Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Համախմբենք Համազգային Արժէքներու Ու Ձգտումներու Շուրջ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 19, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդական յանձնախումբին, ուրբաթ, 14 մայիս 2021-ի երեկոյեան երիտասարդական խորհրդակցական առցանց հանդիպում մը կայացաւ: Հանդիպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին զանազան թեմերէ եւ շրջաններէ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ` յանձնախումբի անդամ միաբան հայրեր:

Վեհափառ հայրապետին աղօթքէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Երիտասարդական յանձնախումբի ատենապետ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը: Ողջունելով երիտասարդներուն մասնակցութիւնը` ան ակնարկ մը նետեց 2019 թուականին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կայացած խորհրդակցական հանդիպման վրայ եւ յայտնեց, որ «Քորոնա»-ին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով դժբախտաբար չկարողացանք իրագործման ընթացքի մէջ դնել զայն: Ուստի, ներկայ պայմաններու լոյսին տակ հարկ է մեր ծրագիրը յառաջ տանիլ ու իրագործել: Իր խօսքի աւարտին սրբազանը հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` իր օրհնութիւնն ու պատկերացումները փոխանցելու եւ աշխատանքին ընդհանուր ուղղութիւն մը տալու:

Վեհափառ հայրապետը հայրական սիրով ողջունելէ ետք երիտասարդները, իր գոհունակութիւնը յայտնեց նման հաւաքի մը կազմակերպման, երիտասարդներուն հետ ըլլալու եւ մանաւանդ զիրենք լսելու համար: Ան յիշեցուց, որ երիտասարդութիւնը թէ՛ մեր եկեղեցւոյ, թէ՛ հայրենիքին, թէ՛ մեր գաղութներուն եւ թէ՛ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կոչուած է աւելիով ներկայութիւն դառնալու, որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կը շեշտենք, երիտասարդութիւնը մեր ներկան է եւ ո՛չ միայն մեր ապագան, եւ չենք կրնար մեր ապագան կերտել առանց երիտասարդութեան գործօն ներկայութեան ու ներդրումին մեր կեանքին մէջ:

Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին հետ քայլ պահելու հրամայականէն մեկնելով` Արամ Ա. ըսաւ, որ այլեւս աւանդական դարձած մեր կառոյցները իրենց զմռսուած մտածումներով ու կաղապարուած մօտեցումներով սկսած են անշնչելի դառնալ մեր երիտասարդներուն համար: Հետեւաբար մեր ազգային թէ եկեղեցական կեանքի վերանորոգման գործընթացին մէջ երիտասարդութիւնը կարեւոր պատասխանատուութիւն ունի, ինչպէս նաեւ իրաւունք ու պարտաւորութիւն` իր ըսելիքը ըսելու եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու:

Եզրափակելով իր խօսքը` հայրապետը ըսաւ, որ  ներկայ աշխարհը կը փորձէ ֆորումներու ու տիալոկներու ճամբով զանազան մարզերու առնչուած մարդուժը ի մի համախմբել. սակայն մեր պարագային անիկա տեսական կամ պարագայական պէտք չէ ըլլայ, այլ հիմնական արժէքներու, սկզբունքներու ու ձգտումներու շուրջ պէտք է ըլլայ:

Ապա վեհափառը առանձին ձգեց հաւաքի մասնակից երիտասարդները, որպէսզի ազատօրէն կարենան իրենց տեսակէտները պարզել:

Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի եւ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանի զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ ծրագիրի քննարկում` առաջնորդութեամբ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի: Երիտասարդները աշխուժ մասնակցութիւն բերին քննարկումներուն` իրենց մտահոգութիւններն ու սպասումները փոխանակելով հայ կեանքէն ներս երիտասարդութեան առանցքային դերը առաւել եւս շեշտելու նպատակասլաց մօտեցումով:

Յայտնենք, որ նման քննարկումներ պիտի շարունակուին կաթողիկոսարանի երիտասարդական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ:

 

Նախորդը

Վեհափառ Հայրապետին Այցելուները

Յաջորդը

Ամերիկեան Ուժերը Իրենց Ռազմակայանները Կրնան Թուրքիայէն Յունաստան Տեղափոխել

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?