Հաղորդագրութիւն. Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւնները Կը Վերահաստատեն Հայկական Պահանջատիրութեան Անժամանցելիութիւնը
Չորեքշաբթի, 14 ապրիլին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը: Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի նշումին ընդառաջ, միջկուսակցական հանդիպումը առիթ եղաւ վերստին ընդգծելու հայկական միասնական կեցուածքը հայկական պատմական իրաւունքներուն վերականգնումին գծով: Առ այդ, ժողովականները նաեւ վերահաստատեցին հայկական պահանջատիրական պայքարի անժամանցելիութիւնը` մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային...




















