Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Պահոց Միջինք Ս, Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Մեծ Պահքը Ինքնաքննութեան Եւ Ինքնաճանաչումի Հրաւիրող Առիթ Է», Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

March 13, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներուն, Մեծ պահոց միջինքի առիթով չորեքշաբթի, 10 մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ:

Հաւատացեալ ժողովուրդին առցանց ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազանը յայտնեց, որ Մեծ Պահքը ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչումի հրաւիրող առիթ է բոլորին համար: Ան նկատել տուաւ, որ աշխարհի պայմաններուն մէջ, մութն ու լոյսը շարունակաբար ներկայ են եւ զիրար կը փոխարինեն յաջորդաբար` աւելցնելով, որ առաւելաբար լոյսը կը մնայ տիրական եւ այդ իրողութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ` նախախնամութեան կամքով տիեզերքի մէջ հաստատուած դրոյթ մը, որպէսզի խաւարը փարատելով կեանքը լուսաւորուի եւ ջերմանայ ու ամէն բան շարժումի մէջ ըլլայ:

Շահէ արք. Փանոսեան հաստատեց, որ տեսանելի աշխարհէն զատ, կայ նաեւ ներքին աշխարհը` մարդու սիրտն ու հոգին, որոնց մէջ ալ Աստուած զետեղած է լոյս մը, որուն նկատմամբ պէտք է ըլլանք չափազանց հոգատար եւ նախանձախնդիր, որպէսզի անոր բացակայութեան պատճառով մեր հոգեկան աշխարհը չխաւարի:

Ակնարկելով Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին ու տագնապալի կացութիւններուն` սրբազանը ըսաւ. «Ժողովուրդին կեանքին մէջ այսօր սկսած է գոյանալ ներքին խաւար, որ կրնայ փարատիլ  Աւետարանի լոյսով` միայն  Յիսուս Քրիստոսով, որ իբրեւ Նոր Լուսաւորիչ, աշխարհին մէջ յայտնուեցաւ, երբ մերօրեայ կեանքի պայմաններուն նման, տագնապի մատնուած էր մարդկութիւնը եւ հին խաւարը փարատելու համար անհրաժեշտ էր աստուածային լոյսով ողողել մարդուն հոգին»:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ առօրեան ներդաշնակելով Աւետարանի ճշմարտութիւններուն հետ, հոգեւորականն ալ շարունակաբար պէտք է ջանայ իր ներաշխարհը պայծառացնելով, Աստուծոյ կողմէ տրուած պայծառատեսութեան լոյսը տարածել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Նախորդը

«Քափթըն» Կրահամ Շէմա` 7 Տարեկան Օդաչուն

Յաջորդը

«Աստուած Մարդուն Հետ Եղաւ, Որպէսզի Մարդը Աստուծոյ Հետ Ըլլայ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան  Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

October 10, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով  Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

October 10, 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ
Գաղութային

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.