Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Դեսպանի Պաշտօնակատարը Այցելեց Բագրատունիի

May 17, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանի պաշտօնակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ մէկուկէս ժամ տեւող հանդիպումին քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային թատերաբեմի իրադարձութիւնները:

Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայ համայնքի դերակատարութեան եւ ներկայ փուլին ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումներուն` ճշդելով որ անհրաժեշտ են կառավարութեան արագ կազմութիւնը, ազգային համերաշխութեան պահպանումը, բարեկարգումներու առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին տնտեսական կացութեան բարելաւումը: Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ օտար երկիրներ օժանդակեն Լիբանանին, յատկապէս յափշտակուած գումարներու վերադարձի խնդիրին մէջ:

Ապա, ակնարկ կատարուեցաւ շրջանային կացութեան եւ այն փոփոխութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց անդրադարձին` Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան վրայ:

Խօսակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ Իսրայէլի յարձակումը Երուսաղէմի եւ Կազայի վրայ:

Լոնկտըն խոր մտահոգութիւն յայտնեց երկրի կացութեան դիմաց իշխող աւագանիին ցուցաբերած անտարբեր կեցուածքին համար` միաժամանակ նշելով, որ ծանօթ ըլլալով հայ համայնքի դերակատարութեան, զայն կը նկատէ երկրին հանդէպ նախանձախնդրութեան լաւագոյն օրինակ: Ան աւելցուց, որ այն հոգածութիւնը, որ հայկական տարբեր կառոյցներու կողմէ կը ցուցաբերուի համայնքի զաւակներուն նկատմամբ, գնահատելի երեւոյթ է եւ վարակիչ պէտք է դառնայ:

Նախորդը

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցւչ Հռչակուեցաւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.