Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւարտեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային ԻԷ. Ժողովը

Օգոստոս 28, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 25 օգոստոս 2021-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի Շրջանային ԻԷ. Ժողովը, որուն մասնակցեցան պատգամաւորներ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի տարածքային թէ մասնագիտական մասնաճիւղերէն, ինչպէս նաեւ գեղարուեստի դպրոցներէն: Ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները: Ժողովին բացումը կատարուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` ի յիշատակ նախորդ երկամեակին մահացած համազգայնականներուն, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ուսուցիչներուն, Համազգայինի երախտաւորներուն եւ բարերարներուն:

Ժողովականները, լսելէ ետք ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական մանրամասն տեղեկագիրները, նշեցին, որ թէեւ նախորդ երկամեակը յատկանշուած էր իր բաւական դժուար յաղթահարելի մարտահրաւէրներով` Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ծանր տագնապ, ժողովրդային շարժում, «Քորոնա» ժահրի համավարակ եւ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումի հետեւանքներ, սակայն ընթացաւարտ Շրջանային վարչութիւնը կրցաւ անցումային փուլը պատուով յաղթահարել եւ նկատի ունենալով առողջապահական մարտահրաւէրը ապահովել մշակութային գործունէութեան հեզասահ անցում` հրապարակայինէն առցանցի:

Ժողովականները իրենց քննարկումներուն ընթացքին նաեւ շեշտը դրին այն իրականութեան վրայ, որ գոյութիւն ունեցող դժուար պայմաններուն մէջ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութիւնը կրցաւ իրագործել այն, ինչ որ պէտք էր իրագործել` պահելով հանդերձ մշակութային առցանց թէ սկզբնական շրջանին հրապարակային նախաձեռնութիւններուն որակն ու մակարդակը: Ներկաներուն կողմէ մասնաւորաբար գնահատանքի արժանացաւ այս տարի Շրջանային վարչութեան կողմէ ապրիլեան ձեռնարկներու համար 106-ամեակի յատուկ յանձնախումբի մը կազմութիւնը եւ այս յանձնախումբին կողմէ ամբողջ տասը օր տեւած բարձրորակ նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը:

Այս առիթով ալ, ժողովականները ողջունեցին ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան բացուածութիւնը լիբանանեան մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն` անոնց միջոցով հայ մշակոյթին` երգին, պարին ու երաժշտութեան քարոզչութիւնը կատարելով լիբանանեան ընկերութեան մէջ: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ այս ընթացքը շարունակուի միութեան հետագայ գործունէութեան ընթացքին եւս:

Ժողովը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անցնող երկամեակին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` Համազգայինի ծրագիրներուն իրականացման համար ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ զօրակցութեան:

Նկատի ունենալով նախորդ երկամեակի դժուար ըլլալը նաեւ նիւթական առումով, ներկաները գնահատեցին նաեւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան թափած ճիգերը միութեան նիւթական վիճակը հաւասարակշռելու առումով: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նախորդ երկամեակի մարտահրաւէրներու յաղթահարման աշխատանքին մէջ Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, պատկան մարմիններուն եւ Համազգայինի բարեկամներուն թափած ջանքերուն համար: Ներկաները ողջունեցին Համազգայինի մասնագիտացած մասնաճիւղերուն եւ գեղարուեստի դպրոցներու վարչութիւններուն ու խնամակալութեան գործունէութիւնը:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտաճման` շեշտելով յատկապէս Գեղարուեստի դպրոցներու` Հայաստանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին եւ այլ ակադեմիաներու հետ համագործակցութեան զարգացումը:

Անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ միութեան մշակութային գործունէութիւնը Լիբանանի մէջ յառաջիկային եւս շարունակուի միեւնոյն թափով` ի հարկին առցանց գործունէութեան կողքին որդեգրելով նաեւ աշխատանքի այլ եղանակներ:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն` հետեւեալ կազմով.

Սէմ Սիմոնեան
Շաղիկ Յովսէփեան­ Յարութիւնեան
Նորայր Գարամանուկեան
Վարդան Ազնաւուրեան 
Արա Գէորգեան
Նանոր Թաշճեան 
Քրիստին Արզումանեան
Մարիա Եագուպեան
Յովիկ Գլնճիպաշեան
Լիզա Պասթաճեան
Կարէն Եոզուլքանեան

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Ակումբները Եւ Ժողովրդային Տուները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?