Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

August 11, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին, յաջորդական կերպով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը առցանց հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն հետ: Հանդիպումներուն կաթողիկոսին կողքին մասնակցեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետները` Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսերեճեան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ինչպէս նաեւ` կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Թեմերուն կողմէ մասնակցեցան առաջնորդ սրբազանին հետ Ազգ. վարչութեան ատենապետը եւ երբեմն` դիւանը:

Իւրաքանչիւր հանդիպում տեւեց աւելի քան ժամ մը, որուն ընթացքին զեկոյցներ տրուեցան թեմի աշխատանքներուն մասին, ներկայացուեցան թեմի մտահոգութիւնները եւ յառաջիկայի ծրագիրները: Կատարուած քննարկումներէն ետք հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց թեմերու գործունէութեան` հակառակ համաճարակի ստեղծած դժուար պայմաններուն, եւ կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւնները: Նորին սրբութիւնը յատկապէս շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր հոգեւորական թէ աշխարհական մարդուժով միշտ պատրաստ է օժանդակելու թեմերու աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն:

– Հինգշաբթի, 29 յուլիս 2021-ին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դիւանը եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնուհին այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, առաջին հերթին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հօր` հաստատելով, որ անցնող երկամեակին Համազգայինը յատուկ կերպով վայելած է Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական գուրգուրոտ վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ արժանացած է անոր քաջալերանքին ու զօրակցութեան:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան մշակութային կեանքը յուզող հարցեր: Համազգայինի Շրջանային վարչութեան դիւանը ներկայացուց ներկայ փուլին Համազգայինի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, աշխատանքները եւ ծրագիրները:

Կաթողիկոսը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող գեղարուեստի դպրոցներու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ թելադրանքներ ու ցուցմունքներ կատարեց Շրջանային վարչութեան:

Ինչպէս ծանօթ է, 20 յունիս 2021 թուականին Անթիլիասի մայրավանքի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի դպրեվանքի աւարտական հինգ սարկաւագներու աբեղայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը: Անոնք վերակոչուեցան` Տ. Եզեկիէլ, Տ. Եսայի, Տ. Եզրաս, Տ. Եղիա եւ Տ. Երեմիա աբեղաներ:

Մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, նորընծայ աբեղաները քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջան մը անցուցին` աղօթելով, խորհրդածելով, կարդալով եւ իրենց յառաջիկայ առաքելութեան համար պատրաստուելով: Իսկ կիրակի, 1 օգոստոսին, անոնք մատուցեցին իրենց անդրանիկ պատարագը Լիբանանի թեմի եկեղեցիներէն ներս:

Արդարեւ, երկուշաբթի, 2 օգոստոս 2021-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց զիրենք` իր հայրական յորդորները եւ օրհնութիւնը տալով անոնց: Կաթողիկոսին տնօրինումով, անոնք հետեւեալ վանական պատասխանատուութիւնները ստանձնեցին. հայր Եզեկիէլ` մատենադարանապետի օգնական, հայր Եսայի` գաւազանակիր եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի օգնական, հայր Եզրաս` Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի օգնական, իսկ հայր Եղիա ու հայր Երեմիա` դպրեվանքի հսկիչներ:

Նախորդը

«Ես Քու Դիմացդ Եմ, Միա՛յն Գլուխդ Վեր Ըրէ՛ Եւ Զիս Գրկաբաց Քու Առջեւդ Պիտի Տեսնես»

Յաջորդը

Արժանապատուութեան Հարց Է

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն  Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին

October 15, 2026
Հաղորդագրութիւն.  Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները

October 14, 2026
Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում
Գաղութային

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.