Հինգշաբթի, 25 փետրուար 2021-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան առցանց ժողովը: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին վարչութեան անդամներ` Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանն ու դոկտ. Ժան Սալմանեանը:
Ժողովը առաջին հերթին վաւերացուց սեպտեմբեր 2020-ին Պըքերքէի մէջ գումարուած նախորդ հանդիպումին ատենագրութիւնը, որմէ ետք Ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ապս ներկայացուց իր զեկոյցը, ուր ան պարզեց գործադիր վարչութեան իրագործումները եւ ապագայի ծրագիրները: Ժողովը կատարեց նաեւ պիւտճէական քննարկում եւ առաջարկեց յաճախակի առիթներով ժողովներ գումարել` մօտէն հետեւելու շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ` եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան: