Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Տարուան Եւ Սուրբ Ծնունդի Համազգայինի Ձեռնարկներ

January 11, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամանորեայ ու Ս. Ծնունդի խորհուրդը փոխանցելու, Համազգայինի աշխատանքները ներկայացնելու եւ մշակութասէր հանրութեան բարձրորակ կատարումներ ու մերօրեայ դժուար պայմաններուն լոյսին տակ հոգեկան բերկրանքի պահեր պարգեւելու նպատակով Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, Գեղարուեստի դպրոցներու միաւորներն ու մասնագիտացած մասնաճիւղերը նոր տարուան սեմին նախաձեռնեցին եւ մասնակցեցան զանազան աշխատանքներու:

Երկուշաբթի, 20 դեկտեմբերին «Թելէ Լիպան» կայանի «Ահլա սապահ» յայտագիրին հիւրերն էին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Լիզա Պասթաճեանը եւ «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի օգնական-բեմադրիչ Սիլվա Սողոմոնեանը: Անոնք ներկայացուցին Համազգայինի եւ անոր հովանիին տակ գործող կառոյցներու ծրագիրներն ու գործունէութիւնը` շեշտը դնելով մշակոյթի տարածման եւ դասաւանդման կարեւորութեան վրայ:

Երեքշաբթի, 4 յունուարին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի «Քըլ եոմ պի եոմու» յայտագիրէն Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Կարէն Եուսուլքանեանը եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի թեքնիք յանձախումբի անդամ Գէորգ Քէշիշեանը արաբերէնով հարցազրոյց մը ունենալով` ներկայացուցին Համազգայինի աշխատանքները եւ յատուկ անդրադարձ կատարեցին  «Գուսան» երգչախումբին մասնակցութեան` նոր տարուան ու Սուրբ Ծնունդի առիթով կազմակերպուած լիբանանեան տարբեր փառատօներուն:

Չորեքշաբթի, 5 յունուարին Ս. Ծնունդի առիթով տեղի ունեցաւ յատուկ հարցազրոյց` «Էմ. Թի. Վի. Էլայվ» պատկերասփիւռի յայտագիրէն` Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեանին հետ, որ Համազգայինի պատմականին մասին ակնարկ կատարելէ ետք մանրամասնօրէն խօսեցաւ Գեղարուեստի դպրոցի եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու աշխատանքներուն մասին: Ան մշակոյթի պահպանման եւ կրօնական աւանդութիւններու շարունակման կարեւորութիւնը շեշտելով` անդրարդարձաւ նոր սերունդի ներգրաւման ու սան որդեգրելու ծրագիրին մասին:

Շարունակելով հարցազրոյցները տեղական պատկերասփիւռի յայտագիրներու ընդմէջէն, հինգշաբթի, 6 յունուարին Ս. Ծննդեան խորհուրդով «Էմ. Թի. Վի. Էլայվ» յայտագիրին հիւրը եղաւ Շրջանային վարչութեան անդամ Կարէն Եուսուլքանեանը: Ան անդրադարձաւ «Գուսան» երգչախումբի Ս. Ծննդեան երկու տեսերիզներուն. զոյգ օրօրոցայիններ` մէկը Արցախի աւանդութենէն, միւսը` Յիսուս մանկան Զարեհ արք. Ազնաւորեանի գործերէն: Ան նաեւ խօսեցաւ աւանդական դարձած աւետման օրուան կատարումներուն մասին:  Նոյն օրը «Մարիամ Թի. Վի.»-էն Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամ Պենիթա Պոյաճեանը եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի տնօրէն- խորհուրդի ատենապետ Թալին Մոսիկեանը ներկայացուցին Համազգայինի առաքելութիւնը, խօսեցան «Գայանէ» պալէի դպրոցի եւ «Քնար» պարախումբի աշխատանքներուն մասին եւ շեշտեցին մշակոյթի եւ հայկական աւանդութիւններու պահպանման կարեւորութեան:

Գեղարուեստի միաւորներն ու մասնագիտացած մասնաճիւղերը նաեւ կատարեցին հետեւեալ աշխատանքները.

«Գուսան» երգչախումբը իր եզակի մասնակցութիւնը ունեցաւ 6 դեկտեմբերին «Պէյրութ չենց», 29 դեկտեմբերին Ֆիլոքալիա մշակութային կազմակերպութեան եւ Պաթրունի միջազգային փառատօներուն: Աւետման օրը տուները այցելելով` կատարումներ ունեցաւ: Երգչախումբին իգական խումբը մեղեդիներու տեսերիզ մը պատրաստեց` նուիրուած  Ս. Ծնունդի ու Արցախի մանուկներուն:

Համագայինի «Կարկաչ» երգչախումբը տօնական երգերով 26 դեկտեմբերին ելոյթ ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ` 4 յունուարին ծնողներու նուիրուած յատուկ ելոյթին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ: Ան նաեւ ֆլաշմոպ կատարեց «Արին» կեդրոնին դիմաց:

Համագայինի «Գայանէ» երգչախումբը «Սփինիզ»-ի 3 մասնաճիւղերու մէջ ֆլեշմոպ կատարեց 5 յունուարին, ինչպէս նաեւ ֆլեշմոպ` «Արին» կեդրոնին դիմաց, «Ժերուզալեմա» պարով:

Տհոլի խումբը մասնակցեցաւ Լէյլաւանի տօնածառի լուսաւորման հանդիսութեան եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կազմակերպուած ամանորի ձեռնարկին:

Արեգ մանկապատենական թատրոնի դպրոցը «Օփըն հաուս» մենախօսութեան ծրագիրը ունեցաւ, ուր անոնք փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները:

Հինգշաբթի, 6 յունուար 2022-ի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուեցաւ «Գուսան» երգչախումբը ելոյթը, «Էլ. Պի. Սի.» կայանէն  «Քնար» պարախումբի ելոյթը իսկ, «Թելէ Լիպան» կայանէն Գեղարուեստի դպրոցներու պալէի դպրոցի «The Nutcracker» հանդիսութեան տեսերիզը:

Լոյս տեսաւ ու հանրութեան տրամադրութեան տակ եղաւ Համազգայինի 2022-ի սեղանի օրացոյցը նոր տեսքով:

«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան Կաղանդի քարտեր պատրաստեց եւ իւրաքանչիւր աշակերտ ծնողքին յանձնեց:

Հայերէնի դասաւանդութեան «Կարօտ» դպրոցը ձեռային աշխատանք պատրաստեց:

Վերոնշեալ աշխատանքները Համազգայինի ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ տեղադրուած են:

Հակառակ «Քորոնա» ժահրին պատճառած սահմանափակումներուն, Համազգայինը Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի շունչը փոխանցեց հայ ընտանիքին: Իր Գեղարուեստի դպրոցներու միաւորներուն եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերուն ներքոյ ան 2022-ին պիտի շարունակէ իր մշակութային առաքելութիւնը ու հանրութեան հրամցնէ տարբեր տեսակի կատարումներ:

Առողջ եւ բարեբեր նոր տարուան մը լաւագոյն մաղթանքներով`

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Մեռելներէն Կենդանեաց Այց

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Իր Մահկանացուն Կնքած Է Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
«Փարոս» Արհեստական Բանականութեան Ուսուցման Կեդրոնի Բացումը` Նուիրուած Մինաս Պուտագեանի Յիշատակին
Գաղութային

«Փարոս» Արհեստական Բանականութեան Ուսուցման Կեդրոնի Բացումը` Նուիրուած Մինաս Պուտագեանի Յիշատակին

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.