Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Ուխտի Օր

March 22, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչին` Ս. Գրիգորի Լուսաւորիչ հայրապետին սոսկալի չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքի տօնը, որ Անթիլիասի Ուխտի օրն է, մայրավանքի համանուն մայր տաճարին մէջ նշուեցաւ կիրակի, 21 մարտ 2021-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Յիշեալ տօնին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալներ տօնին նախօրէին մայրավանքին մէջ գիշերելով` իրենց աղօթքներով եւ ուխտով կը պարուրեն մայր տաճարը, իսկ կիրակի օրուան պատարագին անոնք կը մասնակցին սուրբին Աջով գլխաւորուած հայրապետական թափօրին եւ ապա` ջրօրհնէքի արարողութեան: Այս տարի, դժբախտաբար, պսակաձեւ համաճարակին պատճառով հաւատացեալներ չգիշերեցին մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ սուրբին Աջով հայրապետական թափօրը տեղի չունեցաւ, սակայն տօնը իր պատգամը չզլացաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Արդարեւ, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Շահան արք. Սարգիսեան: Իբրեւ բնաբան առնելով «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները…» (Եբր 13.7), սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի բազմաչարչար կեանքն ու առաքելութիւնը «յիշելու», անոր հաւատքի վկայութեան «նայելու» եւ անոր լուսաւոր հաւատքին «հետեւելու» անհրաժեշտութեան եւ այժմէականութեան: Յիշել զանոնք եւ նայիլ անոնց կը նշանակէ նոյնանալ անոնց հետ: Սրբազանը ըսաւ, որ եկեղեցին կը մեծարէ շրջադարձ կատարող, դարաշրջան կերտող, յեղափոխող ու բարեկարգող անձերը, զանոնք «սուրբ» կը հռչակէ իրենց ներգործական, աստուածահաճ եւ մարդասէր գործունէութեան համար, անոնց հաւատքին օրինակելիութեամբ անոնք կ’օգնեն մեզի մեր հաւատքին մէջ գօտեպնդուելու, ներշնչուելու եւ յուսադրուելու, որպէսզի կարենանք անվհատ յառաջ երթալ եւ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարել` Տիրոջ զօրութեամբ: Սրբազանը նշեց, որ երբ մտաբերենք սոսկալի չարչարանքները մեծ Լուսաւորիչին, մեր առօրեայ անհատական թէ հաւաքական դժուարութիւնները, նեղութիւնները կամ տառապանքը թէ՛ կը փոքրանան եւ թէ՛ յաղթահարելի կը դառնան:

«Այսօր, նոր ժամանակներու տագնապներուն դիմաց, երբ յուսահատական համապատկեր մը իր ժանիքները կը խրէ մարդոց հոգիներուն խորը, որքա՜ն կարիքը ունինք վերադառնալու պատմութեան փորձին ու փորձառութեան, որպէսզի կարենանք դուրս գալ խոր վիրապային մեր կացութիւններէն», յայտնեց ան ու եզրափակեց քարոզը ըսելով, որ «այսօր միասնաբար կը յիշատակենք եւ կ’ոգեկոչենք մէկ կողմէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի մուտքը Խոր Վիրապ, միւս կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մէջ հաստատումին ընթացքին, ճիշդ 90 տարի առաջ, 16 մարտ 1931-ին, երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան հայրապետի «շնորհաբեր որոշումով» Անթիլիասի կաթողիկոսարանի «Ուխտի օր» հռչակուիլը»:

Պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետը Ս. Խորան բարձրացաւ եւ Լուսաւորիչ հայրապետին Ս. Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնն ու անոր բարեխօսութիւնը հայցելով` աղօթեց առ բարձրեալն Աստուած, որ սուրբին ժայռեղէն հաւատքով պահէ ու պահպանէ մեր ժողովուրդին կեանքը, քանդէ մեր շուրջ կանգնած չարիքներու ու մեղքերու պատուարը եւ մեզ առաջնորդէ դէպի երկնային շնորհներու յաւերժախօս աղբիւր: Վեհափառ հայրապետը նաեւ աղօթեց, որ Ս. Աջին հովանիին տակ պահէ մեր ազգը ամբողջ` ի Հայաստան, Արցախ, Լիբանան եւ սփիւռս աշխարհի, հեռացնէ «Քորոնա» ժահրը, առողջութիւն շնորհէ հիւանդներուն, հեռու պահէ մեր ժողովուրդի զաւակները ամէն տեսակ ցաւէ ու տառապանքէ, օգնական ըլլայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ազատագրէ գերեվարութեան մէջ գտնուող մեր հայրենիքի զաւակները:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Նոր Յոյսե՞ր, Թէ՞ Նոր Խաբկանք

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.