Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Կազմակերպած Ջարդերը Փանթուրքական Գաղափարախօսութեան Պարունակին Մէջ Ըստ Էութեան 1915-ի Ցեղասպանութեան Շարունակութիւնն Են» Հաստատեց Փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան

December 19, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առցանց 20-րդ լսարանին զեկուցեց Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հայկական գաղութներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան: Նիւթ` «Ազրպէյճանական նենգափոխումները 1918-ի իրադարձութիւններուն»:

Փրոֆ. Ստեփանեան, Պաքու նահանգի պատմականը հիմնական բաժիններով ներկայացնելէ ետք, հաստատեց Պաքուի հայակերտ քաղաք ըլլալու հանգամանքը: Ապա, ան ներկայացուց մուսաւաթականներու եւ իթթիհատականներու փանթուրքական ծրագիրներուն Պաքուն ներառելը եւ այդ առումով կովկասեան կեդրոն դարձնելու քաղաքականութիւնը: Գէորգ Ստեփանեան խօսեցաւ նաեւ խորհրդային իշխանութիւններուն դէմ փանթուրքական կովկասեան թաթարներու մղած պայքարին եւ այդ բոլորին մէջ Ստեփան Շահումեանին Դաշնակցութեան բերած գործնական աջակցութեան եւ համագործակցութեան մասին:

Փրոֆ. Ստեփանեան այնուհետեւ կովկասեան թաթարներէն Ազրպէյճան արուեստական պետական կազմաւորումի հոլովոյթը ներկայացնելով  կեդրոնացաւ ազրպէյճանցիներու կողմէ տարբեր քաղաքներու մէջ իրականացած ցեղային զտումներուն վրայ, որոնք ըստ էութեան 1915-ի ցեղասպանութեան շարունակութիւնն են:

Դասախօսութեան վերջին բաժինով Գէորգ Ստեփանեան Հէյտար Ալիեւով մշակուած պետական մակարդակի պատմակեղծարարութեան ծալքերը մանրամասնօրէն ներկայացուց` խօսելով Պաքուի արտադրանքներուն մասին: Ան եզրափակեց, որ ո՛չ միայն պատմութեան ժխտումի մասին է խօսքը այս պարագային, այլ նաեւ կեղծարարութեամբ նոր պատմութիւն շարադրելու, ուր հայերը ամբաստանուած են իբրեւ ազրպէյճանցիները ցեղասպանութեան ենթարկողներ:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ քննարկում արցախեան ազատամարտին վերաբերող ժամանակակից դէպքերու նենգափոխման եւ ազրպէյճանցիները իբրեւ ցեղասպանեալ ժողովուրդ ներկայացնելու ու միջազգային հանրութիւնը ապակողմնորոշելու փորձերուն մասին:

Նախորդը

Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի 7-րդ Եւ 10-րդ Դասարաններու Աշակերտներուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.