Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէրը Պէտք Է Դառնայ Մեր Կեանքին Առանցքը Եւ Ճամբան» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 2, 2021
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` Աւագ հինգշաբթի, 1 ապրիլ 2021-ի երեկոյեան, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի աւանդական կարգը, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը սքանչելի կատարողութեամբ մեր բազմադարեան հոգեւոր երգերով հոգեպարար մթնոլորտ մը ստեղծեց եկեղեցիին մէջ: Վեհափառ հայրապետը արարողութեան ընթացքին, հետեւելով մեծ Վարդապետին` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին` ոտքերը լուաց երկու միաբան հայրերու, երկու սարկաւագներու եւ դպրեվանքի ութ ուսանողներու:

Ապա քրիստոնէական կրօնի սիրոյ ու խոնարհութեան արժէքները արտայայտող արարողութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին:

Իբրեւ իր պատգամին մեկնակէտ` վեհափառ հայրապետը ընտրած էր Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն հատուած մը, ուր առաքեալը կ՛ըսէր. «Եթէ նոյնիսկ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ՛արժեմ» (Ա. Կր 13.2): «Այս պարզ տողերով առաքեալը կը պարզէ սիրոյ իմաստը ու մանաւանդ հրամայականը: Եթէ փորձենք քրիստոնէութիւնը խտացնել մէկ բառի մէջ, այդ բառը սէրն է», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: «Սէրը սովորական իմաստով արժէք կամ արժանիք, ուսուցում կամ առաքինութիւն չէ, այլ` մարդու գոյութեան իմաստ ու նպատակ տուող երկնային շնորհք է ու միաժամանակ կոչում», շեշտեց հայրապետը:

Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, թէ «սէրը Աստուծոյ ստորոգելիներէն մէկը չէ միայն, այլ` աստուծոյ էութիւնն իսկ է: Արդարեւ, սէրէ մղուած Աստուած տիեզերքը ստեղծեց, սէրէ մղուած մարդը ստեղծեց եւ իրեն գործակից նշանակեց, սէրէ մղուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց` փրկելու համար մահուան ճիրաններուն մէջ տուայտող մարդը, սէրէ մղուած Քրիստոս խաչ բարձրացաւ, եւ նոյն սէրէն մղուած Քրիստոս դարձեալ պիտի գայ աշխարհ` յարութիւն տալու համար մարդոց: Ահա սիրոյ անհուն խորհուրդը եւ հզօր պատգամը»: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց,  թէ` «Քրիստոս ո՛չ միայն սիրոյ կարեւորութեան անդրադարձաւ, ո՛չ միայն թելադրութիւններ կատարեց ու սիրոյ ճամբան ցոյց տուաւ, այլեւ իր կեանքը վերածեց սիրոյ պատարագի: Քրիստոս Աստուածային սիրոյ էջքն է երկիր, որպէսզի մարդը բարձրացնէ երկինք: Սէրը երկինքին ու երկրին հանդիպումն է` Քրիստոսի ճամբով: Հետեւաբար, Քրիստոսին հետեւիլ կը նշանակէ սէրը ապրի՛լ»:

Անդրադառնալով ներկայ կեանքի պայմաններուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «որքա՜ն հրամայական է սիրոյ առանցքային ներկայութիւնը մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Ուր սէրը բացակայ է, հոն կը տիրէ նախանձ, ատելութիւն, հեռացում ու բեւեռացում: Ուր սէրը ներկայ է, հոն Աստուած ներկայ է` մարդուն նկատմամբ իր ունեցած անհուն սիրոյն իբրեւ արտայայտութիւն Քրիստոսի ճամբով: Սէրը աղբիւր է խոնարհութեան ու ծառայութեան: Չի՛ բաւեր ըսել միայն կը սիրեմ. չի բաւեր միայն թելադրել սիրել. ճշմարիտ սէրը մեզ կը մղէ հեռու մնալ ամէն տեսակ փառքի, դիրքի ու մամոնայի կառչած մնալու սին փառամոլութենէ ու ըլլալ խոնարհ: Փոխանակ հրահանգելու` ծառայել, փոխանակ դիտելու` մասնակցիլ ու դառնալ բարի սամարացի, որ օրինակն է խոնարհութեան ու ծառայութեան, այլ խօսքով` ճշմարիտ սիրոյ»:

Ապա վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Քանի մը օրեր առաջ կաթողիկոսարան երիտասարդուհի մը ներկայացած է եւ փոքր գումար մը նուիրած` ըսելով, որ կաթողիկոսարանը օգտակար կ’ըլլայ կարիքաւորներուն, այս իմ փոքր մասնակցութիւնս է, նոյն նուիրական աշխատանքին: Վստահ եղէք, որ Աստուծոյ համար այս երիտասարդուհին իր ծառայական սիրոյ արտայայտութեամբ աւելի ընդունելի է, քան թէ դիրքով, փառքով կամ մամոնայով յղփացած նոր օրերու փարիսեցիները, որոնք մեր կեանքին մէջ սոսկ մարմնաւոր եւ ոչ քրիստոնէավայել ներկայութիւն են: Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով` ցոյց տուաւ մարդ ըլլալ, այլ խօսքով` բարի սամարացի ըլլալու, այրիի լուման դառնալու ճշմարիտ ճամբան»:

Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները մօտեցան Ս. խորան` ստանալու համար օրհնուած իւղէն:

Մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Խաւարման գիշերի արարողութիւնը. երգուեցաւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» յուզիչ հոգեւոր երգը, եւ ապա արարողութեան հոգեւոր պատգամը ուղղեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Արարողութիւնը կատարուեցաւ դպրեվանքի սաներուն մասնակցութեամբ:

Նախորդը

Ոտնլուան` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոս Իր Աշակերտներուն Ոտքերը Լուալու Արարքով Յորդորեց Մարդիկը` Զիրար Սիրելու» Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Երկրորդ Ընթերցումով Եւ Ամբողջութեամբ Ընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններու Նախագիծը

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?