30 մարտին Լոնտոնի մէջ մահացաւ իրանահայ ազգային-հասարակական գործիչ, հաւատաւոր գաղափարական, «Ալիք» օրաթերթի երրորդ արտօնատէր դոկտ. Ռոստոմ Ստեփանեանը:
Ծնած է 1922-ին, Թեհրան: Նախակրթարանի եւ միջնակարգի կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ, ապա մեկնած է Անգլիա եւ ընդունուած Էտինպըրկի համալսարանի բժշկութեան բաժանմունք` ստանալով սրտանօթային հիւանդութիւններու դոկտորի կոչում:
Ռոստոմ Ստեփանեան պատանի տարիքէն աշխուժ մասնակցութիւն բերած է ազգային-հասարակական կեանքին: Երիտասարդ տարիքին անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ու մինչեւ կեանքի վերջին օրը եղած է կուսակցութեան գաղափարներուն հաւատարիմ կրողն ու անխոնջ զինուորը:
1960-70-ական թուականներուն պատասխանատու պաշտօններ վարած է իրանահայ ազգային-հասարակական եւ կուսակցական կեանքին մէջ: Մասնաւորապէս 1960-1980 եղած է «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէրը: