Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Մահացած Է «Ալիք» Օրաթերթի Երկար Տարիներու Գլխաւոր Խմբագիր Նորայր Էլսայեանը

Ապրիլ 2, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 մարտին Երեւանի մէջ մահացած է իրանահայ վաստակաւոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործիչ, գաղափարական նուիրեալ եւ «Ալիք» օրաթերթի երկար տարիներու գլխաւոր խմբագիր Նորայր Էլսայեանը:

Ծնած է 1934 թուականին, Արաք քաղաքին մէջ: Նախակրթարանի եւ միջնակարգի կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը Թեհրանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ` մանկավարժական թեքումով:

Պատանի տարիքէն մասնակցած է ազգային-հասարակական կեանքին եւ, մեկնելով իր գաղափարական դաստիարակութենէն, միացած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` ըլլալով անոր հաւատարիմ զինուորը:

Ունեցած է ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն` ըլլալով Թեհրանի ՀՄ «Սիփան», «Ռոստոմ» եւ Հայ ուսուցիչներու միութեան հիմնադիր անդամներէն:

Երկար տարիներ զբաղած է մանկավարժութեամբ եւ նուիրուած մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին` իբրեւ հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչ, փոխտեսուչ եւ տեսուչ: Եղած է նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի հայերէնագիտական երեկոյեան դասընթացներու տեսուչ եւ հայոց պատմութեան դասախօս:

1984-1993 «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր:

1993-1995-ին բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ, ապա երեք տարիով վերադարձած է Թեհրան, որմէ ետք կրկին տեղափոխուած է Հայաստան եւ վերջնականապէս հաստատուած հայրենիքին մէջ` շարունակելով իր ազգային-հասարակական եւ գաղափարական-կուսակցական գործունէութիւնը:

2002-ին Լոս Անճելըսի մէջ, ՀՄԸՄ Պրպանքի «Սիփան» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, նշուած է անոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործունէութեան 50-ամեակը:

2013-ին ՀՄ «Սիփան» միութեան 50-ամեակին առիթով միութեան դահլիճը կոչուած է Նորայր Էլսայեանի` որպէս միութեան հիմնադիր անդամի անունով:

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Ժիրայր Շահիջանեանը

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է «Ալիք» Օրաթերթի Արտօնատէրերէն Ռոստոմ Ստեփանեանը

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?