Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

Ցոլակ Թիւթէլեանի մահուան առիթով Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները. - Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Մարալ Մխճեան 1.000.000 լ. ո. - Մարաշի հայրենակցական միութիւն 1.000.000 լ. ո. - Վանէս Մարտիրոսեան 100.000 լ. ո. - Պետիկ Գարաքէլեան 100.000 լ. ո. - Գէորգ Լիզա Պէրպէրեան 100.000 լ. ո. - Վրէժ եւ Պետիկ Տէր Վարդանեան եւ ընտանիք 100.000 լ. ո. -...

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն

Ցոլակ Թիւթէլեանի մահուան առիթով Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները` - Ազգային մը 3.000.000 լ. ո. - Ազգային մը 2.000.000 լ. ո. - Տէր եւ տիկին Բենիամին Պչաքճեան 500.000 լ. ո. - Տէր եւ տիկին Կարօ Սալխանեան 500.000 լ. ո. - Գօգօ Սալխանեան 200.000 լ. ո. - Անդրանիկ Մսըրլեան 200.000 լ. ո. - Տէր եւ տիկին Լեւոն Տէր Սարգիսեան...

Յունաստանի Վարչապետէն Նամակ  Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յունաստանի Վարչապետէն Նամակ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 23 ապրիլ 2021 թուակիր նամակ մը ստացաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսէն: Յիշեալ նամակին մէջ, ողջունելով հայ ու յոյն ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու բարեկամական կապերը, վարչապետ Միցոթաքիս կ՛ըսէ, թէ «ժամանակի խորութեան մէջ կը ցանկանք առաւել ամրապնդում մեր պատմական կապերուն»: Ապա, ան իր բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնէ Հայաստանի, մեր ժողովուրդին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը մօտէն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի  Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը

Գլխաւորութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլին, տասը անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ` հինգշաբթի, 29 ապրիլ 2021-ին, այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Սամի Ժեմայէլ յանուն Փաղանգաւոր կուսակցութեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց  Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն` փորձելով թեթեւցնել Լիբանանի  տնտեսական, ընկերային, ելեւմտական, քաղաքական թէ առողջապահական  այս սուր տագնապներու օրերուն անոնց վրայ դրուած բեռը: Արդարեւ, դեկտեմբեր 2019-ին, յուլիս եւ օգոստոս 2020-ին Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կատարուած հերթական յատկացումներէն ետք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինը` հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակին ճամբով անգամ մը եւս կը հասնի լիբանանահայ վարժարաններուն օգնութեան եւ հարիւր...

Հաղորդագրութիւն.  Նորվեկիոյ Դեսպանին Այցելութիւնը` «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հաղորդագրութիւն. Նորվեկիոյ Դեսպանին Այցելութիւնը` «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հինգշաբթի, 29 ապրիլ 2021-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց Նորվեկիոյ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ լիազօր դեսպան Մարթին Եթերվիքի: Պատուիրակութեան միացած էր Նորվեկիական եկեղեցական օժանդակութիւն կազմակերպութեան Լիբանանի գործադիր տնօրէն Ռուպա Խուրի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներկայացուցիչ Նինա Հայէք: Անոնք դիմաւորուեցան հաստատութեան տնօրէն` Սերոբ Օհանեանի, վարչական մարմինի ներկայացուցիչ Վահէ Պարսումեանի եւ ընկերային ծառայողներուն կողմէ, ապա շրջայց մը կատարեցին հաստատութեան զանազան բաժանմունքները, ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Հոգեհանգիստ` «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Երեքշաբթի, 27 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, ուր նաեւ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային միաբան հայրեր: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տեսուչ հայր սուրբին, մանուկներուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Ապա, վեհափառին նախագահութեամբ վերոյիշեալ թանգարանի շրջափակին մէջ գտնուող դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յաջորդաբար Ընդունեց  Լիբանանեան Ուժեր Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք  Կուսակցութիւնները Ներկայացնող  Պատուիրակութիւնները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Յաջորդաբար Ընդունեց Լիբանանեան Ուժեր Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնները Ներկայացնող Պատուիրակութիւնները

Երկուշաբթի, 26 ապրիլ 2021-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւնները: Անոնք բաղկացած էին յիշեալ կուսակցութիւններու երեսփոխաններէ ու նախարարներէ: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Պատուիրակութիւնները նախ ծաղկեպսակ զետեղեցին մայրավանքի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` իրենց յարգանքը արտայայտելով մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն նկատմամբ եւ...

«Սփիւռքի Մէջ Կը Բացակայի Տարբեր  Ուղղութիւններով Ուժականութեան  Ձեւաւորման Գործընթացը»  Հաստատեց Մինաս Լուռեան

«Սփիւռքի Մէջ Կը Բացակայի Տարբեր Ուղղութիւններով Ուժականութեան Ձեւաւորման Գործընթացը» Հաստատեց Մինաս Լուռեան

«Ազդակ»-ի 28-րդ առցանց լսարանին զեկուցեց Իտալիոյ մէջ գործող «Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոն»-ի տնօրէն Մինաս Լուռեան: Նիւթ` «Միջազգային մշակութային կարեւոր մայրաքաղաքներէն` Վենետիկի մէջ գործող մասնագիտական անկախ կառոյցի մը ներկայի մարտահրաւէրներ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը ներկայացուց կեդրոնի պատմականը, թեւակոխած փուլերը եւ այն բնագաւառները, որոնց ուղղութեամբ ծանօթացման մասնագիտական աշխատանք տարած է: Ճարտարապետականէն երաժշտագիտական եւ հրատարակչական,...

Վերջին Հրաժեշտ` Կուսակցական-Հասարակական  Գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի

Վերջին Հրաժեշտ` Կուսակցական-Հասարակական Գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կուսակցական-հասարակական յայտնի գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին առաջնորդ սրբազանը կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսքը հանգուցեալ գործիչին մասին, ապա Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին դամբանական...

Յոյսի Պատրոյգներ.  Հակառակ Տագնապալի Օրերուն` «Զուարթնոց»-ը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Յոյսի Պատրոյգներ. Հակառակ Տագնապալի Օրերուն` «Զուարթնոց»-ը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

2019-էն այսօր տագնապալի օրեր կ՛ապրինք բոլորս: Հակառակ սաստկացող դժուարութեանց, Տիրոջ կամքով «Զուարթնոց» կեդրոնը շարունակեց իր առաքելութիւնը, եւ տագնապին պատշաճեցուած միջոցներով մինչեւ օրս յաջողեցանք իրականացնել մեզի վստահուած աշխատանքը: Ա) Կրթական Հետեւելով կրթութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն եւ նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով պարտադրուած կացութիւնը, 2020 մարտէն սկսեալ նախաձեռնեցինք առցանց դասերու կազմակերպման եւ գործադրման: Ամէնօրեայ դրութեամբ եւ ուսուցիչ-աշակերտ անհատական կապով փոխանցուեցան անհրաժեշտ այն...

«Մարի Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Հաստատում

«Մարի Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Հաստատում

Պապիկեան ընտանիքը, ի յիշատակ Մարի Ֆիլհաննէսեան-Պապիկեանի, որոշած է հաստատել յատուկ հիմնադրամ մը, որ պիտի աջակցի հայ կրթութեան ոլորտին մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրներուն: Այս որոշումին տուն տուող հիմնական շարժառիթը կը հանդիսանայ հանգուցեալ Մարի Պապիկեանին տասնամեակներ շարունակ հայոց լեզուի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան ինքնանուիրումը եւ  յատուկ աւանդ վաստկած իր հայ մօր տիպարը: Պապիկեան ընտանիքը նաեւ նկատի ունեցած է...

Աւստրիոյ Դեսպանը` Անթիլիասի  Մայրավանքին Մէջ

Աւստրիոյ Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 20 ապրիլ 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան դոկտ. Ռընէ Ամրին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանը յուզող հարցերը, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ բացասական ներկայութիւնը թէ՛ շրջանին եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ, յատկապէս Արցախի վերջին պատերազմին: Յիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը իր տեսակէտները պարզեց դեսպանին: Հանդիպման ընթացքին դեսպանը յիշեց վեհափառ հայրապետին դերը Վիեննայի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Նորվեկիոյ Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նորվեկիոյ Դեսպանը

Օրեր առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարթեն Իթերվիք` ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին: Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ նախ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը յուզող այժմէական հարցերուն, նոր կառավարութեան կազմութեան հարցէն սկսեալ մինչեւ տնտեսական տագնապը, ապա հայ ու նորվեկիացի ժողովուրդներու պատմական կապերուն: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեց նորվեկիացի Ֆրիտճոֆ Նանսենի սերտ կապերը հայ ժողովուրդին հետ եւ վերջինիս հրատարակութիւններուն...

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Փոխանորդը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Փոխանորդը

Ուրբաթ, 16 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի պատրիարքին փոխանորդը` արքեպիսկոպոս Փոլ Սայահը: Այցելութեան նպատակն էր` ա) Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահել Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան համար Ռայի պատրիարքին տարած աշխատանքներուն մասին եւ բ) Վեհափառ հայրապետին Վատիկան ղրկած նամակին առնչուած կարգ մը հարցերուն մասին: Վերջին կէտին վերաբերեալ յայտնենք, որ շուրջ երկու շաբաթներ...

Մասնակցութիւն` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Ընդհանուր Համաժողովի Ծրագրաւորման Յանձնախումբի Նիստին

Մասնակցութիւն` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Ընդհանուր Համաժողովի Ծրագրաւորման Յանձնախումբի Նիստին

23-25 մարտ 2021-ին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ Ընդհանուր համաժողովին ծրագրաւորման յանձնախումբը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ շարունակելու համար 31 օգոստոսէն 8 սեպտեմբեր 2022-ին Գերմանիոյ Քարլզրու քաղաքին մէջ նախատեսուած ԵՀԽ Ընդհանուր համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները: Սոյն ժողովին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան: Ծրագրաւորման յանձնախումբը որդեգրեց «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կ՛առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն եւ միութիւն» թեման եւ 2018-ին Կեդրոնական...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդ Վեց Միաբաններ Արժանացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճանի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդ Վեց Միաբաններ Արժանացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճանի

Շաբաթ, 10 ապրիլ 2021-ին, կիրակնամտից ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ Շահան արք. Սարգիսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը: Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճի արժանացան` Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Արտակ վրդ. Արապեան, Հրանդ վրդ. Թահանեան, Շնորհք վրդ. Աշըգեան, Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան: Իսկ...

Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  Եկեղեցւոյ Մէջ.  Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած  Նահատակներու Յիշատակին Յուշակոթողի Բացում

Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակին Յուշակոթողի Բացում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Զահլէի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշի, Զահլէի մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժոզէֆ Մուաուատի, Զահլէի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Անթոնիոս Ալ...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Փրոֆ. Վարդան Գրիգորեան

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Փրոֆ. Վարդան Գրիգորեան

Հինգշաբթի, 15 ապրիլ 2021-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ պատմաբան, դասախօս, բազմաթիւ մենագրութիւններու հեղինակ Վարդան Գրիգորեան: Վարդան Գրիգորեանը ծնած է 1934-ին Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ: Տարրական կրթութիւնը ստացած է Իրանի մէջ, միջնակարգ կրթութիւնը` Լիբանան: 1956-ին ընդունուած է Սթենֆըրտի համալսարան, որ աւարտած է 1958-ին գերազանցութեամբ` մասնագիտանալով պատմութեան եւ մարդկային գիտութիւններու ոլորտներուն մէջ: 1964-ին դասաւանդած է Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի...

Page 138 of 365 1 … 137 138 139 … 365

Արխիւներ