Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը` Երաշխիք Հաւատքի Ու Յոյսի» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ: Վեհափառ հայրապետին իբրեւ առընթերակայ Ս. խորանին վրայ ներկայ էին Շահան արք. Սարգիսեան եւ Մակար եպս. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր ու սարկաւագներ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ: Օրուան իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը` անդրադառնալով Աստուծոյ...




















