Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Ուժանիւթային Անկումը Սկսած Է Արդէն․Կարեւորը Այն Է, Որ Մենք Ի՛նչ Պէտք Է Ընենք Այս Իրականութեան Դիմաց» Կ՛ըսէ Դոկտ․ Պետրոս Թերզեան

May 8, 2021
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 29-րդ առցանց լսարանի դասախօսն էր Փարիզի մէջ գործող «Փեթրոսթրաթեժի» հիմնարկի տնօրէն, տնտեսագէտ դոկտ․ Պետրոս Թերզեան։ Նիւթ՝ «Այսօրուան աշխարհակարգին մէջ ուժանիւթի գործօնը՝ հայկական դիտակէտերէ»։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։

Դոկտ․ Թերզեան քարտէսներով եւ տուեալներով ներկայացուց կովկասեան շրջանին հետ յարաբերակցաբար առնչուած երկիրներու նաւթի եւ կազի պաշարները, արտադրւթեան ծաւալները։

Հաստատելէ ետք, որ այս ուժանիւթերու բարձրակէտին վրայ է այսօր աշխարհը, ան նկատեց, որ յառաջիկայ տարիներուն կը սկսի անկումը ուժանիւթի արժէքին, թէ՛ սպառման, թէ՛ մրցակցութեան եւ թէ՛ գինի նուազեցումի հանգամանքներով։

Դոկտ․ Թերզեան մանրամասն տուեալներ ներկայացուց թէ՛ նաւթի եւ թէ՛ կազի տարանցիկ ուղիներուն, յառաջատար երկիրներուն՝ Ղազախստանի, Իրանի եւ Թուրքմենիստանի մասին, յատուկ կերպով կեդրոնանալով Ազրպէյճանի տուեալներուն վրայ։

Կասպից ծովու ուժանիւթային պաշարներու յայտնաբերման օրերուն տարբեր վերլուծական կեդրոններու կատարած կանխատեսումներու իրականութեան չհամապատասխանելուն անդրադառնալով՝ դոկտ․ Պետրոս Թերզեան հաստատեց, որ Ազրպէյճանի ուժանիւթային արժէքի անկումը սկսած է արդէն։

Դոկտ․ Թերզեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային ջրային, արեւային, հիւլէական եւ հողմային ուժանիւթի համակարգերուն մասին՝ հաստատելով, որ Հայաստանի պարագային ուժանիւթային աղբիւրները լիովին կը բաւարարեն ամբողջ երկրին։

Ռազմական գործողութեան ձեռնարկելու մղումը դասախօսը առնչեց ազրպէյճանական ուժանիւթի անկումի գործընթացին հետ։ Ապա հաստատեց, որ Ազրպէյճանի մէջ իշխող խաւի շահերէն մեկնած կը մշակուի ուժանիւթի ներդրումային քաղաքականութիւնը։

Դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցում-պատասխանի եւ տեսակէտներու արտայայտման ուղղութեամբ հետաքրքրական քննարկում մը։

Նախորդը

Խմբագրական. Մայիս 9-ի Նորացուած Խորհուրդը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը

February 25, 2026
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ
Գաղութային

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

February 25, 2026
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Մեկնարկ «Յիշենք Վարդան Ճինիշեանը» Նախաձեռնութեամբ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.