Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Դեկտեմբեր 31, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լոյս Տեսաւ Մեծն Սուրբ Մակարի
«
Հոգեւոր Քարոզներ» Հատորը 

Հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի հրատարակութեամբ, լոյս կը տեսնէ Մեծն Սուրբ Մակարի «Հոգեւոր քարոզներ»-ը` թարգմանութեամբ Մակար եպս. Աշգարեանի եւ մեկենասութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին:

Շուրջ 350 էջերէ բաղկացած հատորը կը պարունակէ ճգնաւորական շարժումի հիմնադիր եւ Դ. դարու ընդհանուր քրիստոնէական կեանքի պատմութեան հոգեւոր աստղերէն Մեծն Մակարի խորհրդածութիւնները, որոնք, բովանդակութեան իմաստով, պարզ քարոզախօսական գրութիւններ չեն, այլ կը շօշափեն զանազան թեմաներ, ինչպէս` իմաստասիրական, հոգեբանական, աստուածաշնչական, վարքաբանական, այլաբանական, խորհրդաբանական, ընկերաբարոյական, խրատաբանական եւ դաստիարակչական:

Հատորին ճամբով ընթերցողը ոչ միայն կը սորվի սուրբին ունեցած կարողութիւններուն եւ իմաստութեան մասին, այլեւ կը ստանայ կեանքի զանազան փորձութիւնները դիմագրաւելու գաղտնիքը:

Հատորը ստանալու համար դիմեցէք կաթողիկոսարանի գրատուն եւ կամ առցանց` այցելելով www.ciliciabookstore.com:

Առաջին Սարկաւագին Ու Մարտիրոսին` Ս. Ստեփանոսի Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

«Մենք Կոչուած Ենք Ս. Ստեփանոսի Անմնացորդ Ու Նուիրեալ
Ծառայութիւնը Կենսագործելու Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ»
Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի եւ նախավկայի առաքելութիւնը իր յատուկ դրոշմը ունի Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ուստի եկեղեցւոյ տօնացոյցը 25 դեկտեմբերը նուիրուած է անոր յիշատակութեան` իբրեւ անշարժ տօն, որ հանդիսաւորապէս կը նշուի բոլոր հայ եկեղեցիներէն ներս:

Առ այդ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կիրակի, 26 դեկտեմբեր 2021-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Կոմիտաս արք. Օհանեան պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց` վկայակոչելով Ս. Ստեփանոսի կեանքը եւ խրատելով սարկաւագները` հետեւելու սուրբին օրինակին, ի մասնաւորի` Քրիստոսի հանդէպ անոր անսահման սիրոյն եւ նուիրումին: Սրբազանը ըսաւ, որ նախասարկաւագին սաղաւարտը հաւատքի փրկութեան նշանն է եւ, ուրեմն, սարկաւագները պարտին օրինակ առնել սուրբին մէջէն ճառագայթող ճշմարտութենէն, սէրէն եւ անվախութենէն:

Պատարագէն ետք հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` դպրեվանքի սարկաւագներուն պատրաստութեամբ: Անոնք «Ստեփանոս, քաղցրիկ տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեցին դահլիճ: Աւետարանական ընթերցումէն, երգեցողութենէն եւ աղօթասացութենէն ետք Շանթ սրկ. Գատէհճեան սարկաւագներուն անունով ուղերձ մը կարդաց: Ան ըսաւ, որ սարկաւագին էական դերը կը մնայ խոնարհ ծառայութիւնը: Այս առիթով եղբայրական կոչ ուղղեց հայ երիտասարդութեան` գալու եւ խտացնելու շարքերը դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն ու քալելու այն հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ճանապարհէն, ուրկէ մեր հայրերը քալած են դարեր շարունակ եւ միանալու Քրիստոսի հսկայական բանակին` թրծուած Ս. Ստեփանոսի ոգիով:

Հուսկ, Արամ Ա. կաթողիկոս հաւատացեալ բազմութեան ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Նորին սրբութիւնը յայտնեց, որ մարդկային պատմութեան մէջ ոմանք կը դառնան հոմանիշ ու խորհրդանիշ` վեհ արժէքներու, երկնային ճշմարտութիւններու եւ յաւիտենական իտէալներու: Այսպէս էր պարագան Ս. Ստեփանոսի, որ իբրեւ սարկաւագ` ապրեցաւ, գործեց ու նահատակուեցաւ` մնալով ծառայութեան խորհրդանիշ թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ մարդկային կեանքին մէջ: Հայրապետը վերյիշեցուց, որ եկեղեցին ինքզինք կ՛իրագործէ Աստուծոյ խօսքին եւ գործին վկան դառնալով: Ան նշեց, որ վկայութիւնն ու ծառայութիւնը զիրար կ՛ամբղջացնեն ու կը հարստացնեն. ուրեմն ա՛յս պէտք է ըլլայ հոգեւոր մշակի մը կոչումը: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ, որ այնպէս, ինչպէս սովորական ծառայութիւն չէր Ս. Ստեփանոսի ծառայութիւնը, նոյնպէս ալ մեր եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներուն ծառայութիւնը պէտք չէ սովորական ծառայութեան սահմաններուն մէջ մնայ: Հայրապետը դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ ճամբէն բխող եւ ժողովուրդին գացող ծառայութիւնը պէտք է դառնայ քրիստոսակեդրոն, ընդգծելով, որ հոգեւորականի ծառայութեան մղումը պէտք է ըլլայ Քրիստոսի սէրը` ըլլալով անանձնական: Այս օրերուն մանաւանդ մեր ժողովուրդը ամէն տեղ կարիքը ունի մեր ծառայութեան: Սքեմը չէ, որ հոգեւորականը հոգեւորական կը դարձնէ, այլ` այդ սքեմին ետին կանգնող այն կոչումը, որ ինքզինք կ՛արտայայտէ ծառայութեամբ եւ վկայութեամբ, ընդգծեց հայրապետը:

Իր խօսքի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց սարկաւագներուն` ի տես անոնց ծառայասիրութեան եւ խօսքը ուղղելով անոնց` յորդորեց անանձնական եւ նուիրեալ ծառայութեամբ Ս. Ստեփանոսը ապրեցնելու իրենց եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ան յանձնարարեց, որ ժողովուրդը եկեղեցի տանելու կողքին, անոնք նաեւ եկեղեցին ժողովուրդին տանին, ինչպէս որ Քրիստոս Ինք գնաց ժողովուրդին` ինքզինք նոյնացնելով ժողովուրդին տառապանքին հետ: Նորին սրբութիւնը խօսքը աւարտեց աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած, որ Ս. Ստեփանոսի ծառայական սիրոյ ոգիով ու հաւատքով լեցնէ անոնց կեանքը, միտքն ու հոգին:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը, որմէ ետք հայրապետը իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ սարկաւագներուն:

Վեհափառը Միացաւ Փոքրիկներու «Նարեկացի»
Երգչախումբի Ամանորեայ Հաւաքին

Շաբաթ, 25 դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբին փոքրիկները Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տօնախմբեցին Նոր տարուան տօնը:

Հաւաքի ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս անակնկալ կերպով միացաւ փոքրիկներուն եւ իր հայրական գուրգուրանքով ու հոգատարութեամբ բաժնեկից դարձաւ անոնց ուրախութեան:

Աւանդական կարկանդակի հատումէն ետք, «Նարեկացի» երգչախումբին անունով փոքրիկներէն երկու անդամ` քոյր-եղբայր, վեհափառ հայրապետին նուիրեցին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին նմանակը:

Նոր տարուան եւ մեր Փրկիչին Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով կաթողիկոսը իր հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց փոքրիկներուն ու անոնց ընտանիքներուն:

 

 

 

Նախորդը

Կարելի՞ Է Երջանիկ Կեանք Մը Ապրիլ

Յաջորդը

Քաղաքական Աշխարհը «Ճիշդ Կարդալու» Հմտութիւնը

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?