Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Համազգայինի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Համազգայինի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը

Ուրբաթ, 10 սեպտեմբեր 2021-ին  Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Համազգայինի նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամները, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին նորընտիր վարչութեան ատենապետը Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին զեկոյց մը տուաւ կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց մշակութային կեանքը յուզող հարցերուն ու ներկայ դժուար պայմաններուն տակ Համազգայինի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Արամ Ա. կաթողիկոս անհրաժեշտ թելադրանքներն ու ցուցմունքները փոխանցելէ...

Մտայղացքային Արուեստի Եւ Կենդանի Ներկայացումներու Երեկոյ Այնճարի Մէջ

Մտայղացքային Արուեստի Եւ Կենդանի Ներկայացումներու Երեկոյ Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ գործակցաբար «Այնճար արթ կալըրի»-ին եւ մուսալեռցի-այնճարցի արուեստագէտներու, շաբաթ, 11 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց մտայղացքային արուեստի եւ կենդանի ներկայացումներու երեկոյ: Մասնակից արուեստագէտներն էին` Գօգօ Կարապետ, Կարպիս Քենտիրճեան, Նանոր Հաճեան, Կարինէ Շաննաքեան, Սիրուն Սարեան, Սեւատա Անտոնեան, Վարանդ Քէշիշեան, Րաֆֆի...

Ծովիկ Առնելեանի Իգականութեան  Զգայացունց Իւրայատկութիւններու «24 Եունիվըրզըս» Խորագրեալ Անհատական Առաջին Ցուցահանդէսը

Ծովիկ Առնելեանի Իգականութեան Զգայացունց Իւրայատկութիւններու «24 Եունիվըրզըս» Խորագրեալ Անհատական Առաջին Ցուցահանդէսը

Ներկայութեամբ Ճափոնի դեսպան Թոքումիցու Մուրաքամիի, հինգշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2021-ին բացումը կատարուեցաւ Ծովիկ Առնելեանի անհատական առաջին ցուցահանդէսին, «Արթլապ» ցուցասրահին  (Artlab Gallery) մէջ, Ժմմէյզէ: Առնելեանի «24 եունիվըրզըս» («24 տիեզերք») խորագրեալ անհատական առաջին այս ցուցահանդէսի 24 սկաւառակաձեւ ստեղծագործական տարբեր պատկերները կը ցոլացնեն հայրիշխանութենէն ձերբազատելու մղուող իգական ուշագրաւ հաղորդականութեան ոճ: Երիտասարդ գեղանկարիչը կը փորձէ իր մարմնի զգայացունց մասնիկներու (կրծքագեղձեր...) գեղանկարչական պատկերացումով, զանոնք դրսեւորել ու...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 106-Ամեակ  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 82-Ամեակ.  Խաչվերացի Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ,  Աւանդական Մատաղի Օրհնութիւն  Եւ Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 106-Ամեակ Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 82-Ամեակ. Խաչվերացի Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ, Աւանդական Մատաղի Օրհնութիւն Եւ Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Խաչվերացի տօնին առիթով եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 106-ամեակի ու Այնճարի հիմնադրութեան 82-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին` կիրակի, 12 սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց, քարոզեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող անդամներ, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամներ, Լիբանանի կառավարութեան ճարտարարուեստի նոր նշանակուած նախարար Ճորճ Պուչիքեան, երիտասարդութեան...

Վերացման Սուրբ Խաչի Տօնը Մեծ Շուքով  Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Վերացման Սուրբ Խաչի Տօնը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երէկ` կիրակի, 12 սեպտեմբեր 2021-ին, հայ եկեղեցին նշեց հինգ տաղաւար տօներէն վերջինը եւ Տէրունի Խաչին նուիրուած տօներէն երկրորդը հանդիսացող Վերացման սուրբ խաչի տօնը: Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` ի յիշատակ Վերացման Ս. խաչի տօնին: Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս շաբաթ, 11 սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի: Խորհուրդը յանձնեց շնորհակալագիր մը, ուր կ՛ըսուի. «Վեհափա՛ռ տէր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին անունով, սոյն գրութեամբ կը դիմենք ձեզի, արտայայտելու մեր շնորհակալութիւնն ու բարձր գնահատանքը` ձեր ցուցաբերած հայրական գուրգուրանքին ու հոգածութեան համար: Երկարամեայ ձեր հոգածութեան...

Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ Այնճարի Մէջ

Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 10 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարոլ Քէնտիրճեան, որ ըսաւ, թէ մուսալեռցին բազմաթիւ դժուարութիւններ կրած է պատմութեան տարբեր փուլերու, մինչեւ այսօր` սփիւռքի տարածքին, սակայն երբեք այս դժուարութիւններէն չէ յուսահատած, այլ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ազունիէի Ազգայինբուժարանի Խնամակալութեան Դիւանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ազունիէի Ազգայինբուժարանի Խնամակալութեան Դիւանը

Չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2021-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան դիւանը: Հանդիպման ընթացին կաթողիկոսը զեկոյց ստացաւ վերջին ամիսներուն բուժարանի գործունէութեան մասին: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բուժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կատարած աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս բուժարանին գործունէութեան վերաբերող: Կաթողիկոսը նաեւ գնահատեց Նիւ Եորքի խնամակալութեան կատարած հետեւողական նպաստը, յատկապէս` տնտեսական լուրջ դժուարութիւններով լեցուն այս օրերուն: Արդարեւ, հայրապետը շեշտեց Մեծի...

Ներկայութեամբ Երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի.  Լէյլաւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Շրջանի  Հայորդիներու Մտերմիկ Ճաշ-Հաւաքը

Ներկայութեամբ Երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի. Լէյլաւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Շրջանի Հայորդիներու Մտերմիկ Ճաշ-Հաւաքը

Կազմակերպութեամբ Լէյլաւանի վարչութեան, հինգշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2021-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ ճաշ-հաւաք` մասնակցութեամբ շրջանի հայորդիներու եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանին եւ շրջանի կառոյցներու ու միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Հաւաքի սկզբնաւորութեան ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, որ այսպիսի հանդիպումներ տաքուկ ճաշին...

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Ակումբին Մէջ.  Գերեվարութենէ Ազատած Մարալ Նաճարեանի Շնորհակալական Այցելութիւնը

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Ակումբին Մէջ. Գերեվարութենէ Ազատած Մարալ Նաճարեանի Շնորհակալական Այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն ակումբին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լէյլաւանցի Մարալ Նաճարեանին հետ, որ արցախեան պատերազմի օրերուն, 10 նոյեմբերին յայտնուած էր ազրպէյճանական գերութեան մէջ: ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, որ կոմիտէն Մարալ Նաճարեանի` գերեվարութենէ ազատումէն ետք մօտէն հետեւեցաւ անոր բժշկական, ընկերային եւ նիւթական պայմաններուն: Ան ըսաւ, որ առաջին օրերուն հիմնական...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց  Ծերակուտական Մենենտեզին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Ծերակուտական Մենենտեզին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռապըրթ Մենենտեզին` շնորհաւորելով ամերիկացի օրէնսդիրը Կիպրոսի նախագահին կողմէ «Մակարիոս Գ.» կարգի «Մեծ խաչ»-ի շքանշան ստանալուն առթիւ: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Մենենտեզ մեծապէս արժանի էր այդ շքանշանին` Կիպրոսի հարցին մէջ կղզիի միութեան եւ թրքական բռնագրաւումի մերժման վրայ հիմնուած իր սկզբունքային կեցուածքին համար: Հայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութիւնը Քու Կողքիդ Է,  Լիբանանի՛ Հայութիւն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Քու Կողքիդ Է, Լիբանանի՛ Հայութիւն»

(Հատուած` Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամէն) Կիրակի, 5 սեպտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հակիրճ կերպով անդրադառնալով Հայաստանի ու Լիբանանի ներկայ տագնապալից կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն: Իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Յայտարարեց  Կաթողիկոսութեան Մեծագումար Մասնակցութիւնը  Լիբանանահայութեան Վերականգնման 5 Ծրագիրներու

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Յայտարարեց Կաթողիկոսութեան Մեծագումար Մասնակցութիւնը Լիբանանահայութեան Վերականգնման 5 Ծրագիրներու

1 Միլիոն Տոլար Կարիքաւոր Ընտանիքներուն 4 Միլիոն Տոլար Բնակարանային Ծրագիրի Մասնակցութիւնը 4 Միլիոն Տոլարի Ֆանարի Յարկաբաժիններու Պարտքի Չեղեալ Համարում Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հանգանակութեան Ձեռնարկում Ազգային Վարժարաններու Աջակցութեան Ծրագիրի Մշակում Հայ ազգին ճակատագրակից հայ եկեղեցին մեր կեանքին էական կռուանն է, որուն կ՛ապաւինինք ո՛չ միայն հոգեւոր սնունդ ստանալու, այլ նաեւ, ի հարկին, շրջանցելու կենցաղային մարտահրաւէրներ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, իր առաջնորդական տարիներէն...

Լիբանան-Քորէա Յարաբերութեանց  40-Ամեակին Առիթով.  Յ. Բագրատունի. «Երկու Երկիրները Ժառանգած Են  Դարաւոր Քաղաքակրթական Աւանդ Եւ Ժողովուրդները  Քաջ Կ՛արժեւորեն Ազատութեան, Կրթութեան  Եւ Քաղաքակրթութեան Արժանիքները»

Լիբանան-Քորէա Յարաբերութեանց 40-Ամեակին Առիթով. Յ. Բագրատունի. «Երկու Երկիրները Ժառանգած Են Դարաւոր Քաղաքակրթական Աւանդ Եւ Ժողովուրդները Քաջ Կ՛արժեւորեն Ազատութեան, Կրթութեան Եւ Քաղաքակրթութեան Արժանիքները»

Լիբանանի եւ Քորէայի միջեւ բարեկամական յարաբերութեանց 40-ամեակին առիթով «Քորէական հանդիսութիւն» խորագրեալ զբօսաշրջային եւ մշակութային յատուկ փառատօնին բացումը կատարուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 3 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ներկայութեամբ Քորէայի դեսպան Եունկ Տէյ Քոոնի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալ հիւրերու, ներկայացուցիչներու եւ շրջանի բնակչութեան:...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ հոկտեմբեր 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ Արցախի բարեկամներու խորհրդաժողովին մասնակցած լիբանանցի հանրածանօթ մտաւորականներ` թրքագէտ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Լէյլա Նիքոլա եւ մտաւորական ու հաղորդավար Ղասսան Շամի 2 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակը շնորհաւորելով հրապարակեցին հետեւեալ գրութիւնները. Դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին «Արցախի ճակատագիրն է Կովկասի մէջ, Անատոլուի մէջ եւ աշխարհի վրայ հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան...

Ներկայութեամբ Լեռնալիբանանի  Նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուիի.  Մանկական Շարժական Փոքր Խաղավայրի  Բացում Պուրճ Համուտի Մէջ

Ներկայութեամբ Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Մոհամետ Մաքքաուիի. Մանկական Շարժական Փոքր Խաղավայրի Բացում Պուրճ Համուտի Մէջ

Ներկայութեամբ Լեռնալիբանանի նահանգապետ դատաւոր Մոհամետ Մաքքաուիի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի ու խուռներամ բազմութեան, չորեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2021-ի յետմիջօրէին Պուրճ Համուտի մէջ բացումը կատարուեցաւ մանկական շարժական փոքր խաղավայրի մը: Նախ եւ առաջ խօսք առաւ խաղավայրը հիմնած` «Նասսանտ» միութեան նախագահ Կիտա Նաուամ, պարզելով իր գլխաւորած միութեան ճիգերը, յատկապէս` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք: Նոյն ծիրին մէջ  Պէյրութի շտապ օգնութեան պատուիրակութեան յառաջատար...

«Պէտք Է Այնպէս Աշխատիլ, Որ Հասարակութիւնը Արեւմտահայ Թատրոնի Անհրաժեշտութիւնը Զգայ»  Կ՛ըսէ Փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան

«Պէտք Է Այնպէս Աշխատիլ, Որ Հասարակութիւնը Արեւմտահայ Թատրոնի Անհրաժեշտութիւնը Զգայ» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան

«Ազդակ»-ի առցանց 34-րդ լսարանին դասախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան, որ զեկուցեց «Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային քաղաքականութիւնը` այսօր» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ հաստատեց, որ կարելի չէ ամբողջ մշակոյթին եւ անոր առնչուած քաղաքականութեան մասին խօսիլ,  որովհետեւ շատ լայնածիր է նիւթը եւ աւելի քան բարդ է լիակատար մշակութային հարցերու...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միաբանական Հաւաք` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միաբանական Հաւաք` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Չորեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ միաբանական հաւաք տեղի ունեցաւ` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պօղոս առաքեալի` կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին 13-րդ գլխուն 5-7 համարները ու Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական նամակի երկրորդ գլխուն 14-17 համարները մէջբերելով` կաթողիկոսը շեշտեց հաւատքին ու հաւատարմութեան առանցքային կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ եւ զանոնք կեանքի վերածելու հրամայականը: «Այս երկու տարածքները մարդու կեանքին սերտօրէն...

Վեհափառ Հայրապետին Ներկայութեան  Հանդիպում` Լիբանանի Եւ Հիւսիսային Ամերիկայի  Արեւելեան Ու Արեւմտեան Թեմերու  Առաջնորդներուն Միջեւ

Վեհափառ Հայրապետին Ներկայութեան Հանդիպում` Լիբանանի Եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Ու Արեւմտեան Թեմերու Առաջնորդներուն Միջեւ

Երէկ` երեքշաբթի, 31 օգոստոս 2021-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներկայութեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի միջեւ: Յիշեալ հանդիպումին նպատակն էր Լիբանանի թեմին կատարուելիք օժանդակութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց ահաւոր դժուարութիւններու մէջ...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  Դեսպանատան Յայտարարութիւնը`  Անձնագիրներու Տրամադրման Առնչութեամբ

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Յայտարարութիւնը` Անձնագիրներու Տրամադրման Առնչութեամբ

Յայտնում ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացու անձնագրերի տպագրութեան գործընթացում Հայաստանի Հանրապետութիւնում յառաջացել են թեքնիք խնդիրներ: Վերոնշեալ խնդրի կարգաւորման համար տարւում են համապատասխան աշխատանքներ: Հայցում ենք քաղաքացիների ներողամտութիւնը անձնագրերի տրամադրման ժամկէտների յետաձգման համար:

Page 131 of 365 1 … 130 131 132 … 365

Արխիւներ