Գաղութային

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի  Օրհնութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, երէկ` կիրակի, 30 մայիս 2021-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ մայիս 28-ի ոգիով տոգորուած, մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած աղօթքները, նաեւ մեր եկեղեցիներուն ղօղանջող զանգերը, մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղեն դէպի Հայաստան աշխարհ` ոգեկոչելու համար անոր անկախութեան 103-րդ տարեդարձը: Սրբազան...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրանսայի Նորանշանակ Դեսպանուհին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրանսայի Նորանշանակ Դեսպանուհին

Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2021-ին, շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպանուհիին միջեւ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շարք մը հարցերու անդրադառնալու, ըլլան անոնք հայկական ու յատկապէս լիբանանեան: Ողջունելով նորանշանակ դեսպանուհիին առաջին այցելութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց պատմական իւրայատուկ կապերը հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներուն եւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի պետութիւններուն միջեւ: Այս ծիրէն...

Ի Տէր Հանգեաւ Գրիգոր Պետրոս  Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Ի Տէր Հանգեաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Երեքշաբթի, 25 մայիսին վախճանեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը: Կենսագրական գիծեր. Ծնած է Հալէպ 15 նոյեմբեր 1934-ին, վեցերորդը` 12 զաւակներու տէր ընտանիքի մը: Ծնողքը ապաստանած էր Հալէպ, Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի ջարդերէն ետք: Ընտանիքը վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան 1938-ին: Իր նախնական ուսումը ստացած է Ֆըրն Շըպպեքի Ֆրերներու Նոթրը Տամ դպրոցին մէջ: Կը մտնէ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միացեալ  Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Ցեղասպանութեան Ճանաչումն  Ու Արցախի Վերջին Զարգացումները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Արցախի Վերջին Զարգացումները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Քրիստին Արզումանեան եւ Ցոլեր Թալաթինեան, երեքշաբթի, 25 մայիսին այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ: Պատուիրակութիւնը, կատարելէ ետք պատմական ակնարկ մը` տեղահանուած հայութեան ամերիկացի ժողովուրդին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւններուն եւ ապա Թուրքիոյ ազդեցութեան պատճառով ամերիկեան յաջորդական վարչակարգերու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով  Աղօթքի Շաբթուան Բացումը Կատարելով`  «Չի Բաւեր Սուրբերու Յիշատակին Նայիլ,  Այլ Անհրաժեշտ Է Նաեւ Անոնց Օրինակին Հետեւիլ»  Նշեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Սրբոց Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով Աղօթքի Շաբթուան Բացումը Կատարելով` «Չի Բաւեր Սուրբերու Յիշատակին Նայիլ, Այլ Անհրաժեշտ Է Նաեւ Անոնց Օրինակին Հետեւիլ» Նշեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով, երկուշաբթի 24 մայիսէն մինչեւ երկուշաբթի, 31 մայիս, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեաց եւ Գայեանեանց մատրան առջեւ, բացօթեայ պայմաններու մէջ ամէն երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ զանազան նիւթերու շուրջ հոգեւոր խորհրդածութիւն: Առ այդ, երէկ` երկուշաբթի, 24 մայիսին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինը` Ռուսիոյ Մէջ

Աւելի քան տարի մը առաջ Մոսկուայի մէջ ինքնաբուխ կազմուած խումբ մը դիմած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` Ռուսիոյ մէջ Համազգայինի կառոյցի մը հիմնադրութեան առաջադրանքով: Այդ ուղղութեամբ բաւական յառաջացած խորհրդակցութիւնները ակամայ ընդհատուած էին պսակաժահրի համավարակի բռնկումով: Այս պարագան սակայն արգելք չեղաւ, որ այս խումբը նախաձեռնէ մշակութային գործունէութեան` պարբերաբար ձեռնարկներ կազմակերպելով: Շաբաթ, 15 մայիս 2021-ին, Մոսկուայի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի հիմնադիր ժողովը`...

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Համախմբենք Համազգային Արժէքներու Ու Ձգտումներու Շուրջ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Համախմբենք Համազգային Արժէքներու Ու Ձգտումներու Շուրջ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդական յանձնախումբին, ուրբաթ, 14 մայիս 2021-ի երեկոյեան երիտասարդական խորհրդակցական առցանց հանդիպում մը կայացաւ: Հանդիպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին զանազան թեմերէ եւ շրջաններէ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ` յանձնախումբի անդամ միաբան հայրեր: Վեհափառ հայրապետին աղօթքէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Երիտասարդական յանձնախումբի ատենապետ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը: Ողջունելով երիտասարդներուն մասնակցութիւնը` ան ակնարկ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Պաշտօնական Այցելուները

Վեհափառ Հայրապետին Այցելուները

Երեքշաբթի, 11 մայիս 2021-ին Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները. ա) Անթիլիասի եւ շրջակայից մարոնի նորընտիր առաջնորդ Անթուան եպիսկոպոսը, բ) Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ղեկավարներէն Արտաւազդ Մելքիսէթեանը, գ) «Հաուըրտ Գարակէօզեան» մարդասիրական հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը, դ) Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունին:

Լոյս Տեսաւ «Ի Պէտս Դպրապետաց» Հատորը

Լոյս Տեսաւ «Ի Պէտս Դպրապետաց» Հատորը

Հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ի պէտս դպրապետաց» հատորը` խմբագրութեամբ Օշական արք. Չօլոյեանին: Հատորը «Ձայնագրեալ շարական Հայաստանեայց եկեղեցւոյ» շարքին մաս չի կազմեր` նկատի ունենալով անոր բովանդակութիւնը: Ինչպէս խորագիրէն յայտնի է, ներկայ հատորը կը միտի դիւրութիւն ընծայել դպրապետներուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն: Ան միայն շարականներ չի բովանդակեր, ինչպէս է պարագան «Ձայնագրեալ շարական Հայաստանեայց եկեղեցւոյ» շարքին: Այս հատորին մէջ...

Բրիտանիոյ Դեսպանի Պաշտօնակատարը Այցելեց Բագրատունիի

Բրիտանիոյ Դեսպանի Պաշտօնակատարը Այցելեց Բագրատունիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանի պաշտօնակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ մէկուկէս ժամ տեւող հանդիպումին քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային թատերաբեմի իրադարձութիւնները: Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայ համայնքի դերակատարութեան եւ ներկայ փուլին ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն` ճշդելով որ անհրաժեշտ են կառավարութեան արագ կազմութիւնը, ազգային համերաշխութեան պահպանումը, բարեկարգումներու առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին...

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրահայ Համայնքի  Պետական Ներկայացուցւչ Հռչակուեցաւ

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցւչ Հռչակուեցաւ

Ուրբաթ, 14 մայիս 2021-ին, ժամը 1:30-ին, Կիպրոսի Խորհրդարանական ընտրութիւններու յանձնակատարին կողմէ Վարդգէս Մահտեսեան իբրեւ անմրցակից միակ թեկնածուն` կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ հռչակուեցաւ Ներկայացուցչական տան յառաջիկայ 2021-2026 նստաշրջանին համար:

Կազմութիւն` Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմինին.  ԿԱՄՔ.  Հաղորդագրութիւն Թիւ 1

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

Ցոլակ Թիւթէլեանի մահուան առիթով Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները. - Ազգային մը                                                              2.000.000 լ. ո. - Արաքսի Կիտանեան եւ դստերք` Սիլվա եւ Լենա 1.000.000 լ. ո.  

«Ազրպէյճանի Ուժանիւթային Անկումը Սկսած Է Արդէն․Կարեւորը Այն Է, Որ Մենք Ի՛նչ Պէտք Է Ընենք Այս Իրականութեան Դիմաց»  Կ՛ըսէ Դոկտ․ Պետրոս Թերզեան

«Ազրպէյճանի Ուժանիւթային Անկումը Սկսած Է Արդէն․Կարեւորը Այն Է, Որ Մենք Ի՛նչ Պէտք Է Ընենք Այս Իրականութեան Դիմաց» Կ՛ըսէ Դոկտ․ Պետրոս Թերզեան

«Ազդակ»-ի 29-րդ առցանց լսարանի դասախօսն էր Փարիզի մէջ գործող «Փեթրոսթրաթեժի» հիմնարկի տնօրէն, տնտեսագէտ դոկտ․ Պետրոս Թերզեան։ Նիւթ՝ «Այսօրուան աշխարհակարգին մէջ ուժանիւթի գործօնը՝ հայկական դիտակէտերէ»։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։ Դոկտ․ Թերզեան քարտէսներով եւ տուեալներով ներկայացուց կովկասեան շրջանին հետ յարաբերակցաբար առնչուած երկիրներու նաւթի եւ կազի պաշարները, արտադրւթեան ծաւալները։ Հաստատելէ ետք, որ այս ուժանիւթերու բարձրակէտին վրայ է այսօր...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Ուրբաթ, 7 Մայիս 2021-ին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատարը՝ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Հայաստանէն վերադարձին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Յայտնենք, որ յանուն Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին նախարարի պաշտօնակատարը մեկնած էր Հայաստան մասնակցելու Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք հրապարակային ձեռնարկներուն։ Իր այցելութեան ընթացքին, ան տեսակցութիւններ ունեցած էր Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներու հետ: Ան Նորին Սրբութեան զեկոյց տուաւ այս իմաստով եւ Հայրապետը իր...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Եւ ԼԵՄ-ի`  Լիբանանի Նահատակաց Տօնի 105-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Եւ ԼԵՄ-ի` Լիբանանի Նահատակաց Տօնի 105-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ), հինգշաբթի, 6 մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Նահատակաց տօնի 105-ամեակի ոգեկոչում: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու, ինչպէս` Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ), Հըզպալլայի, Մարատա հոսանքի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Ամալ շարժումի, Ղովմի կուսակցութեան, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ուսանողական...

Լիբանան Իր Այցելութեան Ընթացքին.  Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար  Ժան Իվ Լը Տրիան  Այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Լիբանան Իր Այցելութեան Ընթացքին. Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան Այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Լիբանան իր կատարած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, հինգշաբթի, 6 մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ եւ «Փրէօմիեր Իւրժանս» կազմակերպութենէն  ներկայացուցիչներ: Այցելութեան ներկայ գտնուեցան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէն խորհուրդէն...

Վեհափառ Հայրապետը Ճաշի  Հիւրը Եղաւ Մարոնի Պատրիարքին

Վեհափառ Հայրապետը Ճաշի Հիւրը Եղաւ Մարոնի Պատրիարքին

Հրաւէրով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շաբաթ, 1 մայիս 2021-ին այցելեց Պքէրքէ, ուր ճաշի հիւրը եղաւ պատրիարքին: Ճաշին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանն ու պատրիարքական փոխանորդ Փոլ արք. Սայեահը: Պատրիարքին եւ վեհափառ հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւեց Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս նոր կառավարութիւն կազմելու հարցը, ինչպէս նաեւ...

Բրիտանիոյ Դեսպանատան Գործավար Մարթին Լոնկտըն  Եւ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրի Ներկայացուցիչ  Սելին Մոյրուտ Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Բրիտանիոյ Դեսպանատան Գործավար Մարթին Լոնկտըն Եւ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրի Ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտ Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Մարթին Լոնկտըն երէկ` չորեքշաբթի, 5 մայիս 2021-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան` ընկերակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի («Եու.Էն.Տի.Փի.») ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտի: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներ դիմաւորեցին հիւրերն ու անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Այս առիթով Լոնկտըն քաղաքապետ Պօղօսեանէն եւ Մոյրուտէն տեղեկացաւ բրիտանական դեսպանատան ֆինանսաւորումով Պուրճ Համուտի մէջ իրականացած բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներու գործադրութեան արդիւնքներուն:  Խորհրդակցութիւնները նաեւ...

Page 137 of 365 1 … 136 137 138 … 365

Արխիւներ