Երկուշաբթի, 23 օգոստոսին իր մահկանացուն կնքեց իրաւաբան, հրապարակագիր եւ մտաւորական մեթր Գասպար Տէրտէրեան, որ յայտնի էր իր մարքսեան հայեացքներով:
Հակառակ գաղափարական տարբերութիւններուն, «Ազդակ» վերջին տասնամեակի ընթացքին տեղ տուած է մեթր Տէրտէրեանի հրապարակագրական եւ քաղաքագիտական բնոյթի յօդուածներով: Անոր բազմաթիւ յօդուածները լոյս տեսած են «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Ազդակ»-ի բացառիկներուն մէջ: