Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածամօր Վերափոխման Տօնը Եւ Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը Նշուեցան Համանուն Վանքի Համալիրին Մէջ

August 17, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ չենք կրնար մեր աղաչական հայեացքը երկինք չյառել` խնդրելու եւ աղերսելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը: Հաւատացեալ ուխտաւորը իր հայեացքը հաւատքով ուղղելով Աստուածամօր փրկարար դերին պիտի կարենայ դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր. իսկ հաւատքը մշտական վերանորոգման ընթացքի մէջ ըլլալով, եկեղեցին կը ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ իր հոգեպարար արարողութիւններուն եւ հոգեթով քարոզախօսութիւններուն ընդմէջէն:

Արդարեւ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնն ու Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրը նշուեցան շաբաթ, 14 օգոստոս 2021-ի երեկոյեան` Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իսկ պատարագի «Կոմիտասեան» արական երգեցողութիւնը կատարեցին «Շնորհալի» երգչախումբի անդամները` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետը, շրջապատուած եպիսկոպոսներով ու միաբան հայրերով, բարձրացաւ Ս. խորան, ուր կատարեց խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք ուղղեց իր հայրապետական պատգամը:

Նախ եւ առաջ, ներկայ տագնապներուն մէջ ժողովուրդին հոգեկան ապրումներուն թարգմանը ըլլալով` վեհափառ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած` փառք ու գոհութիւն տալով Անոր. «Փառք Քեզ, Աստուած, փառք Քեզ. յաղագս ամենայնի, Տէր, փառք Քեզ»: Մեր եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած այս փունջ մը պարզ, բայց խորիմաստ բառերը հարազատ կերպով կ՛արտայայտեն քրիստոնէական հաւատքին էութիւնն ու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ մարդուն կեանքը պարգեւ է Արարիչին կողմէ, հետեւաբար, պէտք է մարդը այս գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ ապրի ու գործէ:

Անդրադառնալով մարդուն մեղանչումին` վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ Աստուած մարդը օժտեց երկնային շնորհներով եւ տուաւ իշխանութիւն, սակայն մարդը անտեսելով իր շնորհքին աստուածատուր ըլլալը, իշխանութիւնը վերածեց բացարձակ հեղինակութեան, անտեսեց համարատուութիւնը ու վերածուեցաւ չարիքի աղբիւրի: Ան ընդգծեց, որ այն, ինչ որ կը կատարուի ու կը տեսնենք այսօր` մարդուն մեղքի եւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած պատասխանատուութեան նկատմամբ անպատասխանատու վերաբերմունքին հետեւանքն է, ուստի վեհափառ հայրապետը հարց տուաւ, թէ արդեօք մարդը կ՛անդրադառնա՞յ, որ Աստուած ո՛չ միայն կեանք եւ օրհնութիւններ շնորհած է մարդուն, այլեւ Իր գործակիցը դարձուցած է զայն, տուած է ազատութիւն` ո՛չ միայն կառավարելու ինքզինք, այլ նաեւ` ամբողջ տիեզերքը: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ մարդ արարած կառավարումը պէտք է կատարէ բարձրագոյն գիտակցութեամբ, քանի որ ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ կենցաղին մէջ կը բացակայի Աստուած. իսկ հոն, ուր բացակայ է Աստուած, անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ, կը տիրէ մեղք, չարիք, ապականութիւն եւ անիշխանութիւն:

Վերջապէս, վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ պէտք է ընդմիշտ փառք եւ գոհութիւն տալ Աստուծոյ, մանաւանդ երբ շրջապատուած ենք տագնապներով, որովհետեւ միայն Աստուած է ճանապարհը, փրկութիւնն ու յաւիտենականութիւնը:

Նշենք, որ նկատի առնելով Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային ու տնտեսական ծանր պայմանները, այս տարի մատաղ (հերիսա) չպատրաստուեցաւ, այլ միայն խաղողի օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ, իսկ ուխտաւորները, փոխան մատաղցու ոչխարի, իրենց ուխտի ընծաները կատարեցին բարեսիրական ու մարդասիրական հաստատութիւններու:

Նախորդը

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Ժիպէյլի Հայկական Թաղամասը Խափանարարութեան Ենթարկուեցաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.