Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Օգոստոս 17, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կիրակի, 15 օգոստոսին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու Աստուածամօր երկրաւոր կեանքի վախճանի յիշատակը, նաեւ յիշատակը անոր վերափոխման, այսինքն` երկինք փոխադրութեան: Առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Աստուամօր կեանքին, թէ ինչպէ՛ս Քրիստոսի համբարձումէն յետոյ 15 տարիներ Երուսաղէմի մէջ առաքեալներուն հետ միասին ապրելէ ետք, ան իր մահկանացուն կնքեց եւ արժանացաւ երկնային լոյսէ փառապանծ պսակին:

«Դարեր ետք մենք զինք կը յիշատակենք իբրեւ առաքինի մայր եւ կոյս անարատ, իբրեւ մէկը, որ հաւատքով, հնազանդութեամբ եւ Աստուծոյ նկատմամբ ամենայն վստահութեամբ իր կեանքը ապրեցաւ, ծնունդ տուաւ Միածին Որդիին, անոր հետեւող առաջին առաքեալը հանդիսացաւ եւ իր ամբողջ կեանքը ընծայաբերեց անոր պատգամած Աւետարանի խօսքին», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` նկատել տալով, որ աշխարհը ունի իր մեծերը, ժողովուրդները ունին իրենց հերոսերը, որոնք պարբերաբար կը յիշատակուին, որպէսզի մարդիկ անոնց անցեալի նեղութիւններուն նայելով անոնցմէ ներշնչում ստանան եւ աշխարհի մէջ իրենց պարտականութիւններուն գիտակցութիւնը ունենան:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը հաստատեց, որ եկեղեցին եւս ունի իր մեծութիւնները, իր հերոսները, այսինքն` իր սուրբերը, որոնք կը լուսաւորեն եկեղեցւոյ հիմերը, նաեւ կը լուսաւորեն աշխարհի մէջ անոր ստանձնած դժուարին առաքելութիւնը: «Անկասկած, Աստուածամայրը պէտք է նկատել եկեղեցւոյ մեծութիւններուն, հերոսներուն, սուրբերուն գլխաւորը: Ան օրինակ է բոլորին», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Աստուածամայրն ալ շնչաւոր էակ մըն էր մեր օրինակով, բայց փոքր հասակէն նուիրուած էր տաճարի սպասաւորութեան սրբազան գործին: Սրբութեամբ պահած է իր կեանքը, եւ այդ պատճառով Աստուած կամեցաւ իր միջոցով աշխարհ ղրկել Փրկիչը, որպէսզի այդ Փրկիչին միջոցով խաւարի մէջ գտնուող, անյոյս վիճակի մէջ գտնուող մարդկութիւնը յոյս տեսնէ, հորիզոն գտնէ իր տեսողութեան դիմաց:

Սրբազան հայրը շեշտեց, որ բարին աւելի հզօր է, քան չարը, եւ այս հաւատքով ապրած է մեր ժողովուրդը` աւելցելով, որ մենք եւս պէտք է այս հաւատքով շարունակենք մեր կեանքը առանց ընկճուելու, ընկրկելու եւ առանց մոռնալու աշխարհի մէջ մեր պարտականութիւնները: Ան ըսաւ, որ ներկայիս ժողովուրդը շատ բան կորսնցուցած է իր հոգեկան քաջութենէն, իր ազգային սովորութիւններէն եւ աւանդութիւններէն: «Հետեւաբար պէտք է սթափինք: Պէտք է վերադառնանք մեր ակունքներուն եւ մեզ կանխող սերունդներուն օրինակին մէջէն գտնենք յոյս, որուն միջոցով մեր ներաշխարհը լուսաւորելու կողքին նաեւ կրնանք մեր ընկերութեան նոր յոյս բերել», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Կազմաւորուեցաւ, Հերթը Կառավարութեան Է

Յաջորդը

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը Եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը Նշուեցան Համանուն Վանքի Համալիրին Մէջ

RelatedPosts

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ
Գաղութային

«Սարգիս Կիրակոսեան» Արխիւային Բաժինի Բացում «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

Օգոստոս 20, 2025
Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?