Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղկազարդը Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Ծաղկազարդը Մեր Տէրը Մեր Սրտերուն Մէջ Ընդունելու Առիթ Է» Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

March 29, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծաղկազարդի տօնին առիթով կիրակի, 28 մարտ 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Սրբազան հայրը յայտնեց, որ Ծաղկազարդի տօնը առիթ է նշելու Քրիստոսի դէպի Երուսաղէմ կատարած ճանապարհորդութեան յիշատակը եւ պատմական ակնարկ մը կատարեց այդ առիթին` նկատել տալով, որ Ծաղկազարդի դէպքը Զատիկը պատրաստող, Յիսուսի խաչին վրայ մահը եւ ապա յարութիւնը պատրաստող առիթ է: Սրբազանը շեշտեց, որ Քրիստոս Երուսաղէմ կ՛երթար, որպէսզի դարեր առաջ մարգարէներու ճամբով Աստուծոյ կողմէ վկայութիւնը իրականանայ, եւ իր արիւնը իբրեւ փրկագին ընծայելով ազատագրէ մարդկութեան հոգին եւ արքայութեան տանող ճամբաները ցոյց տալով մարդկութիւնը հրաւիրէ յաւերժականին ու Աստուծոյ:

«Ծաղկազարդը մեր Տէրը մեր սրտերուն մէջ ընդունելու առիթ է», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Ծաղկազարդը մեզ կը հրաւիրէ Մեծ պահոց քառասնօրեայ ժամանակաշրջանի աւարտին անդրադառնալու, որ անոնք, որոնք զղջումով եւ ապաշխարութեամբ իրենց մեղքերը կը խոստովանին ու կը թօթափեն անպայմանօրէն, զԱստուած կ՛ընդունին իբրեւ պարգեւ իրենց հոգիներուն մէջ եւ կը դառնան նոր արարած եւ կամակատարները Աստուծոյ, այլապէս Ծաղկազարդը ո՛չ արմաւենիով, ո՛չ ձիթենիով, ո՛չ ալ տօնական երեւոյթներով արժէք կրնայ ունենալ մեզի համար: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը յորդորեց ներկայ հաւատացեալները յատկապէս մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ Քրիստոսը ընդունիլ իրենց հոգիներուն մէջ` խնդրելով Անկէ, որ փրկէ զիրենք եւ ցոյց տայ այն ճամբան, որ կրնայ զիրենք առաջնորդել յաւիտենական հանգիստին:

Յայտնենք, որ «Քորոնա» համաճարակի պայմաններուն պատճառով Ծաղկազարդի մանուկներուն թափօրը տեղի չունեցաւ:

Պէտք է նշել, որ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Նախորդը

«Արտաւազդ» Թատերական 20-րդ Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դռնբացէքի Արարողութիւնը

RelatedPosts

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
85-Ամեայ Առաքելութենէն Դէպի Նոր Ծրագիրներ
Գաղութային

85-Ամեայ Առաքելութենէն Դէպի Նոր Ծրագիրներ

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.