Հաղորդագրութիւն. Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն Ճափոնական Դեսպանատան Եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Միջեւ
Չորեքշաբթի, 3 մարտ 2021-ին, ճափոնական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը` Լիբանանի մէջ Ճափոնի լիազօր դեսպան Օքուպօ Թաքեշի եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեանի միջեւ: Ըստ համաձայնագիրին, Ճափոնի ժողովուրդը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկին կը յատկացնէ 89.948 ամ. տոլար` ծրագիրի մը համար, որուն շնորհիւ` 1.- «Գարակէօզեան»-ի Լէյլաւանի դարմանատունը պիտի օժտուի նոր ատամնաբուժարանով` իր լրիւ սարքերով, եւ այսպէս դարմանատան մէջ օրական...




















