Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանի 2020-2021 Աւարտական Հանդէսը

Օգոստոս 25, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յառաջիկայ  Տարեշրջանին Վարժարանը Պիտի Ունենայ
France Education-
ի Կարգավիճակ

3 օգոստոս 2021-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական հանդէսը, հնչեց որպէս պատասխան` վերջին տարուան ընթացքին յատկապէս լիբանանցիները պատուհասած ու տակաւին շարունակուող տագնապներուն` այն մասին, որ այս վարժարանը` որպէս մէկ անդամը լիբանանահայ կրթական ընտանիքին, ոչ միայն հաստատ կանգուն է իր առաքելութեան ճամբուն վրայ, այլ հայեացքը յառած կը շարունակէ պահել զարգացումի եւ յառաջդիմութեան բարձունքներուն, լի` զանոնք նուաճելու վճռակամութեամբ:

Հանդէսը տեղի ունեցաւ Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր դասի եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ու սահմանափակ թիւով հրաւիրեալներու ներկայութեան` համաձայն քորոնա վարակի տարածման դէմ  կանխարգելիչ պայմաններուն:

Աւարտական դասարանի աշակերտներու բացման եւ յաւուր պատշաճի խօսքերէն եւ գեղարուեստական ելոյթներէն ետք, ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ Իլհամ Սալլում, որ աշակերտներուն թելադրեց ներկայ պահը ընկալել մանաւանդ իբրեւ նոր ճանապարհորդութեան մը սկիզբը, որ զիրենք պէտք է տանի անձի եւ հաւաքականութեան զարգացման ճանապարհով` հասցնելու համար կեանքին մէջ լիարժէք կայացման:

Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ իր խօսքը սկսաւ` յարգանքի տուրք մատուցելով վարժարանի նախկին շրջանաւարտ Ճեսիքա Պեզճեանին, որ մէկ տարի առաջ` օգոստոս 4-ի Պէյրութի պայթումին զոհ գնաց պարտականութեան ճամբուն վրայ` իբրեւ հիւանդապահուհի: Տնօրէնը յայտնեց, որ առ ի յարգանք վաղամեռիկ Ճեսիքային եւ անոր զոհողութեան` 2020-2021 աւարտական սերունդը պիտի կոչուի անոր անունով:

Կ. Գալուստ շրջանաւարտներուն ուղղուած իր թելադրանքները ամփոփեց հինգ կէտերու մէջ. ան կոչ ուղղեց` ըլլալու աշխատասէր, հաւատարիմ` Աստուծոյ, հայութեան, Լիբանանին եւ ընտանիքին, ունենալու եւ զօրացնելու հաւատքը` որպէս բոլոր դժուարութիւններուն դէմ պայքարի հիմք, ըլլալու մեծ երազներու հետամուտ եւ, վերջապէս, փայփայելու սէրը հոգիներուն մէջ` կայանալու համար մարդկային դժուարին գոյութեան մէջ: Վերջին երկու դժուարին տարիներու ձեռքբերումները գնահատելու ծիրին մէջ ան ոգեկոչեց յիշատակը վախճանեալ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին զօրակցած հոգեւոր հայրերուն, իր պարտականութիւնը գերազանց կատարած ուսուցչական կազմին, զոհողութիւններուն ամրօրէն դիմացող ծնողներուն եւ թեւ ու թիկունք եղած բարերարներուն ու բարեկամներուն: Վերջապէս, Կ. Գալուստ հաղորդեց, որ վերելքի ճամբան շարունակող Մեսրոպեան վարժարանը` առաջինը եւ միակը ամբողջ հայ կրթական հաստատութիւններուն մէջ, յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի ստանայ «Ֆրանս էճուքէյշըն»-ի կարգավիճակ, որ զայն պիտի դասէ համահաւասար` Ֆրանսայի հանրային կրթութեան մակարդակին:

Գերազանց արդիւնքներ արձանագրած շրջանաւարտներու պարգեւատրումէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը. 31 մեսրոպեանականներ դպրոցական փուլէն անցում կատարեցին դէպի յառաջ` ուսման եւ կեանքի ասպարէզներուն մէջ իրենց վարժարանին անունը բարձր պահելու խոստումով:

Մեսրոպեան Արհեստից Վարժարանի
30
Աշակերտներ Ստացան Աւարտականի Վկայական

6 օգոստոս 2021-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արհեստից վարժարանի ամավերջի հանդէսը, որուն ընթացքին վարժարանի 30 աշակերտներ եւ ուսանողներ ստացան իրենց աւարտականի վկայականները:

2020-2021 տարեշրջանի աւարտական հունձքը կոչուեցաւ վարժարանի Պէ.Թէ. դասարանի այս տարուան շրջանաւարտ, վաղամեռիկ Ներսէս Ներսէսեանի անունով, որ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք աչքերը փակեց սոյն տարուան յունիս 19-ին: Մահէն երեք օր առաջ արհեստիցի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ այցելած էր Ներսէսին եւ անոր յանձնած` աւարտականի իր վկայականը:

Այս առիթով աւարտականներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ Կրեկուար Գալուստ կոչ ուղղեց` ուսման եւ կեանքին մէջ գօտեպնդուելու այն կամքով, վճռակամութեամբ եւ հոգեկան քաջութեամբ, որով հանգուցեալ Ներսէսը դիմաւորեց անողոք հիւանդութիւնը եւ պայքարեցաւ անոր դէմ մինչեւ վերջ: Ան կոչ ուղղեց` չընկրկելու կեանքի դժուարութիւններուն դէմ, որոնք յատկապէս ներկայիս կը ծանրանան բոլորիս վրայ եւ հաստատուն մնալ մանաւանդ հաւատքին մէջ, որպէս բանալի` բոլոր տագնապներու յաղթահարման: Ան թելադրեց ըլլալ ու մնալ միշտ աշխատասէր, քանզի միայն այդպէս կարելի է մնալ մտքով ու հոգւով առողջ` լաւապէս կայանալու համար կեանքի թէ ուսման ասպարէզներուն մէջ:

Հանդէսին ընթացքին ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ Ռաքէլ Քեչեճեան: Աւարտականները արտասանեցին յաւուր պատշաճի խօսքեր, իսկ գեղարուեստական կատարումներու շարքին, խմբովին ելոյթ ունեցան «Դէպի երկինք» երգով` նուիրուած Ներսէս Ներսէսեանի յիշատակին:

Աւարտին, Մեսրոպեանի արհեստից վարժարանի Պէ.Թէ. եւ Թէ.Էս դասարաններու 30 աշակերտներ եւ ուսանողներ ստացան իրենց աւարտականի վկայականները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 24 Օգոստոս 2021)

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Էմինի Թափառումները Եւ Վերադարձը Հնդկաստան

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?