Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սեւրի Դաշնագրին Բազմաթիւ Յօդուածներու Հիման Վրայ Կառուցուած Են Մեր Իրաւաքաղաքական Կռուանները» Հաստատեց Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

Դեկտեմբեր 12, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առանց 19-րդ լսարանին զեկուցեց Հայաստանի գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան:

Ան խօսեցաւ հայ-թրքական սահմանագծման-սահմանապատման եւ իրաւարար վճիռի արդիականութեան մասին:

Ներկայացնելով Սեւրի պայմանագիրին հիմնադրոյթները` ան լուսարձակի տակ առաւ Սեւրի նախորդած ժամանահատուածին իրականացած նախապատրաստական աշխատանքները:

Իրաւական առումով Սեւրի եւ իրաւարար վճիռի իբրեւ փաստաթուղթեր անջատելու կարեւորութիւնը շեշտելով` ան ընդգծեց, որ իրաւարարութիւնը յանձնուած էր Միացեալ Նահանգներու պետութեան եւ ոչ թէ նախագահի անձին:

Այնուհետեւ, հայութեան եւ Հայաստանին ուղղակի թէ անուղղակի առնչուած յօդուածները խումբ առ խումբ բաժնելով, դասախօսը հիմնական 4 ուղղութեան դասակարգում կատարեց: Այդ յօդուածները կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչման, Արեւմտեան հատուածի Արեւելեանի ներառման, իրաւաժառանգորդութեան սահմանապատման-սահմանագծման, ոչ հայ բնակչութեան նկատմամբ կիրարկուելիք քաղաքականութեան:

Այնուհետեւ որոշ յօդուածներու համակցութիւնը ընդգծելով` դոկտ. Մարուքեան խօսեցաւ դէպի ծով ելք ունենալու, տրամադրելի նաւահանգիստներու եւ դէպի միջերկրական ազատ անցքով օժտուելու որոշումներուն մասին:

Կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ քրտական ինքնավար տարածքի սահմաններու ճշդումը եւ ընդհանրապէս անհատական իրաւունքներու վերատիրացման վերաբերող դրոյթները:

Համապատասխան յօդուածով նախատեսուած է նիւթական վնասներու հատուցում, ինչպէս նաեւ շեշտուած են Թուրքիոյ կողմէ իրականացած պատերազմական յանցագործութիւնները:

Սեւրը ամրագրած է նաեւ երիտասարդ թուրքերու պետական ահաբեկչական միաւոր ըլլալու հանգամանքը:

Համապարփակ եւ մասնագիտականօրէն ներկայացուած զեկուցումին յաջորդած քննարկումի ընթացքին դոկտ. Արմէն Մարուքեան անդրադարձաւ յանձնուողական յայտարարութեան եւ զայն նկատեց միջազգային թէ ներպետական առումներով հիմնովին խոցելի:

Մեր իրաւունքներու վերականգնման տեսանկիւնէն դոկտ. Մարուքեան հաստատեց, որ Սեւրի պայմանագիրի որոշ յօդուածներ, որոնք անհրաժեշտ ուշադրութիւնը չեն գրաւած հայ պատմաբաններու եւ իրաւագէտներու, կը կազմեն իրաւաքաղաքական կարեւորագոյն կռուանները:

 

Նախորդը

Պատերազմին Մասնակցած Ջաւախցի Կամաւորը…*

Յաջորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում. Նիկոլ Փաշինեանի Հեռացումը Դարձել Է Համազգային Պահանջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?