեղէն, հագուստներ եւ դեղորայք բաժնեց լիբանանահայ ընկերային առումով կարիքաւոր պարագաներու: Օժանդակութիւնը տրամադրեց Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առիթով իր կատարած մարդասիրական օգնութեամբ: Արդարեւ, քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի նախաձեռնութեամբ եւ փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի գլխաւորութեամբ, Պէյրութի պայթումէն անմիջապէս ետք, Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ ծայր տուաւ լիբանանցիներու օժանդակութեան ծրագիր մը,...

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2020-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը: Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան, իսկ ս. սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց դպրեվանքի սարկաւագաց դասը: Ս. պատարագի աւարտին իր հայրապետական պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը նշեց, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ...

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնի Նշում Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ սարկաւագներուն, ուրբաթ, 25 դեկտեմբերին,  յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ` Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով, որ ուղղակիօրէն սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին միջոցով: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սուրբերէն Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը:...

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Մկրտարանի Օծում Զահլէի Մէջ

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Մկրտարանի Օծում Զահլէի Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, անցնող շաբաթավերջին Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ Ասատուր սրկ. Եղիայեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 26 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կոչման կարգը, որուն աւարտին սրբազանը սրբալոյս միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ նորակառոյց մկրտարանը: Իր սրտի խօսքին մէջ սրբազանը իր հոգեկան հրճուանքը արտայայտեց հաւատացեալներու ներկայութեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2021 Տարին  Հռչակեց «Արցախի Տարի»

Արամ Ա. Կաթողիկոս 2021 Տարին Հռչակեց «Արցախի Տարի»

Ինչպէս ծանօթ է, 2003 թուականէն սկսեալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով իւրաքանչիւր տարին ձօնած է մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայրենիքին, մեր անցեալին ու ներկային առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը: Այս ծիրին մէջ, թեմերուն մէջ զանազան ձեռնարկներու ճամբով տուեալ տարուան նիւթը դարձած է հայ ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յատուկ առարկան` վերաշեշտելով հայկական հոգեւոր ու ազգային պատկանելիութեան հրամայականը: Մեկնելով...

«Կարճաժամկէտ Եւ Միջնաժամկէտ Կտրուածքներով Մենք Ականատես Ենք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ Մերձեցման Եւ Համագործակցութեան Քաղաքականութեան»   Հաստատեց Դոկտ․ Սարգիս Գրիգորեան

«Կարճաժամկէտ Եւ Միջնաժամկէտ Կտրուածքներով Մենք Ականատես Ենք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ Մերձեցման Եւ Համագործակցութեան Քաղաքականութեան» Հաստատեց Դոկտ․ Սարգիս Գրիգորեան

«Ազդակ»-ի առցանց 21-րդ լսարանին նիւթն էր «Անգարան Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ՝ նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ»։ Զեկուցաբերն էր արաբագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս, գիտաշխատող դոկտ․ Սարգիս Գրիգորեան։ Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ առցանց լսարանի օրը տեղի ունեցած էր դասախօսին հեղինակութեամբ լոյս տեսած «Սուրիական հակամարտութիւնը 2011-2020 թուականին» հատորին շնորհահանդէսը։ Դասախօսը նախ զեկուցեց Անգարայի յայտարարած «0 խնդիրներ դրացիներու հետ» ծրագիրի մանրամասնութիւններուն մասին՝ յատուկ կերպով կեդրոնանալով իսլամական արմատականութեան եւ...

Page 145 of 365 1 … 144 145 146 … 365

Արխիւներ