Անթիլիասի Ուխտի Օր
Հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչին` Ս. Գրիգորի Լուսաւորիչ հայրապետին սոսկալի չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքի տօնը, որ Անթիլիասի Ուխտի օրն է, մայրավանքի համանուն մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ կիրակի, 21 մարտ 2021-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Յիշեալ տօնին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալներ տօնին նախօրէին մայրավանքին մէջ գիշերելով` իրենց աղօթքներով եւ ուխտով կը պարուրեն մայր տաճարը, իսկ կիրակի օրուան պատարագին անոնք կը մասնակցին...




















