Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոտնլուան` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոս Իր Աշակերտներուն Ոտքերը Լուալու Արարքով Յորդորեց Մարդիկը` Զիրար Սիրելու» Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ապրիլ 2, 2021
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 1 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն:

Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն մասնաւոր ժամանակ տրամադրեց, որպէսզի Զատկուան տօնի նախօրեակին մտերմիկ պահ մը անցընէ անոնց հետ, որոնք աշխարհի մէջ իրեն աշակերտեցան, որպէսզի իր բացակայութեան միջոցին Աւետարանի քարոզչութեան գործը կատարեն, բայց նաեւ իրենց անձերուն օրինակով եւ վկայութեամբ աշխարհին ցոյց տան, թէ Փրկիչը աշխարհ եկաւ եւ թէ ի՛նչ ձեւով ապրեցաւ եւ գործեց ընկերութեան մէջ: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, թէ Քրիստոսի` Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու արարողութիւնը մարդկային ըմբռնողութեամբ տարօրինակ տեսարան մը կը պարզէ, սակայն աստուածային ըմբռնողութեամբ ի՛նչ գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր տեսարան մըն է, որուն նայելով երկրաւոր պայմաններու մէջ ապրողներս, մեր ամբողջ կեանքին համար կրնանք առաջնորդութիւն եւ դասեր քաղել: Առաջնորդ սրբազանը բացատրեց, որ Քրիստոս այս արարքով յորդորեց աշակերտները, նաեւ մարդկութիւնը` զիրար սիրելու:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ ներկայիս կ՛ապրինք քիչ մը անբնական եւ արտասովոր պայմաններու մէջ, եւ մարդիկ ի զուր կը փորձեն փնտռել ելք մը, որ կրնայ կեանքը վերադարձնել իր նախկին ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ պայմաններուն մէջ կը փորձենք մեր եկեղեցիներուն մէջ նշել մեր Տիրոջ սրբազան առիթները, որոնք կը կատարենք զգուշաւոր պայմաններու մէջ` խնդրելով Աստուծմէ առաջնորդութիւն եւ յոյս:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, թէ աշխարհը շատ խոցելի է, սակայն եկեղեցիներուն մէջ եւ մեր աղօթքներուն ընթացքին պէտք է յիշենք, թէ որքա՛ն հզօր է մեր Տէրը եւ որքա՛ն մեծ է անոր կարողութիւնը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ան մեզ այս աշխարհի կեանքի պայմաններէն դուրս հանելով, անպայմանօրէն պիտի առաջնորդէ անպայմանօրէն դէպի լուսաւոր օրեր, սակայն պէտք չէ մոռնանք նաեւ պահել, գործադրել եւ մեր շրջապատին մէջ տարածել անոր պատուիրանները:

Պէտք է նշել, որ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:00-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Նախորդը

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Յաջորդը

«Սէրը Պէտք Է Դառնայ Մեր Կեանքին Առանցքը Եւ Ճամբան» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?