Մահացած է իրանցի անուանի գրող, թարգմանիչ եւ հետազօտող, Իրանի մէջ հայագիտութեան ամենավառ ներկայացուցիչներէն մէկը` դոկտ. Ահմատ Նուրիզատէն:
Ան ծնած էր 1951-ին` Պանտար Անզալիի մէջ: Հայերէն սորված էր իրանահայ բանաստեղծ Արշի Բաբայեանի մօտ, որմէ ետք հայերէնի իր իմացութիւնը կատարելագործած էր Սպահանի պետական համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Խաժակ Տէր Գրիգորեանի մօտ:
1969-1970 թուականներուն ան սկսաւ պարսկերէնի թարգմանել եւ հանրութեան ներկայացնել հայ գրողներու եւ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները:
Նուրիզատէն մեծ սէր տածած էր հայութեան, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի ու գրականութեան նկատմամբ: Այս նիւթերով ան հեղինակած եւ թարգմանած է 14 գիրք, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը «100 տարուայ հայ պոէզիան» կոթողային աշխատութիւնն է:
Նուրիզատէ այցելած է նաեւ Լիբանան, ուր դասախօսութիւններու շարք մը տուած է Իրանի մէջ հայագիտութեան մասին: Այն շրջագիծին մէջ ան նաեւ այցելութիւն տուած է «Ազդակ», ուր հանդիպում ունեցած է խմբագրական կազմի անդամներուն հետ: